Քեսապի հետ, արտակարգ են անցեալի մէջ յատուկ տեղ մը ամրագրուած, մանկապատանեկան յիշատակներս: Զորս, կը կարծեմ թէ կ’արժէ գրանցել առ յաւէտ՝ ուրիշներու համար:
* * *
Առաջին էական յիշատակս, հետեւեալն է:
Երբ Հայրս իմ այժմու տարիքիս կէսէն պակաս էր, մինչ իր այդ տարիքին համեմատ՝ հսկայական, ճապպառային գործերու մէջ կը գտնուէր, պահ մը «փախչելու» համար իր ընթացիկ, ազգային-եկեղեցական-քաղաքական-իրաւաբանական բիւրաւոր եւ այլազան խնդիրներէն, «գլուխը կ’առնէր եւ կ’երթար», տեղ մը: Մէկ գիշեր, առաւելագոյնը երկու գիշեր: Շունչ մը առնելու համար: Յետոյ, կազդուրուած, ետ կը վերադառնար ու կը նետուէր իր անվերջանալի աշխատանքներուն, պարտականութիւններուն մէջ:
Եթէ այդպէս չընէր, հիմա որ իր այդ տարիքին երկու անգամն եմ, համոզուած եմ որ ան պիտի մեռնէր, իմ այս տարիքէն շա՜տ առաջ:
Մինչ, որպէս հայկական Իսքէնտէրունի Քարափին մէկ ժայռը, որ մանուկ տարիքին այդտեղէն հարկադրաբար պոկուած, գլորուած ու հասած էր՝ Լիբանան, ապա իր ծերութեան նաւահանգիստը գտաւ՝ Գանատայի մէջ, ես ինչպէ՞ս զիս բաղդատեմ՝ իրեն…
Ինք, իր փոքր տարիքին՝ ամէն բան կորսնցուցած, բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակն էր: Ոչինչէն սկսաւ, ոչինչով սկսաւ: Եւ իր ձեռնարկած բոլոր գործերուն մէջ, հասաւ՝ պատուաւոր բարձունքներու:
Ես, ի ծնէ ու անկէ ետք տեւաբար, ունեցայ իր օժանդակութիւնը: Կեանքիս բոլոր հանգրուաններուն, ինք իմ կողքիս էր, իմ թիկունքիս, եւ միշտ ու մշտապէս ինծի օգնեց, որպէսզի՝ տեղ հասնիմ: Մարդ ըլլամ:
Եւ դեռ մինչեւ հիմա իսկ, ինք տակաւին ինծի կ’օգնէ: Իր մահէն երեք տարիներ անց:
* * *
Վերոնշեալ, իր այդ կենսական «փախուստներուն» առիթով, մինակը չէր երթար: Ընդհանրապէս՝ իր յատուկ էմմօղլույին, ընկերոջ մը կամ ընկերներու հետ, կամ իր երկու թազիներուն հետ, որսի կ’երթար:
Սակայն այդ անգամ, միայն զիս առաւ ու իր հետը տարաւ: Հաւանաբար որպէսզի Մամաս ալ շունչ մը քաշէ, մինչ եղբայրս դեռ շատ փոքր երեխայ մըն էր [այժմ ողբացեալ քոյրս, իր այդ տարիքներուն, երբեք չէր յոգնեցուցած իրեն…] :
Ինչ որ է նէ: Ուրեմն մեր Զո’ա’-Էլ-Պլաթի, ՀՄԸՄի արեւմտեան Պէյրութի ակումբին կից՝ «Մխիթարեաններու շէնք»ի հինգերորդ յարկաբաժինէն, Պապաս, յանկարծ, զիս առաւ միայն, եւ փոքր պայուսակ մը: Երկուքն ալ բռնեց ու նետեց՝ մեր կապոյտ Տոճ Քորոնէթ 440ին ետեւի նստարանին վրայ, եւ եալլա՛, գացինք Քեսապ:
* * *
Այցելուներու համար, շնորհալի եղանակը չէր: Ցուրտ եւ ամայի էր ամէն կողմ: Երեւի ատիկա է որ կ’ուզէր, որուն կարիքը ունէր այդ պահուն, Պապաս:
Քանզի ուղղակի Քեսապի մէջ իսկ չիջեւանեցանք, ուր համեմատաբար քիչ մը աւելի շատ մարդիկ կրնայիր տեսնել, այդ ուշ աշնանային եղանակին:
Բայց Հայրս ուզեց «ապաստանիլ»՝ Էքիզ Օլուխ (Զոյգ-Աղբիւր) : Քեսապի երկու զառիվերներէն մէկ հատին վերեւի, մօտակայ գիւղակը:
Ուր, մինչեւ հիմա չեմ գիտեր թէ ո՞ւր էր արդեօք, այդ երկրորդ օլուխը… Քեսապի բազմաթիւ խորհուրդներէն մէկն ալ, այդ էր: Երեւի գաղտնի աղբիւր մըն էր, որուն տեղը միայն բնիկները գիտէին…
Բայց մէկ աղբիւրը՝ բացայայտ եւ յայտնի տեղ մըն էր: Գիւղակի մուտքին: Որպէս ծորակ մը – հհէնէֆիյյէ – : Որմէ կը հոսէր սակայն աշխարհի ամենահամեղ, միշտ պաղ ջուրը, մաքուր լեռներու խորքերէն հոսող:
Մեր պանդոկը, Զոյգ Աղբիւրի այդ միայնակ աղբիւրին շատ մօտն էր: Գրեթէ ուղղակի վերեւը:
Ուրիշ բան չեմ յիշեր այդ կարճ, առաջին այցելութենէս՝ Քեսապ:
Պապաս Պէյրութէն իր այդ, մէկ օրուայ փախուստը կատարեց, հիմնականօրէն՝ քնանալու համար:
Եւ ուրեմն, մշիկ-մշիկ քնացաւ: Երկար:
Մինչ ես – հազիւ հինգ տարեկան պէտք է որ ըլլայի – ամայի պանդոկի մեր սենեակին պատուհանին առջեւ կանգնած, մերթ ընդ մերթ՝ խոնաւութիւնը սրբելով ապակիին վրայէն, կը դիտէի՝ Քեսապի մշուշը: Որ՝ Էքիզ Օլուխ հայկական գիւղակին մեր բարձունքէն դէպի վար կ’իջնէր, ու այդտեղ կը կուտակուէր, Կիլիկիոյ ծայրամասը հանդիսացող՝ Հայոց այդ ինքնատիպ, Մայր Գիւղին վրայ:
* * *
Ասանկ շարունակեմն է, ուալլա, անճարցիները պիտի նեղուին ինձմէ:
Որ՝ է՛հ, ան չէ եա, օրթախ, ինչո՞ւ Անճարի մասին ասանկ բաներ չես պատմեր կոր: Վայ քաղաքի եապանճօ՛, քեզի:
Արդարեւ, մինչդեռ – լա՜յն առումով… – միեւնոյն Լեռան, ՄուսաՏաղի լանջերէն սերած են, հաւասարապէս ծուռ, թերս ու կարծրագլուխ, այս իւրայատուկ հայերը, սակայն լռելեայն մրցակցութիւն մը ունին իրարու միջեւ: Որուն պատճառները, խոր արմատները, միայն Աստուած գիտէ: Վստահաբար այլեւս չեն գիտեր իսկ, ոչ իսկ, իրե՛նք: Սոյն Լեռէն – ֆրանսական նաւերու օգնութեամբ – ճողոպրած, մի քանի սերունդ ետք, շատ բաներ կը դառնան խորհրդաւոր, առեղծուածային:
Ի դէպ, վերոյիշեալ ռազմական նաւերը անշուշտ աւելի լաւ կ’ընէին եթէ բարեհաճէին միջամտել, վերապրողներու այդ աղէտալի տարհանումին նախորդող 40 օրերու ընթացքին, որեւէ օր… բայց ի՞նչ կը սպասես, ֆրանսացիներէն… իրենց զինուորները, վտանգուած հայերը լքելով, գիշերուայ մէջ գաղտնագողի փախան գացին… մեր ամբո՛ղջ Կիլիկիան յանձնեցին թուրքերուն…. լէ սալօփաղ ! ամուլ աքլորներ…)
Դարձեալ յստակացնեմ՝ Հայութեան նշեալ երկու – գունագեղ – հատուածներուն որեւէ մէկուն նկատմամբ, ես մասնաւոր հիացմունք մը չունիմ: Ոչ որեւէ հակակրանք, ոչ յատուկ համակրանք:
Սեփական անցեալի այդ հեռաւոր պահերը եթէ այսքան լաւ կը յիշեմ, շնորհիւ Քեսապին չէ: Այլ, որովհետեւ կը համապատասխանեն կեանքի յատուկ, բացառիկ հանգրուանի մը:
Երբ որ դեռ երեխայ էի: Երբ որ Լիբանանի պատերազմը չէր սկսած, եւ ուրեմն մեր ընտանիքը դեռ շեմին էր միայն՝ իր յաջորդող, երկար ու բարդ թափառականութեան:
Երբ որ քոյրս, Պապաս եւ Մամաս, ողջ էին…
* * *
Ուրեմն, Էքիզ Օլուխին ամայի, խոնարհ պանդոկին այդ շատ համեստ սենեակին մէջ, հայրս՝ կողքին վրայ պառկած, ափերը միացած՝ երեսին տակը, մինչեւ ծնոտը քաշած վերմակին մէջ պլլուած, Մորֆեյոսին գիրկն էր: Le repos du guerrier…
Ես ալ, ֆանելայէ ծաղկազարդ փիժամայիս վրայէն՝ Մամայիս հիւսած, բուրդէ հաստ բաճկոնը հագուած, պաղ պատուհանին առջեւ կանգնած, դուրսի մշուշոտ ամայութիւնը կը դիտէի: Լեռնային բացարձակ լռութեան մէջ:
Այդքան հանգիստ, խաղաղ եւ ապահով պահեր չեմ ունեցած, կեանքիս մէջ:
Եւ դեռ այդպէս, մինչ Պապաս քնացա՛ծ էր:
Ալ երեւակայեցէք՝ երբ որ իր հետն էի եւ ինք արթուն էր:
* * *
Քեսապի վերաբերեալ յուշերուս առաջին բաժինը նախապէս արձանագրած եմ, այստեղ:
Բայց, դեհ լաւ.. հոս քիչ մըն ալ շարունակեմ…
Առաջ որ «մոռացումը [առնէ] ինձմէ ամէն բան»… (Մինչդեռ այդ խօսքերուն հեղինակը, իր թրթռուն ապրումներու հաշիշով օծուն Մեծարենցը, արդէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն 22 տարեկանին… )
Ուրեմն, Պէյրութ-Քեսապ-Կիպրոս-Պէյրութ-Գանատա-Պէյրութ-Գանատա, մեր ընտանեկան ոդիսականին նշեալ երկրորդ հանգրուանին, վարձեցինք տուն մը, Քեսապի մէջ:
Փայլուն Վահանենց տունին առջեւ անցնող հողէ ճամբուն ամենածայրը: (Յիշեալ անձնաւորութիւնը, երբեմն, կը կանգնէր՝ այդ ճամբուն եզերքը գտնուող իր տան տանիքին վրայ, եւ երկար ժամանակ կը մնար հոն: Լրիւ անշարժ: Քարացած: Եւ կը դիտէր հեռուները – Կիլիկիայի մօտակայ տարածքնե՞րը արդեօք – : Ես ու եղբայրս ալ, պահուըտած, կը դիտէինք իրեն… որոշ երկիւղածութեամբ մը, թերեւս նոյնիսկ վախով… )
Սոյն ըսֆինքսատիպ Փայլունի զոքանչին տունին անմիջապէս կից բնակարան մըն էր, մի քանի ամիսներու մեր այդ տունը: Քեսապի վերեւի լեռան փէշին վրայ, գրեթէ ստորոտը: Որմէ վեր, այն ժամանակ, որեւէ բնակչութիւն կամ կառոյց չկար:
Մեր այդ տունէն ետք ալ ուրիշ տուն չկար, այդ ճամբուն վրայ: Այլ կային արահետներ, որոնք կը տանէին դէպի վար: Դէպի բուրաւէտ փուռը, Քեսապի «կեդրոն»ը տանող զառիվարին վերեւը: Քիչ մը աւելի վար՝ Փայլուն Վահանին հոյակապ խանութն էր:
Այդ փուռին մէջ, աշխարհի լաւագոյն հացը կ’եփէին: Պայմանաւ որ՝ զայն նոյն օրը ուտես, համտեսես… Յաջորդ առտուն իսկ, քիւֆոտած կ’ըլլար արդէն: Քանի որ բացարձակապէս բնական էր:
Մամաս՝ զիս ու եղբայրս կ’ուղարկէր, Քեսապի այդ փուռէն նոր ելած, տակաւին տախտակէ կրակին տաքութեամբ բառացիօրէն ուռած – կողքերէն ծխացող – աննման խըպըզը կ’առնէինք, փլասթիքէ տոպրակներու մէջ որ կը թոյլնային, հազիւ կը դիմանային տաքութեան, եւ վազելով կը վերադառնայինք տուն: Ձեռքերնիս այրոտելով – ինչպէս նաեւ անշուշտ մեր բերանները եւ նոյնիսկ կոկորդները, քանզի հացի ռապթային մէկ մասը արդէն կերած, առանց ծամելու կուլ տուած կ’ըլլայինք, մինչեւ որ հասնինք տուն – :
* * *
Նախ, համով-բուրմունքով բանի մասին գրեցի:
Սակայն ուրիշ յատկանշական, իմաստալից դրուագ մըն ալ կայ…
Մեր վարձած այդ բնակարանին միակ խնդիրը այն էր որ՝ արաբական պէտքարան մը ունէր միայն:
Թէկուզ քիչ մը նեղ, սակայն շատ բա՜րձր առաստաղով, վերեւի պատուհաններով լուսաւորուած, հանգիստ պէտքարան մըն էր:
Բայց իշտէ, մեզի համար – ոչ Պապայիս – միակ խնդիրը այն էր որ՝ նստարան չկար:
Հնարամիտ Բաբազս՝ խնդիրը արագօրէն լուծեց:
Խսիրէ նստարանով աթոռ մը առաւ, նստարանը հանեց, եւ… հանգի՜ստ: Մէյ մը որ բազմիս, դուրս ելլել չես ուզեր (գիրք կարդալու լաւագոյն տեղն է արդէն, վստահաբար շատերու համար, մինչեւ օրս…) :
Պապաս նաեւ այդ աթոռին ոտքերը սղոցեց, կարճեցուց: Որպէս… լաւ նշան առնենք: Մարդը որսո՛րդ էր, ակամ:
Իսկ եթէ հետերնիս գիրք չէինք տարած, երբեմն ուրիշ ձեւով կարելի էր ժամանակ անցընել այդ բարձր պատերով, լուսաւոր պէտքարանին մէջ:
Անձրեւէն ետք, պատերուն ճեղքերէն, առանց պատեանի խխունջներ, լիմասներ, դուրս կու գային: Դանդաղ, հանդարտ, նոյնիսկ գեղեցիկ արարածներ: Դեղին եւ փայլուն, երկար, շարժուն անթէններով – որոնք անմիջապէս կը կարճընային, կը կծկուէին, հազիւ որ մատդ մօտեցնես իրենց, առաջ իսկ որ դպչիս – :
Անձայն եւ խոնարհ, իրենք իրենց գործին խառնուող, անվնաս արարածներ: Սողո՞ւն, հա… բայց պարզապէս` Աստուծոյ որոշումով… երանի թէ սողուն մարդիկն ալ այդ երկնային արդարացումը ունենան…
Տեղացի ընկեր մըն ալ, մեզի սորվեցուց «զբաղուիլ»` այդ նուրբ ու սիրուն անասնիկներուն հետ:
Ինչպէ՞ս: Վրանին՝ աղ թափելով…
Որուն հետեւանքը այն էր որ, անասելի տառապանքներու մէջ, այդ մերկ, պատեանազուրկ խխունջները կը սկսէին սոսկալի կերպով փրփրիլ, գալարուիլ, մինչեւ որ քակուին պատէն եւ իյնան գետին, ուր վերջ կը գտնէր իրենց երկարատեւ հոգեվարքը:
Խոհանոցէն աղամանը կ’առնէինք, պէտքարան երթալէ առաջ, որպէսզի այդ «խաղ»ով զուարճանանք…
Լա Ֆօնթէն-ը, իր գրիչին տակ անսպասելի ակնարկութեամբ մը, իր առակներէն մէկում մէջ, գրած է որ երեխաները՝ անգութ են: «Cet âge est sans pitié»… (մերսի ուսուցման համար՝ Ճեմարանի աննման, անփոխարինելի Մատամ) :
* * *
Քեսապի մեր այդ տունին ճիշդ առջեւը՝ աղբիւր մը կար:
Պապաս առտուն, փիժամայով եւ փապուճներով, այդտեղ կը կատարէր իր առաւօտեան ablution-նները:
Իսկ անմիջապէս դիմացը, քիչ մը վար՝ գոմ մը կար:
Այդտեղ է որ ես ու եղբայրս (մանաւանդ էն վախտ՝ լուսահոգի Ցոլինէն իր մտաւորական աշխարհին մէջ էր մշտապէս. երաժշտութիւն, երգեր, թերթեր, գիրքեր…), ուրեմն, ես եւ Վաչէն, դիրք կը բռնէինք, որպէսզի դիտենք թէ ինչպէս կովը կը կթեն:
Դաստիարակչական բան մըն էր:
Սկիզբը, ուալլա, ես իրապէս մտահոգ էի կովուն համար… Շատ վայրագ կը համարէի այդ անամօթխած գործողութիւնը:
Խխունջները, լաւ… աննշան սողուններ էին… բայց ասիկա մեծ, ծանր անասուն մըն էր, ինչո՞ւ զայն ենթարկել այդ ահաւոր խոշտանգումին:
Առաջին անգամները սիրտս կը տրոփէր, երբ որ գիւղացին կը մօտենար, սաթըլը բռնած… Պատրաստուած էի՝ միջամտելո՛ւ, որպէսզի խեղճ կովը պաշտպանեմ: Բայց շատ պզտիկ էի, եւ ուրեմն սրտատրոփ, կը մնայի՝ ես ինծի, իմ մտահոգութիւններուս, անկարող քաջութեանս, նուաստացուցիչ անզօրութեանս հետ:
Սակայն կովն է, որ զիս մխիթարեց: Ինծի բան սորվեցուց:
Արդարեւ, սկիզբնէ մինչեւ վերջ, գործողութեան ընթացքին, կովը, ինք, շա՜տ հանդարտ էր:
Գլուխը մեղմօրէն կը շարժէր, աչքերուն եւ քիթին մօտեցող, խոնաւութիւն փնտռող ճանճերը հեռացնելու համար:
Ատենը մէկ ալ՝ պոչը կը շարժէր, նրբութեամբ: Իր… միւս ծայրը թիրախաւորող ճանճերն ալ վռնտելու համար:
Մինչ՝ ֆըս, ֆըս, ֆըս, կաթը կը ժայթքէր թիթեղէ դոյլին մէջ, կովը, իր այդ անհոգ, հեզ ու հանգիստ վերաբերմունքով, կարծես թէ զգացած էր իմ յուզումներս, եւ կ’ուզէր զիս հանդարտեցնել: Որ՝ ուալլա յի հըմմակ, ակամ… դուն հէլէ քեզմո՛վ մտահոգուիր, եւ քու մարդկային սիրելիներովդ…
Այն աստիճան որ, եա’անի, կովուն մնար նէ, զինք կթող տիկնոջ՝ այդ յոգնութիւնն ալ, կը խնայէր: Եթէ կարողանար, առանց կթուելու, իր կաթը կը շնորհէր մարդոց: «Պահեստը» խոշոր էր, որքան որ ալ մեզի տար, բաւարար ունէր, կ’ապահովէր, իր հորթերուն համար:
Այդ օրերուն, կթուող կովուն վերաբերեալ տպաւորութիւններս, այդպէս էին:
Ընտանիքին հետ մուհաճիր երեխայի աչքերուս առջեւ, այդ կացութեան մէջ իր ցուցաբերած հանդարտութեամբ, հաշտութեամբ, կը թուէր թէ՝ կթուող անասունը աւելի… իմաստուն էր, քան թէ մարդիկ:
Սակայն յետոյ սովրեցայ, հասկցայ:
Եթէ շատ մեղքնաս, մեղքնալիք կը դառնաս:
Եւ ամէն պարագայի, այս աշխարհին մէջ, վստահաբար նախընտրելի է՝ կթողը ըլլալ, քան թէ կովը: Եւ սաթըլը լեցնե՜լ մինչեւ եզերքը, ու զայն տանիլ տնեցիներուդ, մինչ քարքռոտ ճամբուն վրայ, ամէն մէկ քայլիդ, դեռ տաք կաթէն մաս մը կը յորդի, գետինը կը թափուի:
Հայվան կովն ալ ինքն իրեն թող պահէ՝ իր այդ կարծեցեալ «իմաստութիւն»ը:
Ուրիշ ի՞նչ ճար ունի, որ:
* * *
Կը կարծէի չէ այս յօդուածով պիտի վերջնականապէս փակէի Քեսապի վերաբերող մանկութեան յուշերս:
Բայց որքան որ պեղեմ, գտածս թուղթին յանձնեմ, դեռ նոր բաներ դուրս կ’ելլեն կոր: Վերոյիշեալ լիմասներուն պէս, անձրեւէն ետք, ժամանակի մշուշներուն մէջ կորած, ընդմիշտ անյայտացած աշխարհի մը պատերուն ճեղքերէն…
Ուրեմն, դեռ շարունակելի:
Հայդուկ Շամլեան
07 Սեպտեմբեր 2025

. Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն »
. ԼիւնՏիւնՊէ
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ…




























