Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Անանուն Զոհին…

Երէկ, ԼՏՊական յատկապէս խղճալի, զավալլը անձ մը, որ հիմա ՀՀի իշխանաւոր մըն է, արտայայտեց այն միտքը, որ՝ պէտք է որ մենք հայերս Հայոց Ցեղասպանութեան մարտիրոսներուն անուն-մականունները հաւաքենք, մանրակրկիտ կերպով, եւ զանոնք պաշտօնապէս արձանագրենք::

Ասոր վրայ, եալլա՜… Վլվլուկ մըն է որ փրթաւ, նորէն:

Վա՜յ, այս ի՛նչ խօսք է… ասիկա ճիշդ թուրքերուն ուզածն է պէէէ, ասիկա կը նշանակէ՝ կասկածի ենթարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը՜, ceci cela :

* * *

Ի գին, անգամ մը եւս եւ արդէն ըստ սովորութեան՝ «վատ մարդ»ը հանդիսանալու, ձեզի յայտնեմ եւ բացատրեմ հետեւեալը:

Այդ փաշինյանիսթ արարածին՝ ԸՍԵԼ ՈՒԶԱ՛ԾԸ, ըստ խորքի եւ ըստ էութեան, համազօր չէ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կասկածի ենթարկելու: Նոյնիսկ, ընդհակառա՛կը:

* * *

Օղլում, ըսել ուզածը այն էր որ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը եւ յիշատակումը լաւապէս, աւելի ուժգին կերպով գրանցելու համար Աշխարհի Յաւերժական Յիշողութեան մէջ, եւ նաեւ առ ի յարգանք մեր մարտիրոսներուն, եկէք՝ աշխատինք, ջանք թափենք, եւ սոյն նահատակներուն տանք՝ անուն-մականուններ:

Այս բացատրութեան լոյսին տակ, հանդարտօրէն մտածենք այս մասին:

* * *

Ստիպուած չենք մէկ ու կէս միլիոն անուն-մականուններ գրանցել:

Բայց մինչեւ այսօր, մէկ ու կէս… հազա՛ր հատին անունները, դուք տեղ մը տեսա՞ծ էք: Պաշտօնապէս գրանցուած:

Այսինքն, ուրեմն ի՞նչ… մէկ ու կէս հազազ զոհե՞ր իսկ չկան, մեր Ցեղասպանութեան վերաբերեալ !?

Հաւաքենք ինչ որ կրնանք: Ինչ որ հնարաւոր է, նկատի առնելով այն պայմանները որոնց մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը, 1895էն մինչեւ 1920 ժամանակամիջոցին:

Յետոյ բացատրենք եւ հիմնաւորենք թէ ինչո՞ւ անհնար է բոլորին անուն-մականունները գտնելը: ( Ի դէպ, այս ուղղութեամբ գոնէ, լուրջ, մասնագիտական աշխատանք մը տարած է՝ Raymond Kevorkian-ը: )

* * *

Մէյ մըն ալ, մենք մեզի հարց տանք… մինչեւ հիմա, խի՞ այս նիւթով զբաղուող հայկական կազմակերպութիւնները չեն ձեռնարկած այսպիսի տարրական աշխատանքի մը… թերեւս բաներ մը ըրած են, բայց կէս-կատար… կէս ձգելով աշխատանքը:

Կտարուած մասնակի աշխատանքին արդիւնքները իսկ, կորսուած են !!

Օրինակի համար, ութանասունական թուականներուն սկիզբները, Քանատայի մէջ, երկու ընկերներ ունիմ որոնք խլխլած օթօնին առած ճամբայ ելած են, ամբողջ երկրի տարածքին հանդիպելու համար Ցեղասպանութեան վերապրողները: Եւ իրենց camcorderով, VHS քասէթներու վրայ, արձանագրած են անոնց մանրամասն վկայութիւնները: Եւ ուրեմն ներառեալ անոնց աչքերուն առջեւ սպաննուած անձերուն, ընտանիքի անդամներուն անունները:

Հիմա ո՞ւր են այդ քասէթները, ակամ…

Հաաա…

* * *

Եւ ասիկա, Աւանդական Սփիւռքի՛ն գործն էր: Քանի որ այդտեղ էին ու կը մնան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու զանգուածային մեծամասնութեան ժառանգորդները…

Բայց, ո՞վ սիրտ ունի աշխատելու, պապամ… լուրջ եւ իսկական գործ կատարելու…

Երբ որ, կրնաս պարզապէս տարին մէկ օր տրամադրել այս նիւթին… Աղուոր ցոյցի մը մասնակցիլ, այդտեղ բաներ մը պոռպռալ, եւ գոհանալ որ դուն քու պարտականութիւնդ կատարեցիր…

Ամէն մէկս, մենք մեզի՛ համար, մեր տուներուն մէջ՝ ունի՞նք ցանկը մե՛ր ընտանիքին, մեր գերդաստանին այն անդամներուն, որոնք զոհուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:

Ուրեմն, անոնք չե՞ն զոհուած…

Մեր վերապրած ծնողները կամ մեծ-ծնողները, իրենց աչքերուն առջեւ, տեսած էին անոնց անասելի մարտիրոսութիւնը:

Գրի առա՞ծ ենք, անոնց՝ մեզի պատմածները…

* * *

Այստեղ, կէտ մը ալ նշեմ:

Օրինական, իրաւաբանական գետնի վրայ՝ Ցեղասպանութեան անժամանցելի ոճիրը, ԿԱՊ ՉՈՒՆԻ զոհերու թիւին հետ:

Պատերազմի մը ընթացքին, պետութիւն մը կրնայ երկրի մը բնակչութեան մէջ հարիւր հազարներով մարդոց – անզէն ժողովուրդի – մահը պատճառել, սակայն այդ թուաբանական տուեալը չէ, ինքնին, որ պիտի հաստատէ թէ կատարուածը Ցեղասպանութիւն է, կամ ոչ:

Մինչ, մի քանի հազար անձերու մահուան պարագային, կրնայ հաստատուիլ որ տեղի ունեցած է՝ Ցեղասպանութիւն:

* * *

Իսկական օրինակներ տամ:

Ճափոնի քաղաքներուն վրայ նետուած երկու հիւլէական ռումբերու զոհերուն թիւը, չհաստատեց որ ատիկա ցեղասպանութիւն էր:

Մինչ, նախկին Յուկոսլավիայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու կապակցութեամբ, Միջազգային Դատարանը քննարկած եւ հաստատած է որ տեղի ունեցածը՝ ցեղասպանութիւն էր:

Որպէս եզրակացութիւն դատավարութեան մը, ուր նկատի առնուած ընդհանուր զոհերուն թիւը՝ անստոյգ էր: Մինչ ուղղակի մեղադրեալին առնչութեամբ, որ դատապարտուեցաւ որպէս ցեղասպանութեան ոճիրի հեղինակ, նշուած զոհերուն թիւը… եօթը հազարի շուրջ էր:

«Պլյուս, մինուս», հա…

Ահա վճիռին պաշտօնական ամփոփումը:

* * *

Յամենայն դէպս…

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ կայ՝ Անանուն Զինուոր-ի կոթող մը: Իր Յաւերժական Բոցով:

Հայաստանի մէջ ալ կայ արդէն, 1965էն ի վեր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Անանուն Զոհին Բոցը:

Մնացեալը, ձեւով մը, աւելորդ հաշուապահութիւն է: Նաեւ անշուշտ, քաղաքականութիւն: Այս պարագային, այդ յղացքին ամենագարշելի առումով:

Նամանաւանդ այն հայերուն համար, որոնք իրենց ընտանեկան նախնիներուն մէջ ունին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներ, կորած ու անշիրիմ մարտիրոսներ:

Անձնական արիւնակիցներ, որոնք իրենց յորդառատ արիւնը թափած են – ուրեմն՝ մե՛ր արիւնը թափած են -, թուրքին եաթաղանին տակ:

Թէկուզ մենք իսկ մեր մօտ, թուղթի վրայ չենք գրանցած, մէկ առ մէկ, անոնց բոլորին անուն-մականունները:

Ալ ուր մնաց, երբ որ բիւրաւոր ընտանիքներ՝ լրիւ, ամբողջովին սպանդի ենթարկուեցան: Առանց ոեւէ վերապրողի:

Եւ որոնց անունները գրուած են միայն զիրենք բնաջնջած պետութեան թէական արխիւներուն մէջ:

Մինչ սոյն ցեղասպան պետութիւնը, անոնց գոյութիւնն է՝ որ կը ժխտէ…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

16 Ապրիլ 2024

Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ…

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք