Էլի ու դեռ շուարած հակայեղափոխականները

Թիւրիմացութիւն մը կայ:

Շուտով հինգ տարիներէ ի վեր, միեւնոյն հիմնական թիւրըմբռնումը:

Կան հայեր, որոնք դեռ կ’ընդվզին, կը նեղանան, տեսնելով Հայաստանի այժմու վարչակարգի ապօրինի արարքները, անօրէն ու անիրաւ վարքագիծը, հակաօրինական այլազան ու անընդհատ ոտնձգութիւնները:

Այդ հայերը ուրեմն, տակաւին չեն հասկցած տարրական իրականութիւնը: ( Նիւթով հետաքրքրուած օտարները, վստահաբար աւելի լաւ հասկցած են: Նամանաւանդ՝ Երեւանի «գունաւոր յեղափոխութիւն»ը երկար ժամանակ սերմանած, ցանած ու ջրած, ու հիմա իրենց ջանքերուն հալալ պտուղները հնձող ու վայելող, արեւմտեան կառավարութիւնները: )

* * *

Հայաստանի այժմու այս վարչակարգը – ու նրան ծառայողները – տակաւին յեղափոխական տրամաբանութեան մէջ են:

Փողոցում սկսած յեղափոխական գործընթացն է, որ կը շարունակեն:

Եւ ինչպէս որ ամենասկիզբը, շարունակում են Օրէնքներն ու Սահմանադրութիւնը գործածել, շահագործել՝ ըստ իրենց կամքին: Որպէս յեղափոխութեան «նուրբ» միջոց: Յեղափոխական թաւիշեայ գործիք:

* * *

Իսկ յեղափոխութիւնը ուրիշ բան չէ, քան՝ պետական յեղաշրջումի հմայիչ անուանումը, վիպապաշտ պատկերացումը:

«Օրինաւոր յեղափոխութիւն», oxymore մըն է:

Այժմու իշխանաւորները իրենց յեղափոխութիւնը սկսան Պետութեան դրսից, ապա զայն շարունակեցին ու դեռ շարունակում են՝ ներսից: Օրինականութեան տեւական ձեւակերպութիւններով: Զորս յատուկ ճիգ իսկ չեն կատարեր, մի քիչ ծածկելու համար:

Որովհետեւ ոչ միայն իրենց հոգը չէ՝ որեւէ օրինական շեղում, խախտում, այլ… ընդհակառակը: Դա իրենց համար հպարտութեան – իրաւացի – պատճառ է:

Ու հիմա այդպէս է, աւելի՛ քան երբեք: Քանզի տեղի ունեցած անասելի Աղէտէն ետք, քուէարկողները իրենց հնարաւորութիւնը ընծայեցին շարունակելու իրենց յեղափոխութիւնը:

* * *

Այս պատճառով է նաեւ որ շատ մը նախկին «իրաւապաշտպաններ», միանձնեայ սորոսական «ՀԿ»եր, ձայն-ձիւն չեն հանում, վարչակարգի նոյնիսկ ամենակոպիտ խախտումներուն նկատմամբ:

Նրանք էլ, գիտակցաբար, շարունակում են սատարել տակաւին ընթացիկ յեղափոխութիւնը: «Նպատակը կ’արդարացնէ միջոցները» ըմբռնողութեամբ:

Նոյն պատճառով է նաեւ որ, այս վարչակարգի համակիրներու մի մասը, ամէն բան յստակօրէն տեսնելով հանդերձ, տակաւին զօրակցում է նրան:

Այս դիտանկիւնէն, այժու իշխանաւորներուն մասին՝ «թողէք, թող հանգիստ աշխատեն» արտայայտութիւնը, բնաւ ծիծաղելի չէ, ծաղրելու, հեգնելու բան չէ: Շատ լուրջ հաստատում մըն է:

Քանզի իրօք, նրանք աշխատում են… Ու շատ լաւ են աշխատում…

* * *

Իսկ ամէն անգամ որ այս վարչակարգը՝ նախկին իշխանաւորների բարձրապաշտօն սպասաւոր մը դարձնում է, հիմա էլ իր կամակատարը, իր հլու-հնազանդ չըրախը, աշկերտը, դա իրենց համար ոչ թէ խայտառակութիւն է, ոչ թէ ամօթալի բան է, այլ ՝ յատկապէս հաճելի յաջողութիւն մըն է:

Trophy մըն է:

Յեղափոխութեան յաղթական աւար:

Ինչպէս որ՝ ռազմադաշտում թշնամիին հրասայլը կը գրաւես, ու դրանով իր դէմ կը կրակես…

Իսկ որքան խոշոր լինի՝ այդ որսը, այդքան աւելի յաջող, աւելի փառաւոր ձեռքբերում մըն է, իրենց համար: Իրենց պատէն կախելիք, աւելի տպաւորիչ մի որսի գլուխ:

Քոչարյանը՝ առիւծ կ’որսար: Ասոնք ալ կ’որսան՝ Մնացական Մարտիրոսյան:

Ամէն մարդ, իր ունեցած… ըհըմ… զէնքին չափով: (Չնայած, յիշեալ առիւծին որսացողին ալ… զէնքը, պարպուէր է: Դաժան բան է, տարիքը…)

Ուրեմն նախկինների մեծապատիւ շուները (օրինակի համար, իբրեւ թէ այդ «դատաւոր»-մատաւոռներ կոչեցեալները), մղելով որ՝ իրենց նախկին տէրերը հալածեն, խածնեն, արդարացի հաճոյք են ստանում, յաւերժապէս յեղափոխական այս իշխնաւորները:

Իսկ աւելի լուրջ խօսելու համար՝ կեղտոտ արարածը գործածում են՝ կեղտ մաքրելու նպատակով: Յաճախ, ինքն իր արտադրած կեղտը:

Իսկ իրենց յատուկ եւ իւրայատուկ կե՞ղտը… բացառեալ կերպով այս վարչակարգին արտադրած կե՞ղտը… բայց… արդէն կեղտ չի՛ համարուիր:

Յեղափոխութեան որեւէ արտադրանքը, չի կրնար երբեք աղտոտ հանդիսանալ:

* * *

Իսկ հիմա, այս ընդմիշտ յեղափոխական իշխանաւորները, արտաքին ճակատի վրայ իրենց ահաւոր ձախողութիւնը, լրիւ պարտութիւնը՝ կը ջանան compensate ընել, ներքին ճակատի վրայ:

Օրինակի համար՝ corruptionի դէմ կարգ մը միջոցներու ձեռնարկելով:

Այդ ալ անշուշտ՝ անյոյս, խղճալի պարտութեան դատապարտուած պատերազմ մըն է: Բայց այդ մէկն ալ, կը փորձեն:

Ուրիշ ի՞նչ անեն…

Վերընտրուեցա՛ն:

Ընթացքում, շնորհիւ որեւէ յեղափոխութեան բնորոշ՝ խորամանկ, ընտրովի, կամայական «արդարադատութեան», հակակոռուպցիոն միջոցառումներու ծիրին մէջ, առաջնահերթ կերպով կը հետապնդեն անշուշտ՝ իրենց ներքաղաքական հակառակորդները:

Որոնցմէ շատերն ալ յատկապէս խոցելի են, պէտք է ըսել, այդ գետնի վրայ…

* * *

Այնպէս որ, այսուհետեւ զայրանալը, ընդվզիլը, գայթակղիլը, այլեւս անիմաստ կեցուածքներ են:

Էական խնդիրը էր – այդ ալ, ի սկզբանէ – ու կը մնայ այն, որ բաւարար ուժ ունեցող դիմադրող չկայ, արդիւնաւէտ կերպով կարենալ պայքարելու համար այս դժոխածին վարչակարգի – ու նրա, վերեւ պարզուած, լրիւ սանձարձակ ընթացքին – դէմ:

Դեռ նոյնիսկ, ընդհակառակը…

Բոլոր ընդդիմադիրներն ալ, 2018ի գարունէն սկսեալ եւ ի վեր, «խաղում են այս խաղը»:

Գործօն կերպով մասնակցում են՝ լոկ ձեւական օրինականութեան, օրէնքի մակերեսային ձեւակերպութիւնների, այս աղէտալի զաւեշտին:

Ու այդպէսով, նրանք վաւերացնում են, կանոնաւոր եւ ընդունելի են դարձնում՝ վարչակարգի տեւական սայթաքումները, շեղումները, բոլոր ըրածներն ու չըրածները: Դեռ գալիք, ծրագրուած – եւ բացէ ի բաց յայտնուա՛ծ – Հայոց ազգային աւերումը…

Հայկական հողի վրայ, Հայ Ազգի անխնայ խորտակումի հանգի՜ստ շարունակութիւնը: Այն բացայայտ նախագիծին ընթացիկ ու դեռ յաջորդ, լրացուցիչ հանգրուանները:

Ժրաջան գործ մը, որու ամենադժուարին մասը, պրծաւ արդէն: Վսյո՛:

Եւ they got away with it…

* * *

«Առավոտ» թերթի այսօրուայ խմբագրականը, «Հանրային ծառայության մասին օրենքի 6-րդ հոդվածի 4-րդ» կը նշէ, կ’ափսոսայ որ վարչակարգին ծառայող պաշտօնեաներ, հանրային յայտարարութիւններով՝ իրենց նախկին տէրերը կը դրժեն եւ հաւատարմութեան ուխտի համազօր բաներ կ’արտայայտեն այժմու իշխանաւորների հանդէպ: Մինչդեռ, օրուայ իշխանութեան տիրացած՝ ՔՊ» ըսուածը, յաւերժական չէ:

Սակայն յեղափոխութեան հաւատացողին համար, յեղափոխութիւնը յաւերժական է:

Իսկ թէ որ, բացառապէս քաղաքական իմաստով՝ ՀՀ այժմու վարչակարգն ալ, յաւերժական չէ… հա, լաւ… դա ճիշդ է ասում, յարգելի խմբագիրը:

Օր մը չէ օր մը, հա, այս վարչակարգն ալ վերջ պիտի գտնէ…

Սակայն նրա իրագործումները, նրա կատարածի հետեւանքները, մնալու են յաւերժական: Արդէն իսկ այդ արդիւնքների մի էական մասը՝ անդառնալի է:

Մինչ, իրենք տակաւին գործի վրայ են…

Հանգիստ թողէք, թող աշխատեն:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

28 Փետրուար 2023

Յ.Գ. Այս նիւթը պարզաբանած էի, նախապէս, հետեւեալ յօդուածով՝ «Շուարած հակայեղափոխականները» ՝ https://haytougchamlian.blog/շուարած-հակայեղափոխականները/

յաւերժապէս՝ Մնացական… (նա իսկ չեղաւ՝ գնացական)

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Share this: