Զեփիւռի նման…

Լիբանանի Bois-de-Boulogne գիւղը (Պօլօնեա, pour les intimes), Սամահհա անունով ճաշարան մը կար:

Կիսաբացօդեայ տեղ մըն էր: Քարաշէն պատեր եւ առաստաղ չկար: Շուրջը, իրակու միացուած տախտակէ երկար ձօղեր կային, եւ տարածքը ծածկուած էր հարթի պէս բաներով մը:

Կողմերէն կարելի էր, շերտ առ շերտ, դուրսը տեսնել, իսկ վեր նայելով՝ երկինքը: Աւելի ճիշդ՝ աստղերը: Քանի որ այդ ճաշարանը – բացի կէսօրէ ետք պատահական Bal d’Enfantsի ձեռնարկներէ -, գիշերն է որ՝ կեանք կ’առնէր: Ուշ գիշերին:

Ճաշարին անմիջապէս կից, թաղամասի մը չափ՝ անտառ մը կար: Ցանցառ սակայն մեծաթիւ ծառերով: Բոլորը՝ սնոպարի ծառեր, համեմատաբար բարակ եւ երկարահասակ տեսակներէն. այնքան բարձր, որ անոնց վրայի սնոպարներուն չէին հասներ մեր երեխայական քարերը, ափսոս: (Երբ որ ձեռքերնիս անցնէին այդ խոշոր կաղնիները, անոնց ծառերուն չորցած ու թափած, գետինը թիզուած ասեղաձեւ տերեւները, ցախը, կը հաւաքէինք, վրան քիչ մըն ալ ճիւղեր կը տեղադրէինք, աղուոր խարոյկ մը կը վառէինք. բոցերուն մէջը որ նետէինք այդ կանաչ եւ գոց, ծանր մոմոչները, կրակը մարելէն ետք՝ սեւցած եւ լման բացուած կ’ըլլային. ձեռքերնիս քիչ մը այրելով, մէջէն հատիկները կը հանէինք, կեղեւները՝ քարի մը վրայ քարով մը կը կտրէինք, եւ տակաւին ծխացող, իւղոտ միջուկը կը ճաշակէինք… մատերնիս ալ հետը լզելով… միամմմմ… քոլ ու շքո՛ր: )

Այդ գիւղին մէջ երրորդ եւ վերջին տունը ուր ապրեցանք, ամառները, կը գնուէր այդ անտառին անմիջապէս վերեւը: Ուրեմն, Սամահհա ճաշարանին եւ մեր տան միջեւ, փողոց մը կար, ապա՝ այդ անտառը, իր սլացիկ ծառերով եւ անհասանելի սնոպարներով:

Շաբաթ գիշերները, այդ ճաշարանին մէջ կ’երգէր՝ Լեւոն Գաթրճեանը:

* * *

1970ական թուականներուն, բառացիօրէն բացառիկ արուեստագէտ մըն էր, Լեւոն Գաթրճեանը:

Իր երգերուն մեծ մասը, ուրիշ ոչ ոք կ’երգէր: Ձայնը, ոճը, երգելու ձեւը՝ անզուգական էին: Իսկ երաժշտութիւնը՝ զուտ էր, դասական ու հարազատ էր: Աւանդական գործիքներով նուագուած:

Կը մեկնաբանէր՝ ժողովրդային եւ աշուղական երգէր: Սակայն ինքն ալ աշուղ էր, կ’երգէր նաեւ իր գրած, յօրինած, որակաւոր եւ իմաստալից երգերը:

Ուրեմն, իր երգացանկը՝ քնարերգական էր, աշուղային եւ հայրենասիրական: Սակայն ոչ – ուղղակի – «յեղափոխական», ազգագրական: Ոչ ալ էստրատային:

Համայն Հայոց Աշխարհի մէջ՝ սիրուած, յարգուած, նշանաւոր եւ հռչակաւոր երգիչ մըն էր, Լեւոն Գաթրճեանը: Ներառեալ Սովետական Հայաստանի մէջ:

* * *

Եօթը կամ ութը տարեկան էի:

Ամէն շաբաթ գիշեր, երբ որ Լեւոն Գաթրճեանը պիտի երգէր Պօլոնեայի Սամահհա մասնակի-բացօդեայ ճաշարանին մէջ, մեր տունին պատշգամէն, խոշոր գունագեղ պալանս’ուարին վրայ օրօրուելով, մտիկ կ’ընէի իրեն: Մէկ անտառ անդիէն: Գոնէ առաջին երգերը, քանի որ յետոյ պէտք է որ քնանայի:

Օր մըն ալ, that’s it!, որոշեցի յատուկ գործութիւն մը ծրագրել, կազմակերպել եւ գործադրել:

Միջին չափի, սկզբնապէս ճերմակ սակայն ժամանակի ընթացքին անորոշ գոյն մը առած՝ քասէթօֆօն մը ունէինք: Ինչպէս որ ամէն տուներուն մէջ կար, այդ օրերուն:  Ծանր չէր: Կ’աշխատէր՝ պատին մէջ մտնող փրիզով, սակայն նաեւ՝ պաթարիաներով: Ուրեմն, փոխադրական էր:

Թէ՝ ռատիօյի ալիքները կը ստանար – վրան միացած, շարժուն, թելեսքոփային անթենայով մը  -, թէ՝ քասէթ կը նուագէր: Եւ մանաւանդ՝ քասէթ կ’արձանագրէր… (Հա-հաաա… հէ՛լլէ պէլլէշ ըլ ֆըլըըըմ… )

 * * *

Շաբաթ գիշեր մը, նոփփս-նոր պաթարիաներ դրի այդ գործիքին մէջը, դատարկ քասէթ մըն ալ (կամ ալ թերեւս լեցուն էր, սակայն կարելի էր եղածին վրայէն նոր բան աձանագրել, նախկինը ջնջելով, եթէ վերեւի անկիւններուն ծակերը բացուած չէին), եւ՝ մտայ անտառ: Թա-թա-թաաաա՜ (© Renaud ) :

Անշուշտ, բանակցելէ եւ թոյլատրութիւն ստանալէ ետք ծնողներէս:

Բայց արդէն չափացանց ապահով տեղ մըն էինք: Լաւ, ըսին, խնդացին: Միայն թէ, պաղ մի առնէր ըսին:

Մամաս, իր – մէկ հատը թեւին տակ բռնած – միլերովը հիւսած՝ լման անթեւ բուրդերէն մէկը անցուց վրաս. մինչդեռ շորթով էի… քանի որ մշտապէս վիրաւոր, կարմիր ներկուած ծունկերս, մերքիւրոքրոմով պատուած, պէտք է որ օդ առնէին, որպէսզի վէրքերս արագ չորնան… մինչեւ յաջորդ գետինները իյնալս, տապլտկիլս…: Պապաս գրպանիս մէջ, քլինէքսով փաթթուած, պանիրով ա’առուս մը դրաւ: Զիս ճամբեցին, եւ իրենք գացին քնացան:

Ու ես մտայ անտառ (հա, հա… կը կրկնեմ կոր… effectի համար…) :

* * *

Ժամը արդէն ուշ էր, բայց դեռ Գաթրճեանը բեմ չէր բարձրացած: Ուրեմն բացի Սամահհայի ամփոփուած աշխուժութենէն – մարդիկը, խմել ու խմելով, զինք կը սպասէին -, եւ հակառակ որ ճաշարանը գիւղի հրապարակին շատ մօտ էր, գիւղին մնացեալ ժումհուրը իրենց տուներուն – եւ խոր քունի – մէջ էին, բոլորը:

Մի քանի մեթր առաջանալէ ետք ամայութեան եւ մութին մէջ, բարձր ծառերուն փսփսուքային խշխշոցին տակ, ուալլա, սկսայ վախնալ:

Բայց իշտէ… Ինչպէս որ կ’ըսէ հնամեայ իմաստուն ասացուածքը՝ քասէթօֆօնով անտառ մտնելը մէկ ամօթ, վազզելով ետ դուրս ելլելը՝ երկու ամօթ

Ուրեմն, քաջաբար շարունակեցի առաքելութիւնս:

Ճաշարանին կողքին, կրցածիս չափ մօտը – եւ արդէն այդտեղի լոյսերը թեթեւցուցին վախերս -, ծառի մը կոճղին տակը, աղուոր տեղ մը գտայ, տեղաւորուեցայ: Ինչ կ’ըսեմ… Դի՛րք բռնեցի:

Ստուգեցի որ գործիքը կ’աշխատի կոր, որ չեմ մոռցած մէջը քասէթ դնել, եւ կռթնեցայ կոճղին, սպասելով՝ Գաթրճեանը:

Առաջին կէս ժամուան մէջ, կաթնահամ հալլումով ա’առուսը կլլած էի արդէն: Շերտուած վարունգ ալ կար մէջը, մերսի Պապաս:

Եւ, սկսայ թմրիլ:

* * *

Քուն մտած էի, երբ որ մարդը սրահ մտաւ:

Առիւծի պէս:

Բաղդատականը յատկապէս տեղին է, քանի որ ոչ միայն շատ աշխոյժ, եռանդուն, կեանքով լեցուն էր Լեւոն  Գաթրճեանը, այլ՝ գլխուն վերը ճաղատ ըլլալով, ետեւի մասը մազերը երկար կը ձգէր: Ուղղակի՝ փա՛շ:

Սակայն այդպիսի իւրայատուկ, անբաղդատելի, աննման ձայնով մռնչացող առիւծ, իրմէ զատ չէ եղած աշխարհին մէջ:

Հազիւ որ սկսաւ երգել, արդէն ձայնէն անմիջապէս արթնցայ, բայց ատրենալինն ալ զարկաւ, եւ ծառին տակէն մէկ շունչով ոտքի ցատկեցի:

Յուզուած երկու մատներովս կոխեցի քասեթօֆօնին զոյգ կոճակներուն վրայ, միաժամանակ՝ կարմիրը, եւ սեւ Playը: Վոլյումը մաքզիմում դրի, քանի որ այդ ձեւով, աւելի լաւ կը կատարուէր ձայնագրումը: Եւ սկսայ ուխախութենէս կեցած տեղս անդադար ցատկել, լման անտեսելով վիրաւոր ծունկերուս ցաւը:

Երգե՜ց, ու երգեց…

Լիբանանեան լեռնային գիշերը լեցուց, ողողեց, յղփացուց՝ Հայութեամբ:

Ծափահարեցին ու ծափահարեցին: Պոռացին, կանչեցին, պարեցին:

Մեր Սփիւռքի Ոսկեդարն էր: Անդունդի եզրին, ափսոս…

* * * 

Առաւօտեան ժամը երեքը անցաւ… Խանդավառութիւնս մարած էր: Այլեւս այնքան քուն ունէի, որ ժամերէ ի վեր ճաշարանին մէջ խմողներէն աւելի գինով վիճակի մէջ էի:

Առանց իսկ անդրադառնալու, մինչ դեռ քասեթօֆօնը կ’աշխատէր (90 վայրկեաննոց էր, եւ կէս ժամ դադարի ընթացքին դեռ արթուն էի, կեցուցած էի գործիքը, ապա ետ աշխատցուցած), ծառին տակը ինկայ, անթեւ բուրդիս մէջ կծկուեցայ, եւ քունի անցայ:

* * *

Սարսափելի աղմուկով մը ցնցուած, յանկարծ ետ արթնցայ:

Ճաշարանին մէջ, մինչ Գաթրճեանը՝ բեմէն իջած, պարելու տարածքին մէջ կը շարունակէր երգել, յունակաան սովորութեամբ, մարդիկ ծունկի եկած, սկսած էին գետինը պնակներ կոտրել:

Կամ ուղղակի գետինը կը նետէին, պնակ առ պնակ, կամ, աւելի ճիշդ աւանդութեամբ, տրցակ մը պնակներ՝ մէկ ափին մէջ, միւս ձեռքին մէջ մէկ պնակով մը, զայն շեղակի բռնած, աստիճանաբար կը կոտրտէին սոյն տրցակը: Ճաշարանը, ուղղակի այդ նպատակին համար, իրարու վրայ շարուած պնակներ կը հայթայթէր, ուզողին… Լայն, հաստ, սպիտակ պնակներ…

Այդ օրը առաջին անգամն է որ, ճաշարանը շրջապատող իրարու կապուած ճիւղերուն մէջտեղի ճեղքերէն՝ կը տեսնէի, եւ այդ մութ անտառիս մէջ, միայնակ՝ կը լսէի, այսպիսի սոսկալի բան մը: Այդ պահուն չհասկցայ իսկ, թէ ինչ կը կատարուի:

Լալս եկաւ:

Սակայն հազիւ պիտի սկսէի հեծկլտալ, մէկէն, մութին մէջէն դուրս ելած առնական բազուկներ (Գաթրճեանը այդ երգն ալ շատ լաւ կ’երգէր…) զիս ամուր բռնեցին, գետնէն վեր հանեցին:

Պապաս էր:

Երեւի մէկ աչքը – եւ մէկ ականջը – փակ քնացած էր միայն: Որպէսզի ճիշդ ատենին գայ, ու զիս տանի տուն:

Փաթթուեցայ իր վիզին: Eau de Cologne 114ի քրտնախառն բուրմունքը դեռ հիմա կ’առնեմ: Հոգիի օքսիժէն:

Արդէն վախերս մոռցած, Պապայիս ապառաժեայ գիրկին մէջ, ես ալ նորէն առիւծ դարձայ:

Բայց լման արթննալը, անկարելի էր:

Կէս քունիս մէջէն, նկատեցի որ Պապաս մէկ ձեռքին մէջ քասեթօֆօնը բռնած էր: Անպայման ուզեցի որ ինծի՛ տայ: Տուաւ: Ես ալ զայն ամէն ուժովս, ամուր գրկեցի: Եւ չձգեցի որ զայն ձեռքէս առնէ Պապաս, նոյնիսկ երբ որ տաքուկ անկողինիս մէջ զիս տեղաւորեց, ու վրաս ծածկեց:

Գործիքը գրկած, խոր քունը մտայ:

Մինչ հեռուէն, դեռ կը լսուէր Գաթրճեանին ձայնը:

* * *

Այդ քասէթը պահած եմ, բայց չեմ գիտեր թէ ուր: Թերեւս նոյնիսկ Պապայիս տունն է:

Բայց ամէն պարագայի, արդէն հիմա՝ քասէթօֆօն չկայ:

Ոչ ալ Լեւոն Գաթրճեանը:

Ոչ ալ, Պապաս:

Հայդուկ Շամլեան

20 Օգոստոս 2022

..
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք 
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց 
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն 
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք