ՀՅԴ-ն հայ պիտի չսպաննէ Հայաստանի մէջ

Լաւ… [հառաչանք], քանի որ ամէն բան պէտք է բացատրել… Եալլա, ուրեմն…

ՀՅԴաշնակցութիւնը, արդէն երկար ժամանակներէ ի վեր, իր մարտական կարողականութիւնը կը գործածէ, միայն ու բացառապէս՝ արտաքին թշնամիներուն դէմ: Պատերազմի դաշտին վրայ:

Ուրեմն ՀՅԴ-ն, նամանաւանդ ու ամէն դէպքում՝ հայ պիտի չսպաննէ, Հայաստանի մէջ: Հայկական հողի վրայ:

Փետրուար 1921-էն ի վեր, այդպէս է… Չնայած, էն վախտ անգամ, ինք է որ լայնօրէն վնասով ելաւ, հա՞… Դեհ լաւ… Շնորհաւոր լինի, բոլշեվիկներին:

[Զուտ անձնական հանգամանքով գրութիւն մըն է, ասիկա… Հէրիֆի մը կողմէ, որ դուրս ելած է նիւթի – կամ խնդրոյ – առարկայ կուսակցութեան շարքերէն] :

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, պատմականօրէն, 1890-էն մինչեւ 25 Յուլիս 1922 թուականը, զինեալ գործունէութիւն ունեցած է, այո: Այդ է, իր նախնական էութիւնը:

Սակայն անկէ ետք, սոյն կուսակցութեան կը վերագրուին ինչ-որ մարտական արարքներ:

Այստեղ, օրինական թիւրիմացութիւն մը կայ:

Քանզի այդ վերագրումները, օրինապէս՝ ճիշդ չեն: Ժխտելի են:

25 Յուլիս 1922 ետք (լաւ, պապամ, Կուկըլ ըրէք…), օրինական գետնի վրայ, այո, ՀՅԴաշնակցութեան որոշ անդամներ՝ մարտական բաներ մը ըրած են. սակայն այդպէս ըրած են, լիովի՛ն ինքնալուխ կերպով: Որպէս անձնական նախաձեռնութիւն: Առանց որեւէ կապի եւ կապակցութեան, նիւթի – կամ խնդրոյ – առարկայ կուսակցութեան հետ: Անամօթ, անպիտաններ…

Կարճի կապենք…

Կը հասնինք 2018ի գարնան:

Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան իրադարձութիւններ: Որոնց պատճառով, կը կորսնցնենք Արցախը եւ բազմահազար կեանքեր. եւ այս պահին իսկ, թուրք ասկեարները ներխուժած են Հայաստան:

Իսկ ամիսներէ՜ ի վեր, կը լսենք ու կը լսենք, կը կարդանք՝ սա ո՞ւր է, եահօ, սա Դաշնակցութիւնը… Ի՞նչ կ’ընէ կոր, man ?!!

Սոսկալի տասնոցներու պատկերներ, ամէն կողմ: Թեհլիրեան-մեհլիրեան: ֆալան ֆըստըխան…

Մի քանի օր առաջ ալ դեռ՝ Լիզպոն-միզպօն:

Ուրեմն, եկէք ձեզի բան մը բացատրեմ:

Այժմու Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Դաշնակցութիւնը որոշած է որ, այդտեղ, նոյնիսկ երեւութապէս կամ ձեւականօրէն՝ այդ անունով այդ երկրին «պետական» որեւէ պաշտօնական ներկայացուցիչը, իր թիրախը չի կրնար հանդիսանալ: Թիրախ բառին մարտական – սակայն ՀՅԴի կապակցութեամբ, օրինապէս՝ սխալ, սուտ եւ անճիշդ – որեւէ վերագրումով:

Այս դիրքորոշումը գոյացաւ, այն պահին երբ, Երեւանի թրքաբարոյ վիլայէթի ցեղապետ՝ ԼիւնՏիւն Պէյը, ՀՅԴի գերագոյն ղեկավարը աքսորեց Հայաստանէն: ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին:

Եւ այդ դաշնակցական ղեկավարին որոշումն էր, այս:

Նոյն դաշնակ ղեկավարը, որուն վախտ, օրինապէս՝ սուտ, կեղծ եւ լիովին երեւակայական կերպով, ՀՅԴաշնակցութեան կը վերագրուի մարտական արարքներ՝ թուրք պետութեան դէմ:

Կրցաք հետեւիլ, չէ՞…

Այսինքն, նորէն, պատրանքներ չունիմ: Կը փափաքիմ միայն որ շարքայինները եւ հարազատ համակիրները հասկնան, այս բացատրութիւնս:

Եւ նաեւ, ըստ այնմ, մխիթարուին…

Աշխարհի Պատմութեան մէջ, ՀՅԴի ծրագրած, ստեղծած ու մէջտեղ բերած, ՀՅԴի հիմնած, հիմնադրած եւ իրականացուցած՝ Հայոց միմիակ Պետութեան որեւէ ներկայացուցիչը, չի կրնար դառնալ բառացիօրէն՝ թիրախ, ՀՅԴ-ի հետ կապ ունեցող ոեւէ անձի կողմէ: Որեւէ դաշնակի համար:

Մէկ քայլ ալ առնենք այստեղ (pun intended), եւ դեռ աւելի յստակ խօսինք՝

2018ի գարնան, ՍՍ/ՀՀԿ կոչեցեալները, տասը տարիներէ ի վեր՝ այս Հայաստանին իշխող վարչակարգն էին:  Իրենց ձեռքն էր՝ ամէն բան, եւ ի մասնաւորի, այդ ս**տիրիճի երկրին բոլոր «ուժայինները»: Նոյն հաստավիզ, փոթուխ, անասնական, գարշելի, կօրիլլանման անճոռնիութիւնները, որոնք այսօր պարբերաբար կը ծեծեն կոր Հայաստանի մէջ այդ անունին արժանի միա՛կ հայ երիտասարդութիւնը՝ մեր դաշնակ աննման երեխաները:

Չէ… ջութակները չէ…

Դաշնակները:

Այսինքն՝ ՀՀԿ-ն, իր իբրեւ թէ՝ ընտրութիւններով, ՀՅԴաշնակցութեան պիտի «շնորհէր» հազիւ փշրանքի շուքի նման իշխանութիւն նման մի բան, ինք իրեն պահելով մնացեալ ամէն բան: Սակայն, երբ որ հասնէր օրհասական պահը, պէտք է որ դաշնակնե՞րը կատարէին «հարկաւոր գործը»…

Օխ, այդ ինչ աղուոր բան է, եղեր…

Թէկուզ ե՛ս էի ամէն բան, իմ խմբակս, ըստ մեր երեւակայական ծրագրի բառերուն՝ Նժդեհին… մէջտեղի՛ սրունքէն իջած է. բայց, էհ, ջանըմ… մէկէն, անյարմար բան ստացուեց… «ես սխալ էի, Փաշինյանը ճիշդ էր»… ուրեմն, եալլա՝ Դաշնակցութի՛ւն, ձեր պօ՛յը տեսնեմ, հա՛…

Հապա՜…

Պետութեան պաշտպանութեան բոլոր ու բազմատեսակ միջոցները՝ լրիւ իր տրամադրութեան տակ, ոստիկանական շուներուն վզակապները՝ իր ձեռքին մէջ, դիմակաւոր կատղած օրանգուտանները՝ իր հրամանին տակ, ինք, Պարոնը… բան պիտի չընէ: Որպէսզի վատ պատկեր չունենայ՝ աշխարհի առջեւ: Որպէսզի վատ անուն չթողէ, Հայոց Պատմութեան մէջ: Բայց պէտք է որ Դաշնակցութիւնը ահաբեկչութիւն կատարէ Հայաստանի մէջ, հա՞…

Յեղափողական անունով եւ վաստակով կուսակցութիւնը՝ յեղափոխութիւն մը պիտի խեղդէ, իր անպաշտօն, մարտական ուժերով… Մինչ, օրուայ վարչակարգի տէրերը, հանգիստ նստած իրենց իւղոտ բազմակոռներուն վրայ, պիտի դիտեն… Նոյնիսկ հնարաւոր է որ, յետոյ ալ, կրնային դեռ դատապարտել Դաշնակցութիւնը, իր կատարած գործին համար…

Կարող է որ դաշնակցականները, յաճախ՝ խենթ ըլլան: Բայց զանոնք ապուշի տեղ պէտք չէ դնել: Նոյն բանը չէ:

Այս վերջին պատերազմին, ամնաառաջին վայրկեանէն սկսեալ, ռազմաճակատի ամէնաառաջին գիծին վրայ էր՝ ՀՅԴի գումարտակ մը:

Այս Հայաստանը բառացիօրէն ստեղծող, ՀՅԴ Կամաւորական Գունդերի՝ նորագոյն ժառանգորդը:

Տղաք մեռան այդտեղ, որոնց ոտնամատի եղունգին տակի աղտին շուքին արժէքը չունի ո՛չ մէկը՝ Հայաստանի մէջ: Կամ էլ, անոնք ալ՝ միայն հողին տակ եղողները… Եթէ նրանց բզկտուած աճիւնները գտնուեցան, անտառներուն մէջ…

Բայց ոչ մէկ դաշնակցական, որպէս դաշնակցական՝ Հայաստանի մէջ, ոեւէ հայանուն էակ պիտի չսպաննէ: Նամանաւանդ ոչ մէկը, որ որեւէ նոյնիսկ ձեւական հանգամանք ունի, որպէս այդ նոյնիսկ կարծեցեալ երկրին երեւակայական պետութեան երեւութային ներկայացուցիչը իսկ:

Մինչեւ այն ատեն որ դեռ «Հայաստան» անունով երկիր մը կայ, Կուսակցութիւնը իր մարտական ուժը, իր բազուկն ու զէնքերը պիտի գործածէ միայն ու բացառապէս՝ արտաքին թշնամիներուն դէմ:

Իսկ մնացեա՞լը…

Դէհ, մնացեալը, Անդրկովկասի այդ «յան» անունով բնիկներ, դուք այլեւս՝ գացէ՜ք, եւ իրարու հետ… ըհըմ… հասկցուեցէք, ըսենք:

Չէի՞ք կրնար անկախանալ, չանկախանայի՛ք:

Չէի՞ք կրնար Արցախը պահել՝ զայն չազատագրէի՛ք, ակամ:

Մենք միայն միացանք ձեզի, ձեր ուզածին: Եւ ըստ այնմ, մեռանք:

Բայց մենք արդէն առանց Հայաստանի ալ, գիտէինք մեռնիլ՝ Հայաստանի համար…

Մենք ոչ միայն ստեղծած ենք Հայաստանի դրօշակը, մեր սուրբ Եռագոյնը, այլ զայն պահած ու պահպանած ենք՝ երկու անգամէն աւելի երկար ժամանակ, քան թէ ոեւէ «հայաստանցի»: Եւ վստահաբար աւելի պատիւով, արժանապատւութեամբ, հարազատ գուրգուրանքով, նուիրումով եւ – ազգայի՛ն – հպարտութեամբ:

Հայաստանի խորհրդանի՞շը… Այդ ալ՝ արիւնի մէջ շաղեցինք, կրակի մէջ թրծեցինք, ու զայն պահեցինք ու պահպանեցինք նոյնպէս արիւնով, քրտինքով եւ կրակով՝ երկու-անգամ-երեսուն տարիներէ աւելի՛ երկար ժամանակ… բայց եկուր տես որ, քսանհինգ տարուայ մէջ միայն, հիմա արդէն այդ ալ իմաստազրկուեցաւ, վարկաբեկուեցաւ… զգետնուեցաւ… ոտնակոխուեցաւ… Առիւծն ու Արծիւը, ամօթից, գետնին տա՛կը մտան… իրենց տեղերը առին՝ ոչխարն ու հաւուկը…

Չէ, բնաւ կարիքը չունէինք այս յաւելեալ բեռին, այս դատարկ ու անիմաստ, զուր չարչարանքին:

Մենք առանց Հայաստանի, աւելի լաւ գիտէինք յարգն ու իմաստը՝ Հայաստանին:

Նախընտրելի էր պայքարիլ եւ մեռնիլ երազային Հայաստանի մը համար, քան թէ տառապիլ, հիւծիլ եւ էլի՛ մեռնիլ, իբրեւ թէ իսկական Հայաստանի մը մղձաւանջային իրականութեան պատճառով:

Սակայն մենք, այսուհանդերձ եւ ամէն պարագայի, կը մնանք մեր դիրքերուն վրայ:

Եւ մանաւանդ, մենք՝ զանոնք կը պահե՛նք:

Ընդմիշտ եւ յաւիտեան:

Հայդուկ Շամլեան

31 Յուլիս 2021 (Շուշիի ժամով)

Յ.Գ. Նոյն տեսանկիւնէն, 1995-ին…՝ Վահանը

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք 
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց 
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն 
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք