Թագաւորը մերկ է (բայց զինուորները նոր տարազներ ունին…)

Արցախի մարտական հրամանատար եւ Առաջին Նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան Երկրորդ Նախագահ, Ռոբերտ Քոչարյանի նախա-դատավարական բանտարկութիւնը երկարաձգուեցաւ, «Նոր Հայաստանի» մէջ:

Վահէ Գրիգորյան անունով իրաւաբան մը, որ մեծն մասնագէտ մը կը նկատուի, «Ազատութիւն» լրատուական գործակալութեան հարցազրոյց մը տուաւ, ուր կը ջանայ օրինական տեսանկիւնէն արդարացնել այդ բանտարկութիւնը:

Մի քանի ամիս առաջ, հեռախօսային խօսակցութեան մը արձանագրութիւնը հրապարակուեցաւ, հանրութեան յայտնուեցաւ: Անոր մէջ, ի միջի այլ գայթակղեցուցիչ բացայայտումներու, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պետը (որ ի դէպ, նաեւ երկրի ֆութպոլի կազպակերպութեան տնօրէնն է… ոչ, կատակ չէ, ափսոս…) եւ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան պետը, անուանապէս կը նշեն վերոնշեալ փորաձագէտը, հետեւեալ կերպով՝

ՀՔԾ-ի պետ Սասուն Խաչատրյան՝ « Ընկեր, որևէ խնդիր չկա, հիմա Վահեն ա գալու մոտս, Գրիգորյան:  Վահեն մի հատ լուրջ բան կգրի հեսա ընկեր ու ելույթ էլ կունենա, էդ սաղ հարցերին կպատասխանի ախպեր ջան:  Պռոստը իմ ելույթը ճիշտ չի, էլի »։

ԱԱԾ-ի պետ Վանեցյանը պատասխանում է. « Չէ, չէ, չէ, թող Վահեն խոսա որպես իրավաբան, որպես փաստաբան, որպես փորձագետ »:

Նոյն հեղինակաւոր անձինքը – նոյն հետաքրքրական ոճով -, իրենց այդ հրապարակուած խօսակցութեան մէջ կը ծրագրեն թէ ինչպէս, որմէկ դատաւորը – ան ալ փոքր անունովը նշուած – պէտք եղած ազդու թելադրանքը ստացած է, որպէսզի իրենց ուզած որոշումը արձակէ ու բանտարկէ Ռոբերտ Քոչարյանը, եւ այդ Վահէ Գրիգորյանն ալ պէտք եղած փորձագիտական կարծիքը պիտի հայթայթէ, որպէս հիմունք, այդ դատական որոշումի ձեւակերպութեան:  Ընդգծենք որ այս բացայայտումէն ետք, Վարչապետ Փաշինյանը իրենց այդ պաշտօններուն վրայ պահեց այդ երկու անձերը…

Այս ամէնէն վերջ, հակառակ այդ բոլոր հանրային բացայայտումներուն, ահա ուրեմն՝ այդ փորձագէտը կը յայտնուի RadioFree Europe-ի հայաստանեան մասնաճիւղի («Ազատություն») ալիքներուն ու կայքէջին վրայ, եւ կը ջանայ օրինապէս արդարացնել Քոչարյանի երկարատեւ բանտարկութիւնը, որեւէ ըստ էութեան դատավարութենէ առաջ:

Վերեւ պարզուած տուեալներու լոյսին տակ, աւելորդ է ըսել, օրինական տեսանկիւնից, անհեթեթութիւն են Պարոն Գրիգորյանի պարզած կարծիքները  (ստորագրեալի իրաւաբանական գործունէութեան տեւողութիւնը, այդ յարգելի փաստաբանի ասպարէզի ժամանակամիջոցին երկու անգամէն աւելի է) :

Տուեալ մեղադրանքի հիման վրայ,  առանց որեւէ դատավարութեան, առանց ոչ իսկ դատավարութեան թուական մը տակաւին ճշդուած լինի,  նկատի առնելով մեղադրանքի բնոյթը, նկատի առնելով մեղադրեալի կեցուածքն ու վարքագիծը հետապնդումից առաջ եւ անոր ընթացքին,  ո՛չ մի օրինական հիմք կամ արդարացում չկայ, Ռոբերտ Քոչարյանի կանխահաս ու երկարատեւ բանտարկութեան:

Եթէ յառաջիկային Մարդու Իրաւունքների Եւրոպական Դատարանը ասիկա չհաստատէ, պիտի ստիպուինք յիշել որ այդ Դատարանը իրաւունք տուած է Տոկու Փերինչէքին, ազատօրէն ժխտելու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, զայն կոչելով սուտ: 

Սակայն անցեալ շաբաթ արդէն, ՄԻԵԴ-ը «Նոր Հայաստան»ի դէմ իր առաջին վճիռը արձակեց արդէն, հեռուստատեսիլի տնօրէնի մը նոյնանման բանտարկութեան ընթացքին անոր մարդկային իրաւունքներու խախտումին համար, այդ ալ՝ բժշկական խնամքի կապակցութեամբ:

Ռոբերտ Քոչարյանի բանտարկութեան մղումները յստակօրէն քաղաքական են, եւ նոյնիսկ անձնական: Միտում կայ նաեւ զինք լռեցնելու, մինչ իբրեւ թէ, ընդհակառակն, իբրեւ թէ «Մարտ 1»ի վերաբերեալ բացայայտումներ կ’ուզէ կատարել վարչակարգը:

Այն ինչ կը վերաբերի RadioFree Europe-ի «Ազատություն» գործակալութեան, անոր՝արտաքին քաղաքական ուժերի ձեռքը լինելը, ոչ թէ դաւադրական տեսութիւն է, ոչ թէ ենթադրութիւն կամ վարկած է, այլ ուղղակի, ակնյայտ, բացայա՛յտ իրականութիւն է:  Այդ գործակալութեան եւ այդ քաղաքական ուժերի կողմէ բացէ ի բաց յայտնուած, հանրային տեղեկութիւն է:  Արդարեւ, RadioFree Europe-ի կայքէջը որ երթաք, About Usի տակ, սեւ-ճերմակի վրայ գրուած է՝ 

Our Mission, Journalism, and Editorial Independence

(…) RFE/RL is (…) funded by a grant from the U.S. Congress
through the…”

Այսպէս, սոյն գործակալութիւնը իր գոյութիւնը իսկ կը պարտի, ուղղակիօրէն,  ԱՄՆ-ի Պետութեան…

Աւելին, RFE/RLի հիմնական կապեր ունի CIA-ի հետ, եւ ուղղակի ռազմաքաղաքական գործիք է՝ https://pressroom.rferl.org/history

Իսկ Վահէ Գրիգորյանի կապակցութեամբ, – որ ուսանած է Անգլիոյ մէջ եւ կ’աշխատի Եւրոպական Խորհուրդի ծիրին մէջ -,  յիշենք որ նոր վարչակարգը ջանաց զինք տեղաւորել Սահմանադրական Դատարանին մէջ…

Վերոնշեալ հեռաձայնային զրոյցի հրապարակուած արձանագրութեան լոյսին տակ, այդպիսի նշանակում մը, օրուայ գործադիր իշխանաւորներուն համար միջոց մըն է դեռ աւելի իրենց կամքին տակ առնելու, իրենց ենթակայական, քաղաքական ու կամայական որոշումներուն յարմարեցնելու, իրենց քմահաճոյքին ենթարկելու՝ դատական իշխանութիւնը:

Այսինքն, եթէ – յատկապէս, Սփիւռքի մէջ – երազողներ կային որ, իշխանափոխութեան շնորհիւ, Օրէնքի Գերակայութիւնը այսուհետեւ պիտի ամրանայ Հայաստանի մէջ, Պետութեան Դատական Իշխանութիւնը «անկախ» պիտի դառնայ, եւայլն., փաստօրէն ճիշդ հակառա՛կ ուղղութեամբ է գնում ամէն բան, նաեւ եւ ոչ միայն այս ոլորտում:

Վերջապէս, ամենամտահոգիչը այն է թէ ժողովուրդի մի հատուածին հոգն ալ չէ այս ամէնը… Կամ անտարբեր են, կամ էլ աւելի վատ՝ գոհ են որ այսպէս են ընթանում իրադարձութիւնները, այսպէս է կատարւում «արդարադատութիւնը»… Դեռ աւելին են ուզում, նոյն փտած միջոցներով, լկտի մեթոտներով…

Այս մտածելակերպի հիման վրայ, ո՞նց կարող է Հայաստանի վիճակը բարելաւուիլ, նոր իշխանութեան նոր լուծին տակ:

Շատ ցաւալի, մութ ժամանակներ ենք ապրում:

Այս ամէնի պատճառով, բարձր է հաւանականութիւնը որ ահաւոր պատերազմ տեղի ունենայ: Այս անգամ ոչ միայն Արցախի լրիւ ռազմաճակատի վրայ, այլ միաժամանակ՝ Հայաստանի երկու կողմերէն սահմանագիծ Տաւուշի եւ Նախիջեւանի ճակատներէն եւս, համադրուած ու լայնածաւալ յարձակումներով: Եւ Ռուսաստանի կողմէ, նուազագոյնը, աւելի դանդաղ միջամտութեամբ…

Մինչ նախորդ անգամ, վերոնշեալ ճակատներից մի հատին վրայ միայն, չորս օրուայ մէջ, հարիւր-քսան զոհեր տուինք արդէն, եւ ունեցանք նաեւ հողային կորուստ:  Մեր երկու գլխատուած զինուորներու գլուխներու յանձնումը դեռ կը սպասեն ընտանիքները, զանոնք ալ թաղելու համար, մինչ վարչապետի կողակիցը խաղաղապաշտութիւն կը քարոզէ, բառացիօրէն յայտնելով թէ՝ երկու կողմերի զինուորները միեւնոյն զգացումները ունին:

Ի դէպ, ոմանք ուրախ են որ բանակում երեխէքը մի քիչ աւելի լաւ են ուտում, աւելի լաւ շորեր ունեն… Այդ ամէնը ի՞նչ արժէք ունի, եթէ իրենց այդ ուտելիքն ու շորերը տուող իշխանութիւնը իսկ, իր անփութութեան եւ անատակութեան պատճառով, այդ նոյն երեխաները պիտի տանի դէպի ռազմադաշտի ջարդ ու եղեռն…

Աւելի կուշտ ու լաւ հագուած որ լինեն մեր այդ տղերքը, աւելի ընդունելի՞ կը դառնայ որ, նուազագոյնը՝ քաղաքական ապուշութեան պատճառով, զինծառայութիւն իսկ չկատարած անձերի իշխանատենչութեան, փառասիրութեան որպէս գին, մեր ապագայի երաշխիք, մեր այդ ջահելները անիմաստօրէն կորսնցնեն իրենց կեանքերը… Նոր շորերի վրայ, աւելի սիրո՞ւն է արդեօք արիւնը… Երեւի այո, PR-ի տեսակէտից:

Խոր վիշտով,

Հայդուկ Շամլեան

20.01.2019

Յ.Գ. Այս յօդուածի խմբագրման թուականէն ետք տեղեկութիւններ տարածուեցան ըստ որոնց, ամէն պարագայի, զինուորներու ուտելիքը իսկական բարելաւում չէ կրած, եւ ուրեմն այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցած PR-ը իսկ լրիւ կեղծիքի վրայ հիմնուած է, աժան թատրոն է:

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք