. Վերնագրին երկրորդ բառը, վրիպակ չէ:
Ու կ’ակնարկէ այդ նշանաւոր «տնտեսական թռիչք»ին, որու մասին, ի սկզբանէ, խօսում էին Հայաստանի այժմու վարչակարգի դուխապանծ Պետն եւ իր փառապանծ շրջապատը:
. Ըստ իրենց՝ առեւտուրի ճանապարհները հենց որ բացուին, իրենց այդ նշանաւոր «տնտեսական թռիչք»ը, վե՛րջապէս, պիտի դառնայ իրականութիւն:
. Լաւ ուրեմն, եկէք վայրկեան մը փորձենք մտածել՝ նրանց գլուխով: Իրենց իւրայատուկ ղաֆայով:
Դժուար է անշուշտ, բայց փորձենք…
. Հիմակուց հիմա, խօսքը, Ադրբեջանի ճամբաներով՝ Ռուսաստան հասնիլն է:
Լաւ: Իսկ Հայաստանը, ճիշդ ի՞նչ պիտի ծախէ Ռուսաստանին…
Թող ըսեն, լսենք:
. Շուկայ ըսուածը՝ մրցում է: Եւ մենք չեն կրնար մրցիլ այդ գետնի վրայ – մանաւանդ որ խօսքը՝ տուեալ շուկայում արդէն հաստատուած ուրիշի մը տեղը առնելու մասին է, եւ ոչ թէ նոր շուկայի մը մէջ տեղադրուիլը:
Արդարեւ, Ռուսաստանի պարագային որեւէ ապրանքի վերաբերող շուկային մէջ, նոր «խաղացողի» մը համար՝ դատարկ տեղ, չկայ արդէն:
Մանաւանդ որ ՌԴ-ն, ինքնին եւ ինքն իրմով, արդէն ներքին սոսկալի արտադրութիւն ունի: Յատկապէս այս պատճառով է, որ նրա շատ էլ հոգը չեն Արեւմուտքի այդ անվերջանալի տնտեսական «պատիժները»:
Իսկ ամէն դէպքում, նոյնիսկ եթէ ճամբաները բացուին, դա չի նշանակում որ՝ Ադրբեջանը, եւ տարածաշրջանում քաղաքականօրէն իրեն աւելի մօտիկ հանրապետութիւնները, պիտի հեշտացնեն Հայաստանին գործը… Այլ անշուշտ՝ ընդհակառակը: Խօսքը այստեղ կը վերաբերի յատկապէս պետական նպաստների մասին, որ ամէն երկիր կը գործածէ, խթանելու համար իր արտաքին առեւտուրը, արտածումները, ի հեճուկս այլ երկիրներ:
. Բայց եկէք, դեռ աւելի հեռու գնանք:
Մոռանանք… ուրիշ ամէն բան, ու ենթադրենք որ Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ շրջափակումն ալ վերանայ:
Հայաստանը, ի՞նչ պիտի ծախէ՝ Թուրքիոյ…
Երբ որ, մինչեւ օրս, օրինակի համար, ներքնազգեստի մի քանի ֆիրմաներ կան Հայաստանի մէջ, բայց Հայաստանի մէջ իսկ, թրքական վարտիքները աւելի մատչելի ու բազմատեսակ են: Նաեւ, աւելի շողշողուն:
(Մի անգամ, մանկատան մը նուիրելու համար պիտի գնէինք այդ ապրանքէն, եւ այդ առիթով է որ առիթը ունեցանք անդրադառնալու այս տուեալներուն: Հագուստեղէնի սիրուն խանութի մը մէջ, ուր բոլոր տեսակի ապրանքները թրքական էին: Եւ անշուշտ, աւելի սուղ եւ նուազ զարդարուն թռուցիկներն է որ մենք գնեցինք – մթերքի խանութէ մը… պանիրներուն եւ երշիկներուն մէջտեղը շարուած, առանց տոպրակի… – ու նուիրեցինք որբ – կամ լքուած – երեխաներուն: )
Աւելի ամօթխած օրինակ մը տանք՝ շինանիւթ:
Մինչեւ օրս, ի՞նչը կ’արգիլէր որ Հայաստանը արտադրէր՝ գոնէ միայն իրեն համար հարկաւոր շինարարական գործիքներն ու պիտոյքները, գոնէ տարրական նիւթերը: Փոխանակ զանոնք գնելու, երկրին համար հսկայական չափերով՝ Ռուսաստանէն եւ… այո, կռահեցիք՝ Թուրքիայէն: Քանի որ վերջինիս այդ շրջափակումը, արդէն միշտ մէկ ուղղութեամբ եղաւ միայն:
Խերն անիծեմ, լոլիկը անգամ Թուրքիայէն կը բերեն: Իրե՛նց կերած լոլիկը… Այ՞դ ալ, այդքա՞նն ալ չէին կրնար բուծանել եւ արտադրել Հայաստանի մէջ… Քանի որ, թրքական շրջափակո՞ւմ կար…
Թուրքիան ի՞նչ չունի, կամ ի հարկին՝ չի կրնար ստանալ իր դրացի Եւրոպայէն, որ զայն գնէ Հայաստանէն… Եթէ նոյնիսկ այնքան կը սիրէ Հայաստանին, որ անպայման ուզէ իրմէ բան մը գնել… Այդ պարագային իսկ, իրեն համար աւելի պարզ է նուիրատւութիւն ընել Հայաստանին: (Տրամաբանաութիւն մը որ, ի դէպ, ի զօրու է յատկապէս՝ Հայաստանում առեւտրական գործ մը հիմնելու մասինն մտածող հայի մը պարագային – այսինքն, անձ մը որու մղումը հիմնուած կրնայ ըլլալ միայն ազգասիրութաեն վրայ -: Թող նա, իր ներառման համար նկատի առած դրամագլուախին երկու անգամը՝ նուէր տայ, երթայ այդտեղ ու փողոցը ձեռքով բաժնէ անցորդներուն: Փոխանակ այդ գումարով փորձէ այդտեղ լուրջ գործ մը հիմնել: Այդպէսով, գոնէ երբէք ակնկալութիւն չունենար դրամագլուխը իսկ փրկելու, եւ իր այդ դրամին այդպէս «բարով գնալ»ն ալ, նուազ ցաւագին ու վիրաւորական կը հանդիսանայ: )
. Թուրքիոյ վրայով, Հայաստանը՝ Երոպան պիտի ողողէ իր հոյակապ – թէկուզ, խորհրդաւոր… – ապրանքներո՞վ:
Հայաստանը ճիշդ ի՞նչ պիտի ծախէ՝ Եւրոպային, որ Թուրքիան արդէն չի հայթայթեր նրան: Անմրցելի պայմաններով:
Ամէն բան ու դեռ աւելին, Թուրքիանյ արդէն առատօրէն հայթայթում է Եւրոպային:
. Բայց նիւթը միայն այն չէ, որ Թուրքիան Եւրպային իր, Թուրքիոյ արտադրանքը կը ծախէ:
Այլ, բազմաթիւ եւրոպական մեծ ընկերութիւններ՝ հաստատուած են Թուրքիոյ մէջ, ու այդտեղ կ’արտադրեն այդ բոլոր ապրանքները որոնց կարիքը ունի Եւրոպան, ու այդտեղից զանոնք կը տանին իրենց երկիրները եւ այլ եւրոպական երկիրներ.
Ուրեմն, իմքայլական տեղքայլական երազը այն է, թէ՝ օտար ընկերութիւնները, հէմէն-հէմէն, իրարու հրմշտկելով, պիտի փութան Հայաստան, որպէսզի այդտեղ ետեւ-ետեւի, բիւրաւոր ֆապրիքանե՞ր բանան…
Այսինքն, այդ գետնի վրայ, Հայաստանը աւելին նպատակայարմար տե՞ղ մը պիտի դառնայ, քան թէ՝ Թուրքիան (իսկ նոյն նիւթով, միւս ուղղութեամբ՝ Ադրբեջանը, կամ Ռուսաստանի աւելի մօտ որեւէ այլ երկի՞ր…) :
Խի՞…
Քանի որ հայաստանցիները ծանօթ են իրենց արտակարգ աշխատասիրութեա՞մբ… Քանի որ ՀՀ «պետութիւն»ը, Թուրքիայէն (եւ Ռուսաստատնի աւելի մօտ այդ միւս երկիրներէն) աւելի հարուստ ըլլալով, անոնցմէ աւելի շատ նպաստե՞ր պիտի շնորհէ այդ օտար ընկերութիւններուն, որպէսզի անոնք գան ու Հայաստանի մէջ հաստատեն, կամ նոյնիսկ՝ փոխադրեն, իրենց գործարանները…
Թուրքիան լրջօրէն պէտք է որ մտահոգուի ուրեմն, քանի որ այդտեղ գտնուող օտար գործարաններն ալ պիտի փոխադրուին Հայաստան, եւ Թուրքիան տնտեսապէս բա՛ն մըն ալ պիտի չկարենայ ընել այդ ուղղութեամբ… Հիմա հասկացա՜նք, շրջափակումի բո՛ւն պատճառը…
Լաւագոյն երազներով անգամ, երեք շիշ տնական արաղ խմելէ ետք անգամ, չենք կրնար պատկերացնել որ՝ տնտեսական առումով, Թուրքիան «թոյլ պիտի տայ» որ իր հիւրընկալած եւրոպական գործարանները տեղափոխուին Հայաստան – կամ որեւէ օտար ընկերութիւն նախընտրէ հաստատուիլ՝ Հայաստան, փոխանակ՝ Թուրքիա – :
Եւ արդէն,առանց իսկ որ Թուրքիան յաւելեալ նպաստներով անոնց համոզէ որ մնան իր տարածքում – կամ հրամմեն այդտեղ – , եթէ Հայաստան փոխադրուին – կամ տեղաւորուին -, այդ եւրոպական ընկերութիւնները արդէն իրենց ապրանքների միայն փոխադրութեան ծախսը՝ երկուք, երեք կամ չորս անգամ պիտի կրկնապատկեն:
. Ի դէպ, թրքական ճամբաների բացումը որեւէ կերպով չի նշանակեր թէ «free trade zone » մը պիտի գոյանայ ՀՀի եւ Թուրքիոյ միջեւ ! Ոչ ալ, որ վերջինս պիտի դառնայ transit zone մը Հայաստանին համար:
Ուրեմն, առնենք՝ հպարտ ծիրան մը: Որ, քաջաբար, դուխո՛վ, Հայաստանէն կ’ելլէ, ուզելով հասնիլ՝ Եւրոպա:
Այդ խիզախ ծիրանը, Թուրքիայ մտած եւ/կամ Թուրքիայն ելած պահերին՝ հարկեր պիտի վճարէ Թուրքիոյ: Որոնց սակը, Թուրքիան պիտի ճշդէ:
Նոյնպէս, եթէ այդ մենք-ենք-տէրը-մեր-երկրին երգելով, դէպի Եւրոպայ քայլող հպարտ ծիրանը, ուզէ աւելի շուտ միւս ուղղութեամբ՝ Ադրբեջանի վրայով, Ռուսաստան հասնիլ:
Այդ ամէնէն ետք, այդ ծիրանին՝ միայն կո՛ւտը եթէ հասնի տեղ մը, այդ ալ դեռ լաւ է:
Ոչ թէ տակաւին կեղեւով կուտը, այլ նոյնիսկ միայն կուտին միջուկը: Կամ միայն նրա կեղեւը:
. Ուրեմն գոնէ որպէս տեսութիւն, վարկած, ՀՀ իշխանութիւնները կրնա՞ն մեզի բացատրել թէ, եթէ այդ թրքական ճամբաները երկու կողմէն բացուին, Հայաստանը ճիշդ ի՞նչ պիտի ծախէ, եւ որո՞ւն:
. Մի բան էլ դիտել տամ՝ Վրաստանի վրայով, Հայաստանի միշտ էլ կարող էր շատ ապրանքներ հասցնել Եւրոպա: Այդ լայնօրէն ծովային ճանապարհը աւելի երկար կամ ծախսալից չէ (նոյնիսկ, ընդհակառակը), քան՝ Թուրքիայի այդ ամբողջ, երկար ու հիմնականօրէն հողային տարածքը որտեղից պէտք է անցնիլ, մի քանի տարբեր ճամբաներով, ապրանքը փոխադրելու համար մինչեւ Եւրոպայի դեռ միայն ծայրը:
(Յատկապէս առեւտրական փոխադրութեան համար, ծովային ուղիները նուազ թանկ ու ծախսոտ են՝ թէ կառուցման, թէ պահպանումի եւ թէ գործածութեան առումներով, քան թէ հողային միջոցները: Իսկ քարտէզին վրայ մի հատ նայեցէք Հայաստանէն Պոսֆօր հեռաւորութիւնը, ապա՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան անկիւնէն՝ Սեւ Ծովի մօտիկութիւնը: )
Յետոյ, Իրանը, եւ Իրանի ճամբով՝ ամբողջ Փոքր եւ Միջին Արեւելքները, շուկաներ չէի՞ն: Զանո՞նք ինչու չէր օգտագործած, կամ հիմա չօգտագործէ, Հայաստանը:
Իսկ այս ամէնն ալ, եթէ այս վարչակարգը կը կարծէր թէ ինք բոլորից աւելի կարող ու հնարամիտ է, հմուտ, ատակ ու բացառի՛կ է, թող ուրեմն ինք կատարէր, տեսնայինք: Պատերազմէն առաջ:
Մինչ, այդ երկուքուկէս տարիները, որեւէ նոր բան չկատարուեցաւ, ո՛չ մէկ բան, այս ուղղութեամբ եւս: Երբ որ դեռ եղածն ալ, չփճացուցին…
Իսկ հիմա իսկ, ինչո՞ւ վերոնշեալ ուղիներով տնտեսական ծրագիրներ չեն մշակւում: Ու խօսքը միայն՝ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի առջեւ, միջեւ, Հայաստանի մնացորդին դարպասները լայն բանալն է:
. Ընդգծեմ որ այս լրիւ յօդուածին մէջ՝ հարցումներն ալ, պատասխաններն ալ, ես եմ արծարծում:
Մինչ, կառավարութեան անդամներին, նրանց ստորադաս քարտուղարութիւնը ստանձնած խորհրդարանի իմքայլական երեսփոխաններին եւ վարչակարգի պաշտօնական այլ ներկայացուցիչների տարրական պարտաւորութիւնն է, մեզի գոնէ բացատրելը թէ՝ ի՞նչ լուրջ ու գործնական հիմունքներով է, որ տնտեսական զարգացման, տնտեսական վերելքի, բարգաւաճման անծայրածիր յոյսեր են տալիս երկրի բնակչութեան:
Բայց նրանք ոչ մի բան չեն ասում, այդ ուղղութեամբ եւս: Ինչպէս որ ամէն էական նիւթի կապակցութեամբ…
Այս նիւթի մասին եւս, ասում են միայն՝ հա, հա, դա այդպէս է լինելու: Միանշանակ: Բան չմտածէք:
Ամէն բան լաւ ա լինելու:
#հաղթելուենք:
. Վերեւ պարզուած տարրակա՛ն դիտարկումների լոյսին տակ, թող գոնէ բացատրեմ մեզի թէ ո՞նց են պատկերացնում Հայաստանի տնտեստական փրկութիւնը, շնորհիւ թրքական ճանապարհների բացումին:
Աչալուրջ կերպով ուսումնասիրելու եմ իրենց ըսածը… խօ՛սք…
Միայն թէ՝ թող մի բան ասե՛ն:
Նկատի ունենալով որ, այդ տնտեսական աճի, տնտեսական թռիչքի հանկերգի միջոցաւ, ուզում են մեզ… մխիթարել, մեր կրած անասելի կորուստներին համար:
Գոնէ-թող-բացատրե՛ն. մտիկ ընենք. նայինք, թէ ի՞նչ ըսել կ’ուզեն…
. Մինչ այդ, սպասելով այդ բացատրութիւններին, նորէն մենք մեզի հարց տանք՝ արդեօք… Անդրկովկասի Սիլիքօն Վէլիին մասի՛ն է, ծրագիրը…
Հայաստանի ԱյԹի (հայ դի՞) ոլորտում, աննման ուղեղների զգլխիչ արգասի՞քն է, որ պիտի ծախեն, արտածեն…
Եւ խնդիրը միայն այդպէս՝ հնարուելիք ու սարքուելիք, սոսկալի գործիքների նիւթակերտ արտադրութիւնը չի: (Չնայած, դրա համար ալ, խոշոր եւ տոկուն ճամբաներ են պէտք: Քանզի, օրինակի համաr՝ համակարքիչի mouse ? այդ ինչ խօսք ա… այդտեղ՝ ճարտոններ ունենք, արա՛… հղի կովու չափ՝ առնէտնե՛ր… ինչի՞ մասին է խօսքը… mouse եղեր, հը՛հ… իսկ այդ սոսկալի պլանշետը որ արտադրեցին, չտեսա՞ք… tabletը ո՞րն ա… դա կարգին՝ 2001 A Space Odysseyի խոշոր, սեւ մենաքանրն է… որու Տիեզերական Խորհուրդը այդպէս, պարզաբանուեցաւ Հայաստանէ մէջ… իսկ այդտեղ պարզապէս սմարթֆոն չէ որ կը սարքուի, այլ՝ smartestphone… geniusphone… բջջային որ ասեն, պատկերին վրայ՝ կենդանի բնութեան ամէնախոշոր բջիջի՝ մարդկային ձվաբջիջի չափ հաղորդակցական շրջանակների հսկայական ցանցի մը կ’ակնարկեն… եւ այդ հայկական գործիքը կը ծառայէ նաեւ՝ հրաշագործ Արմենիկումը սրսկելու, անշուշտ… եւ… հա… այսպէս, բաներ… շատ բանե՜ր…) :
Բայց նաեւ – ու մանաւանդ – մտային հանճարեղ յօրինումներու պարագային ալ, Հայաստանի համար՝ տառացի առումով ճանապարհների, շօշափելի ճամբաների, սուր կարիքը կայ…
Արդարեւ, այդ ուղեղային արտասովոր արտադրանքը այնքան խիտ ու ճոխ է, այնքան առատ, յորդառատ եւ… ծա՛նր է, որ զայն փոխանցելու համար մնացեալ աշխարհին՝ technological ուղիները, բաւարար չեն: Չեն դիմանար: Թելերը կը վառին: Օդային ալիքները, կը բռնկին:
Հետեւաբար՝ քամիօններով, մաշիններո՛վ պէտք է որ փոխադրեն, իրենց այդ անպարագիծ միտքերը, անհուն մտայղացումները…
Software? բայց դա ինչ ա՞ նշանակում… softը, ո՞րն ա, աբե’… Հայաստանում՝ կակուղ ո՛չ մի բան չկա՛՛յ…
Հա, ճիշդ է: Ոչ software, ոչ ալ ուրիշ որեւէ soft բան կայ, այդ ամուր, տոկուն եւ հաստատուն վայրը:
Բայց երեւի միայն մէկ հատ ոչ-փափուկ բան մը կայ, որ բացարձակապէս կը պակսի այդտեղ: Կարծր իրականութիւնը:
. Իսկապէս անհասկանալի է, թէ ինչպէս ոեւէ մէկը, նոյնիսկ մէկդի դնելով բոլոր այլ նիւթերը, կրնայ տակաւին հաւատալ այս, տնտեսական նիւթին մէջ եւս՝ այս վարչակարգի ցնորամիտ հեքիաթներին:
Ինքնախաբէութիւնն էլ, պիտի որ սահման մը ունենայ:
. Համայն աշխարհը՝ Հայաստանը մարդու տեղ կը դնէր, միմիայն մէկ հիմնական պատճառով: Ու դա կը կոչուէր՝ Արցախ:
Նախ՝ աշխարհաքաղաքական ակնյայտ նկատառումներով: (Այդ գետնի վրայ գոնէ, կրնայինք մրցիլ Թուրքիոյ հետ…)
Ապա՝ քանի որ շնորհիւ Արցախին է, որ Հայաստանը կրնար կանգուն մնալ, զարգանալ: Իսկական ապագայ մը ունենալ.
. Բայց ոչինչ, վաղը կը տեսնէք որքան խոշո՜ր տօնածառ մը կը տնկեն այդ հոյակապ հրապարակին մէջտեղը. եւ անոր նայելով, թէ ինչպէս՝ ապուշի պէս կը ժպտին, կ’ուրախանան, կը սքանչանան, էշու չափ մարդիկ եւ կիներ…
էհ, վերջպաէս, շնորհիւ 2018ի մոգական գարնան, գոնէ՝ ժպի՛տ եկաւ, մարդոց երերսերուն վրայ, չէ՞: Վերջապէս ժպիտ երեւցաւ, մինչեւ այդ երջանիկ պահը՝ սուրաթսըզ հայաստանցիների մռայլ ու խոժոռ դէմքերին վրայ… Ժպիտ եւ հպարտութիւն… Անհուն սփոփանք… Ինչո՞ւ չշարունակել, նոյն թափով… Ի՞նչ եղեր է, որ… Ինչ է, բան է պատահե՞լ… Մա՞րդ ա վատացել…
. Ոչ տնտեսական թռիչք, ոչ էլ տնտեսկան թրիք, չէ:
Այլ միայն՝ թռչող թրիք (եզի թրիք, that is. օդային BS) :
Հայդուկ Շամլեան
02 Դեկտեմբեր 2021

but sometimes, it flies
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...