Մինչեւ որ զանոնք այստեղ համախմբեմ ու ամրագրեմ, ընթացիկ եւ յաճախակի գրառումներս գտնւում են այստեղ ՝
https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940
աւելի արխիւային բնոյթի գրառումներս՝ ներքեւ
***********
Յարգելի գործընկերուհիս, Մեթր Արփինե Հովհաննիսյանին՝
Յարգանքով եւ հանդարտօրէն եմ ասում, եւ դեռ ամէն առիթով ալ կրկնելու եմ՝
այժմու ողբալի եւ խիստ մտահոգիչ կացութեան առաջին գիծի պատասխանատուն՝ Ձեր (էն վախտի) պետն է, որ ուժը չունեցաւ գործադրելու իր պետական տարրական իսկ պարտականութիւնները, ու երկիրը յանձնեց, լքեց այս խմբակին:
Երկրորդ գիծի յանցաւորը՝ Դուք էք, քանի որ մերժեցիք միւս անձնաւորութիւնը որ վարչապետ պիտի դառնար, եւ քաջալերեցիք որ Ձեր պաշտած պետը ջանայ յաւերժացնել իր քաղաքական հեղինակութիւնը (մինչդեռ նրա երկրորդ անգամ նախագահ ընտրուիլը արդէն աւելորդ էր) :
Միա՛յն վերոյիշեալ պատճառներով է որ այդ խորտակիչ խմբակը կարողացաւ հասնիլ մինչեւ այնտեղ ուր որ է հիմա, եւ տեւաբար քայքայում է ամէն ինչ ու բան, որոշ անբուժելի զանգուածի մը հիացած ու հմայուած, յոտնկայս ծափահարութիւններին տակ:
Ուրեմն այո, ճիշդ ու շիտակ, իմաստալից եւ որակաւոր բաներ ասում էք: Սակայն դժբախտաբար, զանոնք ասելու համար՝ ճիշդ անձը չէք:
Հետեւաբար, ափսոս, սակայն գոնէ մինչեւ յաջորդ իշխանափոխութիւնը՝ շատ սահմանափակ է Ձեր – մինչդեռ տպաւորիչ մակարդակի – վերլուծումների տարողութիւնը, դիտողութիւնների ազդեցութիւնը:
[ Եւ կը ներէք մի բան ել աւելացնեմ՝ լուրջ ու խելքը գլխին անձերի մօտ, խօսողին արտաքին տեսքը ոչ մի բան չի փոխեր նրա խօսքերի խորքային բովանդակութեան ընկալման, արժեւորման մէջ : Սակայն քանի որ դա կարող է որոշ ազդեցութիւն մը ունենալ այլ տեսակի անձերի վրայ, նաեւ այդ ուղղութեամբ ալ, շատ ուշ սովորեցիք քաղաքականութեան մէջ PR-ի անհրաժեշտութիւնը:
]
Մ. Հայդուկ Շամլեան
Կանադա, 21.10.2019
***********
Ներքին գետնի
վրայ, Արցախը ոչ մի բանից
մտահոգուելու պատճառ չունի,
ոչ իսկ ուրեմն
Հայաստանի այժմու ղեկավարի ու իր սեղմ
շրջապատի կարգ մը անդամների ափսոսալի սխալներից, պայմանաւ որ՝ Արցախը
ինք, ներքնապէս, ամուր
ու հաստատ, միասնական մնայ:
Եւ այդտեղ
կայ վտանգ: Կարելի
չէ սա անտեսել:
Երեւի, ոմանք կամ լրիւ մոռցած են թէ պատերազմական գօտիի մէջ կը գտնուին, կամ ել՝ քաջութիւնը շփոթում են ինքնասպանութեան հետ: Խնդիրը այն է որ, հաւաքական ինքնասպանութեան մասին է խօսքը:
Կամ ել դեռ՝ ուրիշի զաւակի մահուան հաշւոյն է, անհուն անվախութիւնը…
***********
որքան որ ալ հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ դիմադրելը չափալախներ տալու – նաեւ, գրիչով -, որոնց արժանի անձերու եւ ոհմակներու պակասը չկայ այս օրերուն, ջանանք մնալ մեր մակարդակին վրայ
. տակաւին բաւարար նշաններ չկան, լրջօրէն հետեւցնելու համար որ Փաշինյանը, ծրագրուած եւ դիտումնաւոր կերպով, պարապ տեղը՝ հողեր պիտի յանձնէ թուրքերուն
. ընդունելի խաղաղութեան դաշինքի մը ծիրին մէջ, բոլորս ալ լաւ գիտենք որ որոշ զիջումներ անխուսափելի են. (հիմնականօրէն, քանզի բնիկները ի վիճակի չեն ըմբռնելու եւ կիրառելու «յարատեւ պատերազմ»ի յղացքը, ատոր փաստը արդէն մէջտեղն է…)
. հաւանականութիւնը շատ բարձր է սակայն որ, այժմու վարչակարգի պարագլուխները, սկսեալ իրենց Վեհագոյն Պետից, իրենց անատակութեան, գոռոզութեան եւ ընդհանրապէս յիմարութեան պատճառով, երկիրը տանին հողային կորուստներու
եթէ այս երրորդ կէտին վրայ կեդրոնանաք, աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլայ էական Դիմադրութիւնը ներկայիս Հայոց աշխարհում տիրապետող խելագարութեան դէմ
Յ.Գ. իսկ երբ որ ալ միայն չափալախելու հնարաւորութիւնը կը մնայ…՝
https://haytougchamlian.blog/աքսորուած-ազատութիւնը-1992/
***********
Շնորհիւ մեծածաւալ զինավաճառքի իր վարպետ գործողութեան, Ռուսաստանը Թուրքիան հեռացնում է ՆԱՏՕ-ից: Միաժամանակ, իր թշնամիին հայթայթելով զէնքեր, նա լաւապէս ծանօթ կը դառնայ անոր այդ զէնքերին… Քանզի գիտէ թէ այդ խզումը ժամանակաւոր է, յառաջիկային Թուրքիան եւ Արեւմուտքի դարձեալ կը գրկախառնուին անշուշտ: Միայն ռուսները կարող են թուրքերից աւելի խորամանկ ըլլալ: Մենք ալ կը շարունակենք մսխել մեր հնարաւորութիւնները, այս խաղին մէջ եւս:
**********
Օրինական-սահմանադրական
մակարդակի վրայ, ոեւէ օրէնսգէտի համար
իսկապէս շատ հեշտ է անդրադառնալը թէ
Քոչարյանի դէմ ցարդ տեղի ունեցող
հետապնդումները, այնպէս ինչպէս որ նոր
վարչակարգը որոշեց զանոնք մղել, անհիմն
են, անհեթեթ են: Հետեւաբար, իր կոչումին
արժանի ոեւէ դատաւոր պիտի հասնի անպայման
այդ անխուսափելի եզրակացութեան:
https://haytougchamlian.blog/the-case-against-robert-kotcharyan-a-vertiginous-legal-vacuum/
Աւելի դժուար – սակայն անհրաժեշտ – է սրբագրել Ռոբերտ Քոչարյանի հռչակը, օրինական դաշտից դուրս, եւս: Որոշ ժողովրդային կարծիքի մը միջից դուրս հանել այդտեղ տարիների ընթացքին չարամտօրէն ցանուած յերիւրանքները, սուտերը, թոյնը: Ի հարկէ ամէն մարդ չէ որ կարելի է այդպէս բուժել, սակայն նուազագոյն խելքի տէր անձերը կարելի է եւ հարկաւոր է փրկել պիղծ ու լկտի, հակա-ազգային քարոզչութեան վնասներից: Այս գետնի վրայ պէտք է կեդրոնացնել Հայութեան առողջ ու ողջամիտ, ուղղամիտ ուժերը:
(Ի
դէպ, համաձայն չեմ որ Ռոչերտ Քոչարյանի
կոչենք Երկրորդ Նախագահ: Նա Առաջին
Նախագահն է: Եւ խօսքս Արցախի մասին չէ…)
07.06.2019
***********
Ռոբերտ Քոչարյանը պէտք է որ քաղաքական ապաստան ստանայ, Արցախի մէջ: Այժմու դրութեամբ, Հայոց համեմատաբար ամենակազմուած ու կայուն Պետութիւնը:
***********
Օրինական եւ
սահմանադրական գետնի վրայ, Ռոբերտ
Քոչարյանի՝ ա՛յդ մեղադրանքով դատավարութիւնը
ամենավատն է, չափելու համար Հայաստանի
Հանրապետութեան դատարաններու եւ
դատաւորներու որակը:
Որովհետեւ այս
մասնայատուկ պարագային, մեղադրեալին դէմ
արձակուող որոշումներն են որ, մեղմ ասած,
շատ կասկածելի են:
Բացայայտ է թէ
Հայաստանի մէջ բազմաթիւ են, ափսոս, իրենց
կոչումին անարժան դատաւորներ: Այս յատուկ
հետապնդման պարագային սակայն, այդ
տեսակներն են միայն որ կարող են իշխանութեան
ցանկութեան համապատասխանող որոշումներ
առնել:
Սակայն յառաջիկային,
այս դատի պարագային, երբ որ ՄԻԵԴ-ը իսկ
իրաւունք տայ Ռոբերտ Քոչարյանին, ոմանք
դեռ ասելու են թէ վստահութիւն չունին
ՄԻԵԴ-ի նկատմամբ եւս: Թէ պարզ է թէ Քոչարյանը,
իր անծայրածիր փողերով, գնած է ամբողջ
ՄԻԵԴը:
Գործադիր
իշխանութիւնն է որ որոշեց քաղաքական
բնոյթի այդ էապէս սխալ մեղադրանքով
հետապնդել Երկրորդ Նախագահը: Այդ սխալն
ալ հիմա ուզում է բարդել դատական իշխանութեան
վրայ: Մինչ վերջինս այս առիթով է որ
վերջապէս գիտակցում է իր կոչումին, փրկում
է իր պատիւը:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
***********
«Մարտ 1»ի նիւթին մէջ, շշմեցուցիչ անհասկացողութիւն մը կայ, տարրական կէտի մը կապակցութեամբ, թէ հանրութեան մօտ եւ թէ շատ մը մինչդեռ լուրջ ու վստահելի լրագրողների մօտ
բանակի գործածութիւնը, ներքին գետնի վրայ գոյացած որոշ բնոյթի վտանգների դէմ, ինքնի՛ն, ապօրինի բան չէ. դա ոչ Օրէնքի դէմ է ոչ ել Սահմանադրութեան. ոչ ել տրամաբանութեան. այլ ընդհակառակն.
այդպէս է նաեւ աշխարհի բազմաթիւ այլ երկիրներում, ներառեալ շատ մը արեւմտեան երկիրներ
սակայն այդ օրինական հնարաւորութիւնը աւելի կը կիրարկուի այդ երկիրների մէջ, որոնց էական կազմութեան ընթացքը, ասենք, դեռ բարձրագոյն մակարդակի չէ հասած…
***********
Հեշտօրէն կարելի է նկատել թէ այժմու Ազգային Ժողովի անդամներին եւ հետեւաբար վարչապետի ընտրութիւնները, զուտ իրաւացիութեան գետնի վրայ, վիճելի են: Քանզի նախկին Խորհրդարանը, պահ մը վերածուած բառացիօրէն պատանդի, զրկուած էական ազատ կամքից, ջլատուեցաւ բռնի ուժով, սպառնալիքների ներքոյ: Ապա ժողովրդային քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ բնակչութեան արտակարգօրէն փոքր տոկոսի մասնակցութեամբ, եւ այդ ալ, մթնոլորտի մը մէջ, ուր քուէարկողի կամքը էականօրէն պղտորած էր ծայրայեղ յուզականութեամբ: Ոնց որ, օրինակի համար, հարբած անձը պայմանագիր ստորագրէ…Դա օրինապէս կարող է չեղեալ նկատուիլ: Իսկ ոմանք ալ, դէմ լինելով նորելուկներին, չքուէարկեցին, որովհետեւ վախենում էին:
Բայց այս ամէնը երկրորդական է, որովհետեւ կը խօսինք տակաւին չկազմուած պետութեան մը մասին: Հարցը այլ տեղ է: Այժմու իշխանաւորները կը սիրեն յայտնել թէ այս կամ այն անձը անջատուած է իրականութիւնից: Իրողութիւնը այն է սակայն որ իրենք է որ մեկուսացած են իրենց փոքրիկ պղպջակին մէջ, երջանիկօրէն կտրուած՝ շատ մը կարծր իրականութիւններէ: Անոնցմէ մէկը այն է թէ, ինչ որ ել լինի կամ չլինի, Ռոբերտ Քոչարյան մը աւելի խորապէս յարգուած պիտի ըլլայ մեծաթիւ հայերի կողմէ, կամ թէ Նիկոլ Փաշինյան մը: Իսկ վերջինիս պոռոտախօս, շփացած եւ ինքնահաւան մանկլավիկների նուազագոյն հետքը, շուքը իսկ չի մնար, Հայոց Պատմութեան մէջ:
Յատկապէս, բնաւ չէք պատկերացնում թէ ինչ է զգում եւ մտածում դասական Սփիւռքը:
Մ. Հայդուկ Շամլեան, Գանատա
***********
Նախընտրելի է (քանզի նուազ ամօթալի ու անպատուական)՝ օտար հողի վրայ օտարանալը, քան թէ հայկական հողի վրայ:
***********
Նիկոլ Փաշինյանը այսօր, գանգատելով կարգ մը լրատուամիջոցներէ, որոնք որպէս քաղաքական հալածեալ կը ներկայացնեն ամիսներէ ի վեր բանտարկուած Հայաստանի Երկրորդ Նախագահը, կ’ըսէ թէ «կոռեկտության որոշակի սահմաններ կան»:
Շատ ճիշդ էք, իրոք «կոռեկտության սահմաններ կան», Պարոն Վարչապետ: Սակայն բոլորից առաջ Դուք է որ պէտք է որ գիտնաք այդ կարեւոր սահմանները: Զորս, այս յատուկ նիւթին մէջ մանաւանդ, ոտնակոխած ու անցած էք, շատոնց է:
Իսկ իրապէ՞ս կարծում էք թէ, յատկապէս այս նիւթին մէջ, Ձեր դէմ կարծիքները պիտի փոխուին, «երբ գործը մտնի դատաքննության փուլ»… Վստահաբար ոչ, այլ նոյնիսկ ընդհակառակն, քանզի այդ անուան արժանի «դատական իշխանութիւն» փաստօրէն գոյութիւն չունի այդտեղ, եւ իբրեւ թէ «դատաւորներն» ալ Ձեր եւ Ձեր այլ գործադիր պաշտօնեաների հլու-հնազանդ քարտուղարներն են պարզապէս:
Մ. Հայդուկ Շամլեան, Գանատա
«Ռոբերտ Քոչարյան՝ բանտարկուած Ընդդիմութիւն, քաղաքական պատանդ»
***********
Նիկոլ Փաշինյան, այսօր (15.04.2019) ՝ « Մեզ պատերազմով չեն վախեցնի »
բայց զիս վախեցնում են, Պարոն Վարչապետ. ուղղակի վախեցնում են. ամիսներէ ի վեր խորապէս վախենում եմ, բառացիօրէն քունս եմ փախցնում այդ նիւթով. ես պիտի չկռուիմ, սակայն զիս շատ է վախեցնում պատերազմի այդ յաջորդ, հաւանակօրէն յառաջիկայ բռնկումը…
գիտեմ որ այդտեղ ինքնասպանական հակումներ կան մշտապէս, սակայն ես՝ վախենում եմ… Հայաստանի եւ Արցախի բնակիչներուն համար, իրենց տե՛ղը, իրենց փոխարէ՛ն եմ վախենում – անոնց պարագային, որոնց համար ծանօթ բան չէ այդ զգացումը… այսինքն, անոնք որոնք իսկապէս պիտի կռուին, եւ ոչ միայն այդ մասին խօսին –
եւ առաջին անգամն է որ այսպէս վախենում եմ … որովհետեւ այս անգամ, «շնորհիւ» Ձեզի, Հայաստանի ռազմական դաշնակիցը կարող է տարբեր կերպով մօտենալ պատերազմի լայնածաւալ բռնկման
նորէն կը յաղթենք, այո… կասկած չկայ… սակայն գինը շատ, շատ ծանր է լինելու այս անգամ
իսկ այս դրութեան մէջ, Ձեր զուտ անձնական հրճուանքի, երջանկութեան տեւական ցուցադրումը… անասելի է… անասելի…
***********
Բոլոր կարծիքների արտայայտումը,
օրինական, քաղաքական եւ գաղափարական վիճաբանութիւնները,
զանազան, այլազան եւ դեռ զարմանազա՛ն բանավէճերը, կարող են տեղի ունենալ, եւ նոյնիսկ կրնան երբեմն օգտակար հանդիսանալ երկրի յառաջխաղացքին:
Շշմեցուցիչը, անընդունելին,
զարհուրելին՝ նախնական կալանաւորումը որեւէ առիթով գործածելն է որպէս ճնշում բանեցնելու, կամք կոտրելու, լռութեան մատնելու, վախ ու սարսափ ներշնչելու միջոց. մարդ բանտ նետելը վերածւում է այդ միտումներով՝ կառավարական կոպիտ գործիք:
Թէ Հարկայինը, թէ ԱԱԾ-ն, թէ Դատախազութիւնը, քաղաքացիների նկատմամբ կառավարութեան ամենախիստ ու ամենազօրեղ մարմինները, համակարգուած կերպով գործածւում են հենց վերոնշեալ միտումներով, նպատակներով: Իսկ «դատավորներն» ալ պարզապէս իրենց կնիքը խփում են միայն գործադիր իշխանութեան որոշումներին վրայ, ոնց որ անոնց հլու քարտուղարները լինէին:
Յեղափոխական տրամաբանութեան մէջ, վերոնշեալ դիտարկումները շատ իմաստ չունին, քանի որ այդ ընթացքում – որու տեւողութիւնը սակայն կարճ կ’ըլլայ -, ամէն բան կ’առկախուի, ներառեալ ու յատկապէս Օրէնքները եւ նոյնիսկ Սահմանադրութիւնը:
Յեղափոխութիւնը ինքնին էական հերքումն է անոնց, եւ ուրեմն, որոշ անցումային քաոս մը բնական կը համարուի, սակաւաթիւ անհատներ կը դառնան ժամանակաւոր, սիրուած դիկտատորներ – բառին ամենահին, հռոմէական, դրական իմաստով – : Մինչեւ որ, կարելի եղածին չափ շուտ, Պետականութիւնը վերահաստատուի:
Սակայն այժմ խօսում ենք ընտրութիւնների ճանապարհով գոյացած, յետ-յեղափոխական իշխանութեան մը մասին, որ կը հաւակնի երկիրը ղեկավարել ու զայն ներկայացնել որպէս նորոգուած, կազդուրուած, նորմալացած երկիր մը:
Եթէ ամէն վայրկեան կամ որեւէ պահին, մի քանի անհատների կամքի հիման վրայ միայն, պետական տարրական ըմբռնողութիւնը անգամ պիտի առկախուի, եւ անոր տեղ պիտի գործէ յեղափոխական տրամաբանութիւնը, սա ուրեմն նշանակում է թէ Հայաստանը պիտի մնայ յեղափոխական վիճակի մէջ, հինգ տարիներ շարունակ: Անկէ ետք, լրջօրէն, բան մը կը մնա՞յ դեռ, այդտեղ…
Դեռ չխօսելու համար այդ հինգ տարիների ընթացքին պատերազմի բռնկման բարձր հաւանականութեան մասին… Մինչ այս վիճակի մէջ երկրի մը պարագային, նոյնիսկ եթէ Բանակը յաջողի պահել իր կորովը եւ մնալ միասնական ու անայլայլ, պատերազմական դրութիւնը կը դառնայ նաեւ… աւելի կտրուկ միջոցներով, ներքին հաշիւներ մաքրելու առիթ:
Եթէ այս չէ, որ կոչւում է՝ Անդունդի ծայրը, չեմ գիտեր թէ ի՞նչ է դա…
Հ.Շ. – 11.04.2019
***********
Հայաստանի այժմու կացութեան մտահոգիչ, վատառողջ կամ ուղղակի վատ երեսները բացատրելու եւ վերլուծելու համար, լաւագոյն եւ ամէնաճշգրիտ հիմունքը, երկրին տակաւին յարաբերաբար մօտակայ անցեալը յիշատակելն է: Սակայն դա նաեւ… ամէնազուր եւ ապարդիւն միջոցն է, դժբախտաբար:
Արդարեւ, եթէ մէկդի դնենք շահագրգռուած եւ երկրորդական դերակատարները, Փաշինյանութեան թունդ ու համոզուած համակիրներու կորիզը, քաղաքական ուժի հիմնական յենարանը, բազան, բաղկացած է անձերէ որոնք, 1990-95 թուականներին, կամ տակաւին ծնած չէին, կամ ել տասը տարեկան իսկ չկային:
Անոնց համար, այդ ժամանակներուն վերաբերող ամենադիպուկ, տեղին ու ցայտուն վկայակոչումները անգամ ոչ մէկ իմաստ ունին, որեւէ ազդեցութիւն չունին, նոյնիսկ կրնան վանողական հանդիսանալ:
Ուրեմն, էական խնդիր այն է որ, Անկախութենէ ի վեր Հայաստանի ընթացքը նկատի ունենալով, վերոնշեալ
դրութիւնը կը նշանակէ թէ առաւելագոյնը ամէն քսան տարի, այդտեղ կարող է նորէն յեղափոխութիւն տեղի ունենալ… Յարատեւաբար…
Այսինքն, Banana Republic-ի (այդ ալ արդէն «հին» բառապաշարից…) բաղդատականը կը դառնայ ոչ թէ զգացական արտայայտութիւն, երգիծանք, այլ լուրջ ու իսկական, առարկայական դիտարկում:
19.03.2019
***********
Երբ որ արդարութիւն
մակերեսային անուանումին տակ, խորքին մէջ, անարդարութիւն է որ կը գործադրուի, դա ոչ
թէ ներազգային համերաշխութեան կը նպաստէ, այլ ընդհակառակն՝ պառակտումի, լարուածութեան,
քէնի եւ մինչեւ իսկ թշնամանքի յաւելեալ աղբիւր կը դառնայ:
Հայաստանի մէջ, օրուայ իշխանութիւնը, լինի անցեալին կամ այժմ, ինք է ճշդում թէ
ինչ է կարծեցեալ «ճշմարտութիւնը», ինչպէս շատ
մը այլ նիւթերու մէջ, նաեւ «Մարտ 1»-ը կապակցութեամբ: Որովհետեւ այդ յորջորջման արժանի,
իսկական դատավարութեան չկայ, իսկ եթէ տեղի ունենայ իսկ Հայաստանի մէջ, նորէն իմաստ
չ’ունենար, քանի որ նաեւ ակնյայտ է թէ ինչ է վիճակը այդտեղի իբրեւ թէ «դատական համակարգին»:
Ուրեմն, բացի եթէ
արտաքին լուրջ ատեանի մը առջեւ տեղի ունենայ այդ դատավարութիւնը եւս, այս նիւթով –
ինչպէս այլ նիւթերով – Հայաստանի մէջ կատարուող ձեւականօրէն «օրինական» հետապնդումները
կը կրեն շեշտակի, էական քաղաքական բնոյթ: Անցեալին ալ, հիմա ալ: Միակ տարբերութեամբ
որ, այժմու իշխանութեան ամենաթանկագին խոստումներէն մէկը՝ այս դրութիւնը սրբագրելն
էր:
***********
Արդարութիւն, չի նշանակեր վրէժխնդրութիւն, ոխակալութիւն: Օրինական Արդարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի զգացումներու հետ. թէ ոչ, կը դառնայ այլ բան:
Այս սովորական շփոթը կայ աշխարհում
ամէն տեղ, սակայն Հայաստանի պարագային, յատկապէս այժմու դրութեամբ, շատ ցայտուն,
տարածուած եւ արմատացած է:
Հաւանաբար այդ պատճառով է որ
նաեւ «անցումային արդարադատութեան» նուրբ ու բարդ յղացքի կիրառումը, Հայաստանի
մէջ, պիտի տանի այլազան սայթաքումներու, որոնք աւելի պիտի վատթարացնեն կացութիւնը:
Բացի եթէ դուրսէն բերէք
հարկաւոր ատեանների բոլոր դերակատարները… Որովհետեւ ներսը տիրապետում են զայրոյթը,
ոխը, քէնը, ատելութիւնը, «հաշիւներ մաքրելու» նախնական ըմբռնողութիւնը, եւ
բանականութեան լրիւ չգոյութիւն:
Այս նիւթին մէջ ուրեմն, սխալ չէ նոր իշխանութեան մօտեցումը, դրամական յանցագործութիւններու պարագային: Սակայն անբաւարար է աշխատանքը, այս ուղղութեամբ եւս: Նաեւ, կայ այստեղ արդարութեան միտումով անարդար լինելու վտանգը, կամ ել՝ դիտումնաւոր կերպով, արդարութեան պատրուակով այլ նպատակների հետապնդումը, քանի որ due process չկայ, տրամաբանութիւն չկայ, եւ որոշումներն ու գաւազանը մի քանի անհատների ձեռքն են միայն: – 16.03.2019
***********
Լաւ…
Կարելի է առարկել որ Հայաստանի ղեկը ստանձնած նոր իշխանութեան հրապարակած ծրագիրները, գործնական տեսանկիւնէն, թերի եւ անբաւարար են, պղտոր, շփոթալի են, յուսախաբեցուցիչ են, եւայլն., եւայլն.
Սակայն
նաեւ՝ յաջորդող հինգ տարիները շարունակ,
այս իշխանութիւնը միայն ու բացառապէս
քննադատելն ալ, առողջ ծրագիր մը չէ:
Հետեւաբար, այս հանգրուանին այլեւս, անհրաժեշտ է զանազանել մանր-մունր հարցերը, էական խնդիրներէն: Նաեւ, հեռու մնալ անհիմն, անպարկեշտ կան անուղղամիտ յարձակումներէ, Փաշինյանութեան դէմ: Նոյնիսկ որպէս հակազդեցութիւն:
Ամէնաէկան խնդիրներու ցանկին ամէնավերեւը, երկու խնդիր կայ, հրատապութեան կարգով ՝
1. արտաքին ճակատի վրայ, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները, որոնցմէ կախեալ է առաջին հերթին Արցախի ճակատագիրը:
2. ներքին գետնի վրայ՝ ներազգային, համահայկական սարսափելի պառակտումը: Ծայրագոյն աստիճանի: (Մեր
այդ սովորական, դասական անմիաբանութիւնը չէ,
ասիկա, որուն
վարժուած եւ
յարմարուած ենք
դարերէ ի
վեր: Իսկապէս ուրիշ տեղ մըն
ենք, այս
անգամ…) :
Մնացեալը, թող երթա՜ն իրարու հետ… հասկցուին, կովկասահայերը:
************
Այժմ ու տակաւին, ենթադրութիւններու հանգրուանի մէջ կը գտնուի, ամէն բան: Տարոսը՝ փաստացի հաստատումներուն, անվիճելի իրագործումներուն:
Այո,
հանրային պաշտօնէութեան աշխատավարձը
բարձրացնելը միջոց մըն է, պայքարելու
համար կաշառակերութեան դէմ: Սակայն
լաւագոյն վարկածով անգամ, բաւարար չէ:
Քանզի միայն աղքատութիւնը չէ, որ գլուխներուն
մէջ է:
Ամէն դէպքում, ներքին ճակատի վրայ, Իշխանութեան միակ էական խնդիրը՝ ներազգային պառակտումն է: Ծայրագոյն աստիճանի: Ենթադրենք որ այդ ալ կը ջանան դարմանել:
***********
Հիմնական
ամէն բան որ անում կամ ասում է այսօր այս
իշխանութիւնը, դա 90% յայտնած
էր նախապէս, բազմաթիւ առիթներով եւ այլազան
ձեւերով, ընտրութիւններէն առաջ, նոյնիսկ
յեղափոխութեան սկիզբէն սկսեալ: (Մնացեալ
10%-ն ալ կոչւում
է՝ քաղաքականութիւն: Եւ այո, իշխանութեան
միտող յեղափոխական որեւէ շարժում քաղաքական
բնոյթ կը կրէ, գոնէ այդ չափով: )
Անոնք
որոնք զօրակից էին Փաշինեանական շարժումին,
անընդունելի է որ այժմ, այսքան շուտ ու
կանուխ, կռնակ դարձնեն անոր, այլախոհներ
դառնան, կամ պարզապէս ձեռնածալ, անտարբեր,
մէկդի քաշուին եւ սպասեն, կրաւորական
դիտող դառնան:
Փաշինյանը
շատ մարդիկ վիրաւորեց, հասնելու համար
ուր որ է: Զօրեղ ու կարող մարդիկ, զօրեղ
ու կարող, մեծաթիւ համակիրներ ունեցող
մարդիկ, որոնք երբեք պիտի չներեն իրեն,
եւ ամէն ջանք պիտի թափեն որ ան ձախողի,
նոյնիսկ եթէ իրենց համար արդէն խաղը վերջ
գտած է, նոյնիսկ եթէ այդ մօտեցումով կրնան
վնաս բերել երկրին: Եթէ ասոր վրայ դեռ՝
իր համակիրնե՛րն ալ այսքան արագօրէն պիտի
լքեն զինք, ապա դարձեալ պիտի սկսինք
մօտենալ Անդունդին ծայրը:
Անոնք
որոնք ասում են թէ Փաշինյանը իր խոստումները
չի իրագործում, անկեղծօրէն թող քննեն
կացութիւնը՝ իրենք, Փաշինյանի հանդէպ
իրենց խոստումները յարգո՞ւմ են, իրենց
ստանձնած յանձնառութիւնները գործադրո՞ւմ
են:
Իսկ ամէն դէպքում, տասը ամիսը բնաւ երկար ժամանակ չէ, ամբողջ երկիր մը իր լրիւ էութեամբ ջանալ փոխելու համար: Ներառեալ այդ «ժողովուրդը» որուն անունով եւ աջակցութեամբ Փաշինյանը հասաւ ուր որ է: Աւելի ճիշդ՝ սկսեալ այդ ժողովուրդէն:
***********
Այս յեղափոխութեան հիմնական հետեւանքներէն մէկը կարծես այն եղաւ որ, իշխանութիւնը՝ նիւթապէս ընտրանի խաւէն անցաւ մտաւորական ընտրանիին: Իշխանաւոր հարուստներու էլիտային փոխարինեց վերացական գիտելիքներու տէր, շատ տեսական մտածողութեամբ օժտուած իշխանաւոր էլիտա մը:
Խնդիրը այն է որ,
երկու պարագաներուն ալ, հեռաւորութիւնը
լայն եւ խորունկ կը մնայ, իշխանութեան
բարձրագոյն վերնախաւին եւ ժողովրդային
զանգուածին միջեւ – որուն մաս կը կազմեն
տեղական եւ մինչեւ իսկ շրջանային մակարդակի
հանրային պաշտօնեաներ – : Երկու խաւերի
միջեւ փոխադարձ անհասկացողութիւնն ալ
կը մնայ նոյնքան խոր ու ծաւալուն:
Հոլովոյթը պէտք է որ աւելի հանգրուանային, աստիճանական ըլլար: Համբերութեամբ, դիմացկոտութեամբ տեղի ունենար:
***********
Թէ՝ Ռուսաստանը դիտումնաւոր
կերպով է որ վերջ չի դնում Արցախեան
պատերազմին – ի նպաստ Հայաստանին -, սա
լուրջի առնուելիք վարկած է, նոյնիսկ
հաւանականութիւն է:
Թոյլ տուէք որ ուրեմն առաջարկեմ երեք հնարաւոր բացատրութիւններ, այդ խիստ իրականանման վարկածի նկատմամբ՝ Հայաստանը, ինք, ի վիճակի չէ այդպիսի լուծման մը իր բաժինը գործադրելու, եւ Ռուսաստանի չի կարող այդ բաժինն ալ ինք ստանձնել:
1) Հայաստանը,
ինք, ի վիճակի չէ այդպիսի լուծման մը իր
բաժինը գործադրելու, եւ Ռուսաստանի չի
կարող այդ բաժինն ալ ինք ստանձնել:
2) Հայաստանը
Ռուսաստանի համար այնքան հաստատ, կայուն
եւ վստահելի դաշնակից մը չէ, որպէսզի
Ռուսաստանը Հայաստանի համար վնասէ իր
յարաբերութիւնները բազմաթիւ այլ երկիրներու
հետ, որոնք առարկայականօրէն շատ աւելի
հետաքրքրական են քան թէ Հայաստանը:
3) Ռուսաստանը Արցախի Հիմնախնդրի լուծումը ձգձգում է, որպէսզի այդ կերպով կարենայ Հայաստանը պահել որպէս իր դաշնակիցը, քանի որ այլապէս, Հայաստանը իրեն համար հաստատ, կայուն եւ վստահելի դաշնակից մը չէ, եւ հենց որ Արցախի խնդիրը վերջ գտնէ, Հայաստանը արդէն հեռանալու է իրմէ, միանալու համար Արեւմուտքին:
Իսկ եկէք նաեւ չփոթենք քաջ լինելը, նոյնիսկ որոշ չափով անվախ լինելը, իրականութիւնից անջատուած լինելու հետ, կամ նոյնիսկ ինքնասպանութեան հետ – հակում մը որ յատկապէս ունին անհատաբար հերոս դառնալ ուզողները, եւ որ սակայն բնաւ երաշխիք չէ հաւաքական յաղթանակի – :
***********
Համայն Հայութեան
մէջ ներազգային լարուածութիւնները այս աստիճան ծանր ու խորունկ չեն եղած, երկար ժամանակներէ
ի վեր:
Յատկապէս շշմեցուցիչ
է Հայաստան vs Արցախ բախումը, մինչ Հայաստանը բանակցում է Արցախի նիւթով:
Մի խոր ինքնախաբէութիւն
եւս, թէ՝ այս ախտը չի վարակեր նաեւ Բանակը: Եւ թշնամիները այս ամէնը շատ լաւ են տեսնում, մատ
ունին այս ամէնուն մէջ:
Որեւէ պատկերացումով, այս պատմութիւնի լաւ պիտի չվերջանայ:
***********
Հայաստանը իր բնիկներից
դատարկւում էր, 1970-ական թուականների սկիզբներից ի վեր: Այսինքն, այն պահէն սկսեալ
երբ կարող էին, առաջին առիթով, լքել իրենց երկիրը:
Արտագաղթը սաստկացաւ,
այն օրէն իսկ սկսեալ երբ, շնորհիւ Անկախութեան, ա՛լ աւելի հեշտ դարձաւ փախչիլը, երկիրը
քառասմբակ լքելը, անձնական հանգիստի եւ շահի ետեւից վազելով:
Այնպէս որ, նոյնիսկ
ձեր այդ տխրահռչակ ԼՏՊ-ն չէ, յանցաւորը արտագաղթին:
Հիմա, ծիծաղելի
չափերով իտէալացնում էք ԼՏՊի թագաւորութեան մինչդեռ շատ մթին, նաեւ արիւնալի օրերը:
Երեւի տարիքի հարց է…
***********
Ես ձեզ ասեմ, աւելի
երկար ժամանակ իրաւաբան եմ եղել – նորմալ երկրի մը մէջ – քան թէ այժմու Հայաստանի լրիւ
գոյութեան տեւողութիւնը (ներառեալ 1918-20ի դրուագը):
Անհնար է ջանալ
աշխարհին ծախել այն խաբկանքը թէ այսուհետեւ Հայաստանը Օրէնքի Գերակայութեան հաստատման
ճանապարհին վրայ է, եւ միաժամանակ՝ Քոչարյանի նկատմամբ այսպիսի հալածանք գործադրել:
Ձեր Փաշինյանն
ալ, ԼՏՊ-ն ալ, պրավո իրենց, շա՜տ հեշտօրէն կարող են խաբել իրենց ժողովուրդի մի մասը:
Սակայն անոնք վստահաբար չունին նոյն աճպարարական կարողութեան նշոյլը, արտաքին աշխարհի
նկատմամբ, սկսեալ դասական Սփիւռքի հայերից:
Շնայած, պահ մը,
ԼՏՊ-ն ալ հմայեց որոշ սփիւռքահայեր, այդ նախնական օրերի յատուկ յուզմունքին մէջ: Սակայն
անոն գոնէ յետոյ արթնցան, դարմանուեցան: Տարոսը ձեզի, երեւի դեռ մի քանի սերունդներ
ետք:
***********
. եթէ ոչ ուղղակի վախկոտ, ըսենք… զգուշաւոր անձեր,
. նոր ու երեւութապէս զօրեղ իշխանութենէն անձնական ակընկալութիւններ ունեցող անձեր,
. համացանցային ժխորէն ազդուող անձեր,
լռում են…
եւ այդպէս,
գոյանում է այն պատրանքը թէ հայերու մեծամասնութիւնը հանաձայն է, Երկրորդ Նախագահի դէմ այժմու հալածանքներուն
այդպէս չէ իրականութիւնը
cf. https://haytougchamlian.blog/ռոբերտ-քոչարյան-պաշտպանողական-2018/
***********
Այդ ամէնը, շատ լաւ:
Սակայն հաճեցէք բացատրել թէ ինչո՞ւ այդպէս հնազանդեցաք [սիրելի դաշնակներ] Փաշինյանին, Ազգային Ժողովի մէջ:
Ըսենք որ, իր ու իր փողոցի կամքին դէմ քուէարկելը, խնդիր էր…
Չէի՞ք կրնար պարզապէս չքուէարկել: Տունը մնալ:
Խաղը ուզեցիք խաղալ, եւ ինք յաղթեց: Վերջ: Ամօթ չկայ, ամբողջ համակարգ մը փլուզումի ենթարկեց, անոր մէջ ի՞նչ է, Հայաստանի մէջ, ՀՅԴ-ն:
Հիմա, քիչ մը այլեւս Սփիւռքով զբաղուեցէք: Քանզի այդտեղ է ձեր ուժը, ազգային իւրայատուկ դիրքն ու դերակատարութիւնը: Մի քիչ ել՝ Արցախի մէջ, տակաւին:
Հայաստանը չի ուզում ձեզ: Կ’ընդունի միայն այն փողերը որ կրնաք տանիլ այդտեղ, դրսից:
***********
Ռոբերտ Քոչարյանի նկատմամբ հայաստանցիների
բացարձակ ատելութեան հիմնական աղբիւրը ռասիզմն է :
Պարզապէս չկարողացաք
«մարսել» որ այդ անտաշ Ալբանացին եկաւ, եւ Երեւանին տիրացաւ, գահընկեց ընելով ձեր նուրբ
ու քաղաքակիրթ, իսկական հայաստանցի ԼՏՊ-ն: Եւ անկէ ալ յաջող նախագահ եղաւ, սրբագրեց
անոր գործած աւերները իսկ, երկիրը ոտքի հանեց:
Հիմա ել սակայն
անոր վիճակուած ամօթալի հալածանքներն են որ մարսողութեան լուրջ խնդիրներ պիտի տան ձեր
«Նոր Հայաստանին» – զորս իրականում մօտ երեսուն տարի առաջուայ Հայաստանն է – :
***********
Սերժ Սարգիսյանը երկու ճակատագրական սխալներ գործեց՝
. Լեւոն Տէր-Պետրոսյանը օրինական հետապնդման չենթարկել, Փետրուար 2008-ի պետական յեղաշրջման փորձին համար: Որու առիթով նաեւ կարելի էր դատարանների առջեւ քննարկել Հայաստանի նախնական թալանի հարցը:
. Ուզել նախագահ դառնալ, նոր Սահմանադրութեան հիման վրայ:
Երեւի
ինք իսկական Ալբանացի չէր…
***********
Տասը ամիսներէ
ի վեր, անդադար եւ կանոնաւորապէս , տարբեր աստիճանի եւ տարբեր տեսակի
«ազդարարութիւններ» տալիս է Ռուսաստանը:
Ամէն անգամ՝ զանոնք
անտեսելը, minimize կամ brush off ընելը, « չէ, չէ՜, բան չկա՜յ… ամէն բան նորմալ ա »-ի կեցուածքը, հաւանաբար ամենախոհեմ մօտեցումները
չեն:
Իսկ այդ ուղղութեամբ իշխանութեան հաւաստիացումները թէ ի՞նչ ա եղել, իրօք բան չկայ, իրենք շատ ել լաւ յարաբերութիւններ ունեն Մոսկուայի հետ, կը մնան մակերեսային խօսքի, ակնյայտօրէն դիւանագիտական թատրոնի մակարդակի վրայ միայն: Մանաւանդ որ միայն այս նիւթին մէջ չէ որ իշխանութիւնը իր լոկ խօսքերը շփոթում է հաստատ ու շօշափելի, անհերքելի իրականութեան հետ: (Ամէն դէպքում, այս նիւթի կապակցութեամբ, այդ խօսքերից իսկ մէկ մասը բաւական երկդիմի են, ambiguous են…)
Ասիկա, բառացիօրէն, կրակի հետ խաղալ է: Եւ վերջին պահին միայն զարթնիլը այս պարագային կը նշանակէ թէ ռումբերու պայթումի հնչիւնները պիտի ունենայ ժամացոյցին զանգակը, եւ երկարատեւ քունի ծայրը սուրճի բուրմունքով չէ որ պիտի դիմաւորուինք, այլ հոծ վառոդի հեղձուցիչ հոտն է որ կը սպասէ մեզ, դեռ կէս-բաց, շուարած աչքերով:
Ամէն առաւօտ որ Հայաստանի ե-թերթերը կը բանամ, սիրտս ուղղակի կը տրոփէ, եւ կ’ակընկալեմ որ բացուող էջին ամենավերեւը պիտի տեսնեմ յանկարծ այդ բացառիկ տեղեկատւութեան, խոշոր եւ ահարկու բաժինները, որու միջոցաւ Ապրիլ 2016-ին կը հաղորդուէին պատերազմի տագնապալից լուրերը:
Մեծն Տակնուվրայութեան սկիզբի ամիսները, այսպիսի արտայայտութիւնները դատարկ, կեղծ ու մարտավարական ահազանգներ են, ըսին ոմանք: Ակնյայտ իրողութիւնները անգամ շինծու լուր որակուեցան: Սակայն հիմա, այս պահէ ետք, որեւէ տրամաբանութիւն չկայ որ այս սոսկալի մտահոգութիւնը անուղղամիտ լինի: Վտանգը չափազանց լուրջ է, եւ աղէտը՝ շատ հաւանական: Այլեւս ու այս ընթացքով, լայնածաւալ պատերազմը գրեթէ ստոյգ հեռանկար է: «Եթէ»-ն չէ այլեւս հարցը, այլ «երբ»ը, եւ նաեւ՝ ի՞նչ տարողութեամբ:
02.02.2019
***********
Հայաստանի այժմու իշխանաւորները, իրենց ընդհանուր եւ անսահման անճոռնիութիւնները սկսելէն ի վեր, պարբերաբար ու այլազան մօտեցումներով, Հայոց Եկեղեցին կը վարկաբեկեն:
Վերջերս, Կրթութեան եւ դեռ չգիտեմինչերո՜ւ «Սուպեր-Նախարարը» (չշփոթել, Երեւանի Կարգին Քաղաքապետի յղացած մշակութային գլուխ-գործոց՝«Սուպեր-Մամա»յին հետ), Պատուարժան Պարոն Նախարարը ուրեմն, որուն կրնայ նաեւ վստահուիլ չեղարկուած Սփիւռքի Նախարարութեան առաքելութիւնը, դպրոցի մը մէջ պատահաբար հոգեւորական գործիչի մը հանդիպելով, բոլորին առջեւ զայն յանդիմանած է, նոյնիսկ վռնտել փորձած է, հետեւեալ խօսքերով՝ «Ի՞նչ գործ ունեն քահանաները դպրոցում» :
Հարաւային Կովկասի հայ ծագումով կարգ մը բնիկներուն համար, դժուար է յիշելը թէ միլիոնաւոր հայեր կան, այսուհետեւ Դասական Սփիւռք կոչուող իրականութեան մէջ (որմէ դուրս են այսինքն նշեալ հայանուն բնիկներու այն զանգուածը որ, կարելի եղածին չափ արագօրէն ու վերջնականապէս, մեծ հրճուանքով, հիանալի տուխով, լքած է իր բնօրրանը) :
Սակայն նկատի ունենալով որ Հայաստանի իշխանութեան (այս անգամ ալ, իրենք) բռնատիրացած
դեղնակտուցները, միայն նիւթական հաշիւներով, գոնէ կը
ջանան,
երբեմն եւ իբրեւ թէ, ձեւական կարեւորութիւն մը բեմադրել՝ այդ Աւանդական Սփիւռքի նկատմամբ, օգտակար կ’ըլլայ որ անոնք նկատի ունենան թէ ամէն անգամ որ կը թքեն Հայոց Առաքելական Եկեղեցիին վրայ, թքում են մի քանի միլիոն հայերու վրայ:
Թէ, 70 տարիներու ընթացքին, ի միջի այլոց
սպանած են մինչեւ իսկ Աստուած, այդտեղ, դա
իրենց խնդիրն է:
Սակայն Հարազատ Սփիւռքին համար, Հայ Եկեղեցին
– իր երկու վարչական տարբերակներով – էական նշանակութիւն ունի. թէ՛ վերացական եւ թէ՛
շատ գործնական մակարդակներու վրայ:
Արդարեւ, սերունդներէ ի վեր օտարութեան մէջ ապրող հայերուն համար, իրենց ազգային ինքնութեան մէկ հիմնական բաղադրիչն է քրիստոնէական հաւատքը, եւ հետեւաբար՝ իրենց հաւաքական պահպանումի եւ գոյատեւման երաշխիքը. զորս կը մնայ տակաւին ի զօրու, անհրաժեշտ ու կենսական, քանզի Հայաստանը չկարողացաւ ժամանակավրէպ դարձնել այդ դրութիւնը:
Իսկ Հայ Եկեղեցին, նաեւ, որպէս կազմակերպութիւն, դասական Սփիւռքին համար Հայոց Պետութեան դերակատարութիւն ունեցած է եւ տակաւին ունի, այլազան ոլորտներում: Արդեօք մանաւանդ ասկէ՞ է որ կը վախենայ, յատկապէս այժմու վարչակարգը…
***********
ես ալ իսկապէս
չեմ հաւատար որ Փաշինյանը, ինք, որեւէ «դաւաճանութիւն» կ’ընէ
իրողութիւնը այն է թէ սակայն ժողովուրդին մէջ կայ մի հատուած, որուն համար այդքան ալ անկարելի չէ շատ մի զիջումներու հաւանութիւն տալ, եթէ հաւատան որ շնորհիւ անոնց արտադրած ռազմական խաղաղութեան,
իրենց առօրեան պիտի բարելաւուի
սակայն անհնար է գիտնալը թէ բնակչութեան ի՞նչ տոկոսը կը կազմէ այդ հատուածը… կրնայ աննշան ըլլալ, կամ ալ… կրնայ ցնցիչ անակընկալ մը ըլլալ, հանրաքուէյի պարագային…
իսկ «ժողովուրդների բարեկամութեան» նիւթը առաջ տանող ամենաբարձ աստիճանի այժմու գործիչը, Առաջին Տիկինն է… այստեղ եւս, սակայն, յստակ չէ թէ ինքը այդ մօտեցումը քաջալերողը, ներշնչո՞ղն է, թէ՝ որոշ ժողովուրդի մը մօտ արդէն իսկ գոյացած այդ մօտեցման ինք պարզապէս ընդառաջում է, «համարձակւում» է այս աճող հոգեբանութեան գոհացում տալ, զայն սնանել… շեշտը դնելով արդէն մայրութեան վրայ…
***********
Փաշինյանը, քաղաքականօրէն, ներքին գետնի վրայ, շատ մեկուսացած է: Մինակ է: Շրջապատով մը որ, լաւագոյն ու ամենալաւատես պարագային, դեռ բաւական ժամանակի կարիքը ունի, կարող ու ատակ դառնալու համար:
Հետեւաբար, որպէսզի նա յաջողի ներքին գետնի վրայ նշանակալից բաներ իրականացնել, իսկ արտաքին ճակատի վրայ՝ աղետալի սխալ չգործէ, եւ դիմանայ ամէն կողմից սոսկալի ճնշումների, անհրաժեշտ եւ կենսական է որ ան կազմէ «Ազգային Միութեան» կառավարութիւն, ինք ձեռք երկարելով այլ կուսակցութիւնների լաւ ու օգտակար տարրերին: Նաեւ, խորհրդակցական հաղորդակցութիւններ հաստատէ՝ նախորդ երեք նախագահների հետ: Նախընտրաբար բոլորը միասին, կամ ել զատ-զատ: Նոյնիսկ եթէ երկրորդի պարագային, հանդիպումները տեղի են ունենալու բանտում…
Այս է փրկութեան ճանապարհը: Եթէ ոչ, շատ վատ պիտի վերջանայ այս ամէնը:
***********
Արցախի Հիմնախնդիրը որեւէ զիջումով լուծելու համար,
այժմու վարչապետը իսկապէս ունի՞ լեգիտիմութիւն… Վիճելի է:
Սխալ մի հասկանաք, եթէ կարող է, հալալ: Վերջանանք:
Քանզի փաստօրէն Հայաստանի բնակչութիւնը, եւ նոյնիսկ Արցախի բնակիչներից ոմանք, աւելի
երկար ժամանակ չեն դիմանալու, «յարատեւ պայքարի» տրամադրութիւն չունեն, մղումը
չունեն: Այդ ուղղութեամբ բաւարար «դուխ» չկայ:
Սակայն Փաշինյանը չունի այդ լեգիտիմութիւնը, եւ այդ գետնի վրայ, շատ հեռու չէ ԼՏՊի վիճակից, անոր նախագահութեան լրիւ տեւողութեան, – ոչ միայն վերջաւորութեան – :
***********
Ֆրանսիան եւ Գերմանիան (= իսկական Եւրոպան) չեն վավերացրել ՀՀ-ԵՄ համաձայնագիրը, որովհետեւ արդէն բաւարար գլխացաւեր ունեն, մի հատ եւս չեն ուզում ունենալ:
Այդ խոշոր գլխացաւերից մին՝ Ուկրայինա կը կոչուէր (անցեալ
եղանակ, քանզի արդէն, այն որ էր կամ կը կարծէր լինել, գոյութիւն չունի) :
Չի բացառւում նաեւ որ անոնք Հայաստանից աւելի լաւ գիտակցում
են Հայաստանի շահերին, եւ խնայում են զայն, գիտնալով թէ հետեւանքները ինչ են լինելու,
եթէ այդ համաձայնագիրը առաջանայ:
Ժամանակ էք վատնում: Մինչեւ որ Արցախի խնդիրը չլուծուի,
Ռուսաստանից քայլ մը անգամ, չէք կարող հեռանալ: «Քայլ արա»ն ալ այդտեղ վերջ կը
գտնէ, դուխն ալ, ծուխն ալ:
***********
եթէ մի քիչ ել բարեհաճէիք դիմանալ, համբերել, ամէն բան ալ կը բարելաւուէր, բանական եւ տրամաբանական չափերով
Սերժ Սարգիսեանի հրաժարականով գոհանայիք, առանց մնացեալ եղածն ալ չեղածն ալ քանդելու, անէացնելու, եւ այդ ալ ինչ հրճուանքո՜վ
հիմա, դէպի ետ գնացիք երեսուն տարի… այսպէս, զերոյից լրիւ ետ սկսէք, տեսնենք այս անգամ որքան կը դիմանաք եւ կը համբերէք
***********
Իսկ կանխելու համար սովորական, աժան առարկութիւնը թէ՝ «դուք հըլէ եկէք ապրեցէք այստեղ, տեսնենք ոնց կը դիմանաք», նկատի ունենանք որ ատիկա վերջապէս ձեր երկիրն է. մենք,
ախպարներս, ոչ թէ որեւէ նախահայր իսկ չենք ունեցած այդտեղ, այլ մեծ-հայր,
կամ հայր իսկ չենք ունեցած այդտեղ.
Երբ որ, փաստօրէն, երեսուն տարիներ անց, դուք այսպէս չկարողանաք նորմալ երկրի մը վերածել ձեր այդ երկիրը, Անկախութեան առաջին օրէն իսկ սկսեալ, ալիք առ ալիք փախչում էք ձեր երկրից, լքում էք զայն, մենք ձեր տե՞ղը գնանք այդտեղ, ու զայն ոտքի հանենք… Որ փորձենք, առիթը չէք տար, քանիները գնացին, սնանկացած ետ վերադարձան…
Մենք իրաւունք ունինք միայն դրսից փողեր ուղարկելու, այդքանը միայն: Ի դէպ, եթէ ձեր Փաշինյանը յոյսը դրած էր սփիւռքահայ ներդրողների վրայ, դեհ հիմա թող երթայ եւ Թանկյանին, Խանճյանին եւ Գլենտեյլի քաղաքապետին հարց տա թէ, բա ո՞ւր են, այդ ներդրողները:
***********
«փողը տեղ չէր հասնում», անշո՜ւշտ… իսկ այդ բոլոր ենթակառոյցները որ սարքուեցան, ամբողջ Երեւանի Կենդրոնը որ ծաղկեցաւ եւ մաքրուեցաւ, հարիւր հազարաւոր սաները որ տարիներով սնանուեցան, հագուեցան, դպրոց գացին, եւայլն. եւայլն., այդ ամէնուն մէջ բնաւ չկային դասական Սփիւռքի նուիրատւութիւնները…
այս բոլորը միրաժներն են, չէ՞… մեր ազգասիրական երեւակայութիւնն է՝ [Himnadram website, Completed Projects,
on 75 pages to date]
բայց ոչինչ, գիտենք որ ձեզմէ շատեր տարրական երախտագիտութեան հետ խնդիր ունիք, մենք ալ ձեր մերսիին կարիքը չունինք արդէն, անոր համար չէ որ օգնում ենք ձեզ
***********
ազգային ինքնութեան խնդի՞ր… lol…
դասական Սփիւռքի մէջ երեխաներ կան որ երկու բառ հայերէն չեն գիտեր, եւ իրենք զիրենք շատ աւելի հայ կը զգան, հայու ազգային գիտակցութեամբ տոքորուած են, աւելի հպարտ են հայի ծագում ունենալով, քան թէ Հայաստան անունով այդ երկրի բնիկներու մէկ հսկայական բաժինը – ձեր ԼՈՍի դասալիքները միայն բաւարար են արդէն, փաստելու համար այս իրողութիւնը –
ձեզմէ շատեր է որ օտարացած ախպարներից կարիքը ունիք սովորելու թէ ինչ է նշանակում հայ լինել, եւ իսկապէս Հայրենիքը սիրել… զայն սիրել ոչ թէ մեր անհատական, անհատապաշտ բարօրութեան համար, այլ որպէս Գաղափար… Պարտականութիւն… դեռ հարիւր հատ «յեղափոխութիւն» ընէք նէ ալ, չէք հասկնար ասիկա…
***********
նախ վստահ եղէք որ այդ «անբարոյականությունը», նշանակալից կերպով, դարմանուեցաւ, յետոյ դուք ձեզ ծափահարեցէք անցած ինը ամիսների անհեթեթութեան համար
չեմ խօսում հիներից մնացորդածին մասին… այլ իրբեւ թէ նորերի մասին…
***********
ձեր այն խորունկ խնդիրները զորս ուզում էք լուծել, շատ քիչ, նուազագոյն չափով կապ ունին քաղաքական համակարգին հետ, մինչ դուք կարծում էք թէ անոնց բոլորին լուծումը կը գտնուի քաղաքական ոլորտում… այս պատճառով ալ պարապ բան էր տեղի ունեցածը… բայց անկէ օգտուողներուն՝ անուշ լինի…
***********
Եվրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ), ադրբեջանցիները ձեզանից աւելի պատուաւոր դիրքի վրայ են… իրենք, իրենց երկիրը չյանձնեցին անատակ թափթփուկներու
ի դէպ, ո՞ւր են 70%ով իշխանութեան տիրացողների հանճարեղ պատգամաւորները, այս ելոյթների ընթացքին… դպրոցական պարտականութիւնը չեն աւարտած, տո՞ւնն են մնացել…
***********
. անցեալ տասը-տասնըհինգ տարիներու ընթացքին է, որ պէտք էր Հրանտ Մարգարեանը չվերընտրել, ՀՅԴի գերագոյն ղեկավարի պաշտօնին
. ներկայ պահը ամենավատ պահն է, դադրեցնելու համար իր այդ պաշտօնը
քանզի անկէ պիտի օգտուին միայն ու բացառապէս՝
ոչ-դաշնակսացական հակադաշնակցականները
դաշնակցական հակադաշնակցականները
Փաշինյանը, իր ոհմակը եւ իրենց հօտը
թուրքերը եւ Հայ Ազգի այլ թշնամիները
. մինչ, այդ ամէնուն դիմաց ի՞նչ է այդ փոփոխութեան բովանդակային օգուտը,
յառաջիկայ չորս տարիներու հեռանկարով՝ zilch,
nada
իր մեկնումի պիտի չդարմանէ, այլ ալ աւելի պիտի սաստկացնէ ներքին կուսակցական պառակտումը,
գոնէ մի քանի տարիներ եւս
. ի միջի այլ տէժա վիւներու կարգին, այս կացութիւնը,
այս կացութիւնը եւս ուղղակի կրկնութիւն մըն է Հրայր Մարուխեանի սոյն պաշտօնի աւարտումին՝
https://haytougchamlian.blog/աքսորուած-ազատութիւնը-1992/
. եղածը եղած է արդէն, մարդը թող մնայ
իր տեղը, քիչ մը եւս.
միայն թէ, քիչ մը թեթեւէն թող առնէ իր հեղինակութեան կիրառումը, մինչ ղեկավարներու յաջորդ սերունդը կը պատրաստուի, եւ յաջորդ Ընդհանուր Ժողովին բացայայտօրէն տեղի կ’ունենան հիմնական փոփոխութիւնները
Հ.Շ.
***********
Ինը ամիս, փորձելէ, չափելէ ետք՝ պետական բարձր պաշտօններու վրայ այդ ժամանակամիջոցին տեղաւորուած անձերու կարողութիւնները, եւ տեսնելով թէ անոնցմէ որոնք իսկապէս յարմար չէին այդ մակարդակի պաշտօններու համար, Վարչապետը դարձեալ գրեթէ անոնք բոլորն ալ տեղադրեց նոյն մակարդակի պաշտօններու վրայ :
Սա նշանակում է որ Պարոն Փաշինյանն է տալիս օրինակը իր շրջապատին, թէ բնաւ ու երբէ՛ք պէտք չէ ընդունիլ որեւէ սխալ:
Իր հեղինակութեան անվայել մտայնութիւնը այն է թէ, եթէ այդ գատրերը կամացուկ մը իսկ, նոր ընտրութիւնների առիթով, փոխէր, դա մեկնաբանուելու էր որպէս իր անձնական ձախողութիւնը: Այսինքն, նախընտրելի է կրկնել սխալը, ի վնաս համայն երկրին, քան թէ ընդունիլը որ դա սխալ էր:
Չի կարելի…
Հ. Շ.
***********