ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք

Նկատի ունենալով թէ որքան ճակատագրական, օրհասական է պահը,

հետեւաբար, մէկդի դնելով այլազան ու բազմաթիւ, բոլոր այլ նկատողութիւններ,

հրատապ ու անյապաղ կերպով՝

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պէտք է որ ներազգային դաշինքի մը հետեւեալ առաջարկը ներկայացնէ՝ Նիկոլ Փաշինյանին:

Բացէ ի բաց, Հանրութեան առջեւ: Առանց քուլիսային խաղերու:

Լայն գիծերով,

.  ՀՅԴն կը ստանձնէ, բացառապէս արտաքին ճակատի վերաբերող՝ մի քանի պետական բարձրաստիճան պաշտօններ: Որոնց կը տրամադրէ իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, իր մարդուժը, իր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը, լրիւ ապակուսակցական ըմբռնողութեամբ եւ մօտեցումով:

.  Դրա փոխարէն, ՀՅԴ-ն կը դադրի որեւէ ձեւով իշխանափոխութիւն պահանջելէ:

( Անկեղծ ըլլանք, ասիկա արդէն զիջում մը իսկ չէ… Քանզի այդ պահանջքը, այլեւս փաստօրէն՝ ի զուր եւ ապարդիւն է:

Սակայն եթէ որպէս պայմանաւորում չհաստատուի այս կէտը, առաջարկը անհեթեթ կը դառնայ:

Պէտք չկայ նաեւ աւելցնելու որ ասկէ աւելի, ի հարկին, ՀՅԴ-ն գործօն կերպով զօրաւիգ կը կանգնի իշխանութեան: Քանի որ ՀՅԴէն զատ՝ արդէն մարդ չկայ, ամբողջովին խղճալի եւ անյոյս վիճակ է, Ընդդիմութեան դաշտին վրայ: Եւ ամէն պարագայի, վարչակարգին հաւատարիմ ուժայինները արդէն աւելի քան բաւարար են, այդ գործին համար: )

. Եւ այսպէս, մինչեւ՝ Ազգային ժողովի յաջորդ հերթական ընտրութիւնները: Երբ կը լուծարուի ու վերջ կը գտնէ այս – սահմանափակ ու ժամանակաւոր – դաշինքը:

* * *

Հնարաւոր է շատ, շա՜տ բաներ ըսել, այս ուղղութեամբ:

Մեծ մաս մը ըսուած է արդէն, նախորդ բազմաթիւ յօդուածներուս մէջ. բայց դեռ ուրիշ ըսելիքներ ալ կան…

Ամէն դէպքում, ոե՛ւէ մէկը չկայ, որ կարողանայ ստորագրեալին այպանել՝ իր յայտնած ներկայի այս միտքին համար:

«Երեւանի Գարուն»ի առաջին օրէրէն սկսեալ, ես տեւաբար եղած եմ – ու խորքին մէջ, կը մնամ – դէմ՝ Փաշինյանին եւ փաշինյանիզմին:

Մինչդեռ, պարզապէս յիշենք որ, այսօրուայ Ընդդիմութեան հիմնական դէմքերը, բոլորն ալ՝ 2018-ին համագործակցեցան Փաշինյանի հետ: Այդ տարուայ Մայիսէն մինչե՜ւ Հոկտեմբեր…  Կէս տարի ժամանակ:

Էն վախտ, ՀՅԴ-ն՝ նախարարներ ունեցաւ, Փաշինյանի առաջին կառավարութեան մէջ:

Միմիայն Քոչարյանը, գոնէ ըստ երեւոյթներուն, զօրակցական կամ համագործակցական կապեր չէ ունեցած՝ Փաշինյանի հետ:

Դեհ, ան ալ, հիմա տեսանք թէ ինչ զօրութիւն ունի: Թող ուրեմն երթայ, եւ իր շնորհալի հարսին հետ՝ «Գինի Լի՜ց» թող երգէ… Պարելով… Քանզի փաստօրէն իր մօտ, ոչ որեւէ տասնոց մնացել է՜, ոչ էլ ֆիշենկ: Ոչ իսկ ֆըթթե՛շ մը:

Բայց դա արդէն, մեր գործը չէ:

* * *

2020ի վերջին պատերազմի հրադադարէն ի վեր, անցած են գրեթէ երկուուկէս տարիներ:

Հակափաշինյանական պայքարը՝ անելի մէջ է, ճապաղած է, ճահճացած է: Դարձած է զուր, ամուլ, անիմաստ: Շուտով արդէն՝ ծիծաղելի:

Այս հանգրուանին, ազգային ճգնաժամի այդ սոսկալի պահին՝ 132 տարեկանը անց, պատկառելի Կուսակցութեան վայել չեն՝ Ընդդիմութեան այլեւս երեխայական, տղայական դարձած, անհասկնալի կեցուածքներն ու վարքագիծը:

Եթէ ոչ՝ այս դաշինքը, ապա ի՞նչ է՝ այլընտրանքը:

Երբ որ երկուուկէս տարիներէ ի վեր, պոռալ-կանչելէ զատ, ուրիշ բան չտեսանք…

ՀՅԴաշնակցութիւնը այն գաղափարական կազմակերպութիւնը չէ՛, որ պիտի սպասէ յաջորդ Հայոց Աղէտը, որպէսզի դրանից «օգտուի»՝ ներքաղաքական գետնի վրայ:

Եւ այդ ալ, որպէսզի՝ ի՞նչ:

Որ Քոչարյանը վարչապետ դառնայ, եւ մի քանի նախարարութիւննե՞ր բարեհաճի շնորհել ՀՅԴին: Մինչ, ընթացքում, ինք անհետացած է… Մերժեց նոյնիսկ ստանձնել խորհրդարանային իր պաշտօնը: Իսկ յաճախ արիւնալի ցոյցերու ժամանակ, քանի՞ հոգի փողոց իջաւ, քանի՞ երիտասարդ, շնորհիւ իրեն…

Ի սէր Հայոց ազգային վեհ ու գերագոյն շահերին՝ անձնական զգացումներն ու յուզականութիւնը կուլ տալու, ներազգային քէներն ու ոխերը մէկդի դնելու, զգաստանալու, լրջանալու պահն է:

* * *

Այստեղ նշենք ու ընդգծենք գոնէ հետեւեալ երկու՝ ծանր եւ իմաստալից իրականութիւնները, որպէս իւրայատուկ փաստարկներ:

. Հայոց Ազատագրական Շարժումի զինեալ պայքարի սպառումէն ետք, տակաւին Հայ Ժողովուրդը պաշտպանել ջանալու համար, Հայ Ազգին ծառայելու բացառեալ միտումով, ՀՅԴաշնակցութիւնը, Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի դէմ ՝ յեղափոխութեան դաշինք կնքած է, «Երիտասարդ-Թուրքերի» հետ:

. Իսկ Գարեգին Նժդեհը, միայն իր փոքր գումարտակով՝ լման Կարմիր Բանակին գլուխ բռնելէ ետք, բանտարկութեան մէջ, Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան՝ դեռ ծրագիրներ առաջարկեց. որոնց ընդմէջէն ան կը յուսար որ ինք, սոյն սովետական իշխանութեան հետ, տակաւին կը կարողանայ ծառայել Հայ Ազգին. մինչեւ իր վերջին շունչը:

Ժամանակի մէջ ոչ շատ հեռաւոր, այդ պատմական վեհագոյն նախադէպներուն բաղդատած, այսօր, այժմու ահաւոր կացութեան մէջ՝ ՀՅԴաշնակցութիւնը չ՞ի կրնար վերոնշեալ դաշինքը առաջարկել, ՀՀ այժմու վարչակարգին:

* * *

Փաշինյան ը կը մերժէ՞:

Կարելիութիւն մըն է, դժբախտաբար:

Սակայն նոյնիսկ այդ յաւելեալ ու ափսոսալի յուսախաբութեան պարագային՝ գոնէ Պատմութեան մէջ, Պատմութեան առջեւ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը փաստած կ’ըլլայ – դարձեալ ու անգա՛մ մը եւս – որ, ի սէր Հայ Ազգին, նա կարող է՝ գերմարդկային ջանքեր կատարելու:

Թէ նա ունի՛, այդ ուժը: Այդ արտասովոր քաջութիւնը, վեհանձնութիւնը, առաքինութիւնը, ծայրագոյն նուիրումի գիտակցութիւնն ու կարողութիւնը:

Մինչե՛ւ ծայր:

Ու մանաւանդ՝ անկէ անդին…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

22 Մարտ 2023

« Ելնելով այն մտահոգութիւնէն, որ Հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է, եւ շատ վտանգաւոր ճգնաժամի մէջ է։
Ելնելով այն իրողութիւնէն, որ Հայրենիքի այսօրուայ պայմաններու մէջ, իշխանութիւնները իրենք իրենց մէջ կծկուած,
եւ այդ աթոռները ձեռքէ չտալու տագնապին մէջ,
չեն ուզեր տեսնել, որ այս ընթացքով, տեղ մը, ե՛ւ իրենք պիտի մխրճուին
ե՛ւ մեր ժողովուրդը դժբախտաբար շատ բան ձեռքէ կու տայ,
հակառակ այս բոլորին, ես՝ յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամբողջ կազմակերպութեան
– Հայաստանէն մինչեւ Ամերիկա, մինչեւ Պարսկաստան, մինչեւ Սուրիա, մինչեւ Լիբանան,
մինչեւ ուր որ Դաշնակցութիւնը ունի իր կազմակերպական ցանցը եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները -,
գործակցութեան ձե՛ռք կը մեկնեմ Հայաստանի իշխանութիւններին։ » — Հրայր Մարուխեան [տեսանիւթ]

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք