Հայութեան այժմու վիճակին առաջնահերթ պատասխանատուն, նախնական յանցաւորն ու սկզբնական մեղաւորը՝ Սերժ Սարգսյանն է:
Քանի որ ինք, անձնատուր եղաւ՝ փողոցային այն անհեթեթ իրարանցումին, որու ընդմէջէն գոյացաւ, կազմուեցաւ ու տեղ հասաւ՝ Հայաստանի այժմու դժոխածին վարչակարգը:
Ինքն է որ այդ պահին, թերանալով իր պետական էական պարտականութիւններուն մէջ, երկիրը նուիրեց սոյն ազգակործան վարչակարգին: Հայոց ճակատագիրը լքեց, յանձնեց՝ Խաւարներուն:
Արտաքին ճակատի վրայ կապիտուլյանտին առջեւը, ներքին ճակատի վրայ, նախապէս կապիտուլյանտ եղողը՝ ինք է: Վսեմաշուք Պարոն Երրորդ Նախագահը:
Վերեւ պարզուած հաստատումները, անպայման որ պիտի արձանագրուին Հայոց Պատմութեան մէջ:
Ու ինք, շատ լաւ գիտէ ասիկա: Մէկ հատ մը երեսին նայեցէք, Աղէտէն ետք առնուած նկարներուն վրայ: (Այդ ալ սակայն ու գոնէ՝ ի պատիւ իրեն… Բաղդատելով թուրքերուն կողմէ բնաջնջուած – եւ համայն Հայութիւնը ջախջախումի, սուգ ու ողբի ենթարկած – անխռով իշխանաւորներու տակաւին ինքնագոհ եւ ինքնահաճ, ժպտուն դէմքերուն հետ… իրենց բառացիօրէն խնդումերես պատկերներուն վրայ… կարծես թէ, հէ՜չ… իրենք ի՞նչ կապ ունին, այդ ամէնուն հետ…)
* * *
Այստեղ աւելցնենք սակայն որ նաեւ ինքն է, Սերժ Սարգսյանը, որ Քոչարյանից ստանալէ ետք, նրա ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ՝ վերականգնած, վերելքի ճամբուն վրայ տեղաւորուած երկիրը՝ պարապի տարաւ, վատնեց ու մսխեց ամէն բան:
Եւ այդպէսով է որ նա, ի միջի այլոց, իշխանութեան ճանապարհը բացաւ ու հարթեց այդ ճիւաղային «իմքայլականներուն» առջեւ: Այստեղ ալ յիշենք որ, 2018ին ջահել-ճիվելեկ խլլոտներու առջեւ ծունկի գալէն տարի մը առաջ, 2017-ին, նոյն Սարգսյանն էր որ թոյլ տուած էր, որ՝ Փաշինյանը, իր այդ այլանդակ «Օմեկա»յին եւ այդ, խոր ախորժակով քիթը-խառնող աղջկան հետ, մուտք գործեն՝ ՀՀ Ազգային Ժողով:
Նոյն Փաշինյանը, որ 2008-ի պետական տապալումի փորձին ղեկավար ԼՏՊի՝ երկրորդ ջուդակահարն էր: Ու այդ պատճառով, դիմած էր ընդյատակեայ փախուստի, ապա ըստ էութեան դատուած էր, եւ դատապարտուած: Բանտարկութեան դատավճիռի տեւողութիւնն ալ կարծեցնողը, նախագահական ներումի միջոցաւ, նոյն Սարգսյանն էր:
Յետոյ ալ՝ «Նիկոլ Փաշինյանը ճիշտ էր, ես սխալ», եղեր…. հա… Բայց քո այդ սխալին գինը, ո՞վ վճարեց, աբեր !!
Եւ դեռ այդ ամէնէն ետք, ամենայն հաւանականութեամբ, իր պատճառով է նաեւ որ պաշտօնական Ընդդիմութիւնը իսկ, մինչեւ օրս, բաւարար կերպով ու չափով՝ միասնական չէ…
* * *
Ուրեմն, հիմա:
ԵԹԷ, ե՛թէ, այս անգամ նորէն, մէկ անգամ եւս – ինչպէս որ ԼՏՊի վախտ -, Քոչարյանը բաւարար ուժ չունի, դարձեալ կարենալ Հայութիւնը ձերբազատելու համար, հիմա էլ, այս Գերագոյն Պատուհասէն, ապա՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պէտք է որ համագործակցի Նիկոլ Փաշինյանին հետ :
Mark my words… (mark them this time again, that is… բարեհաճելով յիշել թէ ինչ կ’ըսէի, կը գրէի եւ կը հրապարակէի, 2018-ի այդ հաւաքական ինքնասպանութեան ընթացքին, դրա ամենասկիզբի՛ օրերէն սկսեալ իսկ…)
* * *
Այսինքն, ի՞նչ: Ի սէր Հայութեան, կարելի էր համագործակցիլ Իթթիհատին հետ, բայց ո՞չ՝ Փաշինյանին:
Երբ որ ուրիշ ճար չկայ…
«Երբ չի մնում ելք ու ճար», հա… բայց, երբ որ Սարդարապատ ալ, չկայ… շատ լաւ տեսանք, այդ մէկն ալ… Իսկ այն «խենթերը [որ] գտնում են հնար»՝ բոլորը Եռաբլուր – եւ այլ գերեզմաններում – համախմբուած են. բացի միայն անոնք, որոնց աճիւնները դեռ չեն գտնուած… եթէ արդէն մինչեւ հիմա, ժամանակի ընթացքով կամ… բնութեան միջամտութեամբ, այդ աճիւններն ալ չանհետացան:
Յիշենք վերջապէս որ Գարեգին Տէր-Յարութիւնեանը պատրաստակամ էր համագործակցելու՝ նացիներուն հետ ալ, բոլշեւիկներուն հետ ալ – իր կեանքի մայրդամուտին – : Ի սէր Հայ Ազգին:
* * *
Թերեւս վերեւ ուրուագծուած համագործակցութեան ճանապարհով, գոնէ շանս մը կ’ունենանք այդ՝ բացառապէս Հայութեան վիճակուած, Յայտնութեան Հինգերորդ Ասպետին ընթացքը, դանդաղեցնելու:
Քանի որ հիմա այլեւս յստակ դարձաւ, որ Ըննդիմութեան միջոցաւ՝ անկարելի է որեւէ բան փրկել: Ոչ ալ առաջքը առնել դեռ գալիք աղէտներու:
Ընդհակառակը, այժմ Ընդդիմութիւնը ձեռնտու է՝ վարչակարգին: Քանզի տեւաբար վաւերացնում է՝ զայն. նրա վարքագիծը, արարքները, թերացումները:
* * *
«Դիմադրութիւնը» անհրաժեշտ էր, կենսական էր, փրկարար կը հանդիսանար՝ Մայիս 2018ին: Ոչ թէ, հիմա: Երբ որ արդէն ծայրագոյն Աղէտը դարձաւ իրականութիւն: Լայնօրէն անդառնալի իրականութիւն… Մեր նահատակները գոնէ՝ այս աշխարհ ետ պիտի չվերադառնան, հաստատ:
Եւ հիմա, յատկապէս ողբալի վիճակ մըն է՝ ժամանակը ետեւ տանիլ փորձելը, սրբագրել ջանալու համար 2018ին գարնան գործուած ճակատագրական, աններելի սխալները:
Ամէն մարդ, իր խղճին հետ թող հասկցուի:
Առանց որ, հիմա ալ՝ այդ պատճառով, դեռ յաւելեալ զոհեր ալ տանք…
* * *
Իսկ եթէ մտահոգութիւնը այն է որ, ի՞նչ պիտի ըսէ «ժողովուրդը», եթէ հիմա ալ ՀՅԴ-ն համագործակցի Փաշինյանի հետ, պատասխանը շատ պարզ է՝ հակադաշնակցականը միշտ ու ընդմիշտ պիտի մնայ հակադաշնակցական, ի՜նչ որ ալ ընէ կամ չընէ Դաշնակցութիւնը:
Եթէ Հայաստանի եւ Արցախի բնիկները անկարող են իրենց, իրենք իրենց միջեւ ստեղծած խնդիրները լուծելու իրենք իրենց միջեւ, ապա «շուն դաշնակները» – որոնց հիմնական ուժն ու կարողականութիւնը՝ Դասական Սփիւռքի մէջ է – բնաւ պէտք չունին դեռ իրենք զիրենք աւելի քայքայելու, պարապ տեղը փճացնելու, այս նիւթերով:
* * *
Համաձայն չէ՞ք, վերեւ պարզուած ՀՅԴ-Փաշինյան Ֆաուստատիպ
համագործակցութեան մը առաջարկին հետ: Շատ բարի:
Ուրեմն այդ պարագային, լրջօրէն մտածեցէք թէ, շօշափելի եւ գործնական գետնի վրայ, ո՞ւր պիտի երթանք այս ընթացքով: Հաճեցէք ինծի ալ լուր տալ, հետաքրքրուած եմ, իսկապէս:
* * *
Մեր կրած անասելի պարտութեան եւ անհուն կորուստներուն համար, ներկայիս եւ անմիջական ապագային, անզօր, անուժ ու անկարող ենք վրէժ առնելու՝ թուրքերէն:
Ուրեմն, այդ վրէժը պիտի առնենք՝ հայերէ՞…
Այդ ալ սակայն, նորութիւն չէ:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
12 Դեկտեմբեր 2021

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...