[ Ամփոփում ՝
Նիկոլ Փաշինյանը պէտք չէ՛ որ հրաժարի, ոչ:
Նիկոլ Փաշինյանի նման պաշտօնական գերագոյն ղեկավար, մենք երբեւիցէ չենք ունեցել, եւ մէյ մըն ալ չենք ունենալու. տառացիօրէն՝ համա՛յն Հայութիւնը համաձայն պիտի հանդիսանայ այս բանաձեւումին. մի հատ եւս կարդացէք զայն, ամէն մէկը լրիւ իր տեսանկիւնից՝ Փաշինյանի նման ղեկավար չենք ունեցե՜լ, ու չենք ունենալու… մէկը չկայ, որ լինելու է հակակարծիք…
Ուրեմն իսկապէս ու լրջօրէն, Փաշինյանը ինք, դեռ անպայման թող մնա՝ Հայաստանի Վարչապետ… Ազգային Ժողովն ալ կը մնայ, ինչպէս որ է արդէն. այսինքն, լայնօրէն՝ նոյն, Պարոն Փաշինյանի ստեղծած իւրայատուկ իշխանութեան ձեռքը…
Կենսական ու հրատապ է սակայն, որ կառավարութեան կազմը՝ փոխուի. այլեւս բաղկացած չլինի միայն ու բացառապէս իմքայլականներից. այլ դառնայ՝ «Ազգային Միութեան» Կառավարութիւն. Փաշինյանի հաւանութեամբ եւ իր նշանակումներով.
Մնացեալը, յաջորդ ընտրութիւններին կ’որոշուի:
Ամբողջական յօդուածը, ներքեւ (հրատարակուած՝ 05.10.2020 թուականէն ի վեր. մի հատ նայեցէք թէ, այդ թուականէն ետք, մեզանից քանի հոգի նահատակուեցան… Հայ Ազգի լաւագոյն զաւակներից…) ]
*****
Մեր անգին երեխաները ռազմաճակատի վրայ հերոսաբար նահատակւում են, հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ կորսնցնում են իրենց զաւակները, խորտակւում են բիւրաւոր կեանքեր:
Մինչ, այն անձինքը – ներառեալ իրենց զինծառայութիւնը իսկ չկատարած երիտասարդներ -, որոնց սխալների պատճառով կրում ենք հիմա այս կորուստները, կռիւներից շատ հեռու, յաղթական կամ ռազմատենչ գրառումներ են հրատարակում Համացանցի վրայ:
Մեր լաւագոյն տղաքը մեռնում են, քանի որ երկրի քաղաքական եւ դիւանագիտական իշխանութեան տիրացած այդ տղամարդիկն ու կիները, իրենք զիրենք եւրոպացի կարծեցին, Հայաստանը արեւմտեան երկիր կարծեցին, եւ «հպարտութեան», «ինքնիշխանութեան» եւ այդպիսի պարապ-պարապ խօսքերի էժանագին ամբոխավարութեամբ, երկիրը լրիւ մեկուսացուցին համաշխարհային գետնի վրայ, յարաբերութիւնները պղտորեցին Հայաստանի միմիակ հնարաւոր դաշնակիցին հետ, ներազգային աննախադէպ պառակտում պատճառեցին համայն Հայոց Աշխարհին:
Եւ այդ ամէնը տեսնելով, թշնամին յարձակեցաւ:
Ու տակաւին, մեր պետական վերնախաւի բազմաթիւ տարրերը, շարունակում են, նոյն ընթացքով:
Տակաւին փրկութիւնը են սպասում, Արեւմուտքից: Եւ խրոխտ համոզում են յայտնում թէ, ամէն դէպքում, մենք ո՛չ ոքի պէտքը չունենք, միս-մինակ կը յաղթենք, եւ կը ստանանք ամէն բան որ կ’ուզենք: Դուխո՛վ:
*****
Պատերազմի ընթացքին, «պետական յեղաշրջման» վարկածը, լրի՛ւ նիւթէ դուրս է:
Իշխանութիւնը կը փոխուի յաջորդ կանոնաւոր ընտրութիւնների ուղիով:
Մինչ այդ բոլորս, որպէս մէկ բռունցք եւ մէկ թիկունք, կը համախմբուինք այժմու իշխանութեան շուրջ, զօրաւիգ կը կանցնինք անոր:
Սակայն այժմ անհրաժեշտ եւ հրատապ է է որ Հայաստանի քաղաքական իշխանութեան ղեկավարները ստանձնեն իրենց պատասխանատւութիւնները, եւ իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ, յօժարակամ, իրենք կազմեն նոր կառավարութիւն մը, որու կը միանան Հայոց ազգային այլազան ուժերու ներկայացուցիչներ:
Փաշինյանը թող մնայ վարչապետ: Հիմա, եղածը եղած է: Եւ ինքը չէր, բուն խնդիրը: (Եթէ որեւէ սխալ ինք կատարեց, իրմէ առաջ նրա հետեւանքների առաջին գիծի պատասխանատուն՝ Սերժ Սարգսյանն է, որ նախ իր սխալով գոյացուց ներքաղաքական ճգնաժանը, ապա հեշտօրէն լքեց իր պետական տարրարական պատասխանատւութիւնը, ու փախաւ: Յետոյ կու գան անոնք, որոնք զօրակցեցան Փաշինյանին, կամ գործածեցին զինք, կամ չհամարձակեցան դէմ գնալ իր շարժումին, ամբոխի հոսանքին: Այդ ամէնէն ետք, հիմա ալ, ինք պիտի չլինի անոնց բոլորին տեղը՝ քաւութեան նոխազ: Անիրաւութիւնը անընդունելի է, որեւէ ուղղութեամբ: Որպէս ամենաառաջին օրերից սկսեալ թո՛ւնդ եւ անվերապահ հակա-յեղափոխական, որպէս միշտ ճակատաբաց «քոչարյանական» – յաճախ հապճեպ ու մակերեսային- պիտակաւորումը ընդունող Հայ Ազգի հաւատացեալ, ստորագրեալը դեռ շատ պաշտպանելու է՝ Հայաստանի այժմու վարչապետը, եւս: )
Սակայն բազմաթիւն նախարարներ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաները, պէտք է որ փոխարինուին՝ ոչ-«իմքայլական», փորձառու եւ բանիմաց քաղաքական գործիչներով: Պարոն Փաշինյանի կամքով: Իր ստորագրութեամբ, կանոնաւոր նշանակումներով:
*****
Արդարեւ, այժմ պետութեան ու երկիրը ճակատագիրը, յանձնուած է բացառապէս՝ ռազմական ղեկավարութեան:
Ներկայ պահին, ոչ միայն Պետութեան քաղաքական-դիւանագիտական բարձրագոյն պաշտօնեաները իրենց էական առաքելութիւնը բաւարար չափով չեն կատարում, այլ խօսում են՝ ռազմական ղեկավարութեան նման: Երբեմն, մի քիչ ել աւելիով…
Եթէ այդ ձեւով կը ջանան սրբագրել իրենց նախկին ծանր սայթաքումները, դարմանել իրենց խիղճը, նախապատրաստել իրենց յետագայ պաշտպանողականը, հիմա ուշ է, կամ գոնէ՝ ժամանակը չէ:
Մէկ ծայրայեղութիւնից միւսը գնալով, աւելի վատթարացնում են իրենց կատարած սխալների հետեւանքները:
Քաղաքական-դիւանագիտական ոլորտում, ականատես եւ ունկնդիր ենք նաեւ նոյն այն վարգածին, որ մեզ հասցուց, այս պահին: Գերյուզական խօսքեր, ջղային պոռթկումներ, անիմաստ կեցուածքներ, երեխայական վերաբերմունք՝ ամենալուրջ ու ծանր նիւթերու կապակցութեամբ, եւայլն.
*****
Մեր ռազմական ղեկավարութիւնը ուրիշ բան չի կարող անել՝ կռիւը շարունակելէ զատ:
Նոյնիսկ տեսականօրէն, որպէս վարկած, տառացի՛օրէն՝ նահանջելու տեղ չկայ:
Նոյնպէս, ռազմական տրամաբանութեան մէջ, սպաները չեն կարող չպատասխանել թշնամիին հրահրած տեւական եւ անսահման եսկալացիային: Որու ծայրը՝ Անդունդ է:
Քաղաքական, քաղաքացիական ուժերը պէտք է որ այժմ աշխատին, իրենց գործը կատարեն, ջանքերու այն նոյն աստիճանով, նոյն որակով եւ նոյն արտակարգ յաջողութեամբ, զորս ցուցաբերում են մեր սպաներն ու զինուորները: Որպէսզի գոյանայ՝ զինադադար:
Զի-նա-դա-դար:
*****
Այս կացութեան մէջ, որեւէ ամբոխավարական արտայայտութիւն՝ քաղաքական իշխանութեան կողմէ, միայն վնաս կարող է բերել մեզի: Առաջ ալ այդպէս էր, եւ հասանք այստեղ, սակայն այս պահին, խօսում ենք անմիջական, ծայրագոյն մարդկային վնասների մասին:
Ընդգծենք որ Արցախի պարագային, քաղաքական ներկայացուցիչները միաժամանակ եւ առաջնահերթ կերպով, զինուորներ են, նախագահը ռազմական ղեկավար է, եւ հետեւաբար իրեն չի վերաբերիր վերոգրեալ ահազանգային զգուշացումը:
Զինադադարի մասին պէտք է որ խօսին ու գործեն, բացառապէս եւ տեւաբար, քաղաքական իշխանութիւնները:
Յաղթում ենք, այո: Մեր Բանակը կարող է այսպէս շարունակել, որքան որ պէտք է, այո: Սակայն յանգումը, ի՞նչ է լինելու:
Իրենց կորուստները մեզանից հազարից անգամ աւելի են, այո: Սակայն երեւի իրենց համար, դա արժէք չունի:
Այս խնդիրը ռազմական լուծում չունի, նամանաւանդ հիմա որ Թուրքիան ուղղակի մասնակից է պատերազմին: Կը կռուինք տակաւին ամիսներ շարունակ, եթէ կ’ուզեն, իրենք թող մտահոգուին այդ հեռանկարից, սակայն եթէ վերջում նորէն պիտի վերադառնանք նախնական կացութեան, նախընտրելի է մեր ուժերը խնայել:
Այն ինչ որ պէտք է անպայման կատարուէր ու ամբողջանար, 1994-ին, էն վախտ՝ հնարաւոր էր: Այժմ, հանգամանքները հիմնականօրէն տարբեր են, եւ կարելի չէ յետադարձ կերպով սրբագրել այդ ճակատագրական սխալը: Այդ մարմաջով, նոր սխալներ չանենք:
Սակայն դրական կերպով դիտենք, վերոյիշեալ իսկ հաստատումը: Էն վախտ, տկարութիւն մըն էր, որ մեր քաղաքական գերագոյն ղեկավարը, զինուորական չէր: Այս անգամ, պատերազմը սկսելէն ետք՝ դա, առաւելութիւն կրնայ հանդիսանալ:
*****
Քաղաքական, դիւանագիտական աշխատանքների դաշտը պէտք է որ լինի նոյնքան հմուտ, վարպետ ու աշխոյժ – եւ հետեւաբար արդիւնաւէտ -, որքան ռազմադաշտը:
Եւ այդ հնարաւոր կը դառնայ, միայն եթէ այժմու քաղաքական ղեկավարութեան բարձրագոյն օղակները ձեռնարկեն նոր կառավարութեան կազմութեան վերոգրեալ գործընթացին: Անմիջապէս:
Մ. Հայդուկ Շամլեան / 05.10.2020
Յ.Գ.1 Իսկ մեր մէջ անոնք որոնք այս օրերին յանկարծ գիտակցեցան թէ ինչ է՝ թուրքը, անոնք, որոնց մէջ յանկարծ ազգային ոգի բուսաւ, թող բարեհաճին հիմա շատ ձայն չհանել: Ոչ՝ մէկ ուղղութեամբ, ոչ ել միւս:
Եթէ – անգամ մը եւս – այսքան կրակի եւ արիւնի կարիքը ունէին, ըմբռնելու համար տարրական իրականութիւններ, իրենց այժմու զարթնումը, իրենց թող պահեն: Եւ իրենք այսքան փափկանկատութեամբ չէ, որ երկար տարիներէ ի վեր, կը ջանային մեզ լռեցնել, դաստիարակել…
Սակայն իրենց խղճին ցաւը, բաւարար թող լինի որպէս հատուցում: Ոմանց տարիքը նկատի առնելով, անոնց մնացեալ կեանքն ալ բաւարար չէ այլեւս, սրբագրելու համար իրենց մեղքը:
Նաեւ այդ տեսակի հայերը հաշուի առնելով է, որ թուրքերը ձեռնարկեցին ընթացիկ յարձակումին:
Այդ ալ սակայն, մի ուրիշ սխալ հաշիւ: Որու ծանր գինը արդէն վճարում են:
Յ.Գ.2 / 07.10.2020՝ Զարմանալին այն է որ, ինչպէս գնացինք՝ մի ծայրայեղութիւնից դէպի միւսը, եւ այսքան արագօրէն…
Անցեալ գոնէ քսան տարիների ընթացքին, մարտունակ խօսքերը՝ վատ ու գռեհիկ կը համարուէին, անխելքութեան, տգիտութեան կամ մոլեռանդութեան կը վերագրուէին, մինչ՝ կոյր, անտրամաբանական ու անհեթեթ, ամենայիմար խաղապաշտութիւնը՝ խելացութեան, կրթութեա՜ն եւ քաղաքակրթութեան տեղ կ’ացնէր:
Մի օրից միւսը, ոչ միայն խաղաղութեան մասին արտայայտուող չմնաց, այլ նոյնիսկ անոնք որոնք հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան-քոյրութեան մասին կը խօսէին տեւաբար, նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկներ կը կազմակերպէին, թշնամիին հետ քաղաքացիական հանդիպումների կը մասնակցէին, հիմա յանկարծ դարձան կատաղի կռուազաններ, բրտութեամբ հարբած պատերազմապաշտներ: Այդ տեսակները ուրեմն, կամ նախկինում կեղծաւոր էին, ինքնուրացութեան մէջ էին, կամ ել հիմա ամաչում են, զղջում են, յանցաւոր են զգում, եւ հակառակ ծայրայեղութեան գնալով, ուզում են յետադարձ կերպով սրբագրել իրենց սխալը:
Մթնոլորտը, առողջ չէ:
Պատերազմը ոմանց համար դարձաւ խրախճանք: Հրճուանք: Երջանկութի՛ւն…
Եթէ պատերազմը երկար տեւէ, հոգեբանական խորունկ խնդիրներ պիտի տեղաւորուին Հայութեան մէջ:
Ամէն դէպքում, այս յաղթանակէն ետք, գոնէ տասնամեակ մը հարկաւոր պիտի լինի, որպէսզի հաւաքականօրէն վերադառնանք դէպի ուղեղային եւ զգացական մօտաւորապէս նորմալ վիճակի մը:
Իսկ երբ որ – Աստուած տա – զինադադար լինի, ի՞նչ է անելու բառացիօրէն խելագարուած, պատերազմը էական իղձի վերածած, ամբոխը:
Մայիս 2018-էն ի վեր, տարրական բանականութիւնը անհետացած է Հայութեան մէջ: Ի մասնաւորի, Հայաստանի մէջ:
Յեղափոխութեան միեւնոյն, հաւաքական մոլորումն է: Միայն թէ այս անգամ հայեր են մեռնում, բնակավայրներ փլատակների վերածւում:
* * * *
« Նորից թիրախավորվում է Շուշին»
նայում եմ քարտէզին
իսկ ո՞նց կարող են խոշոր-խոշոր հրթիռները հասնել մինչեւ Շուշի…
այս պատերազմը փաստօրէն միայն ռազմադաշտում չէ, որ ընթանում է… կամ ել ռազմադաշտը՝ լրիւ Արցախն է…
քաղաքական-դիւանագիտական իշխանութիւնները պէտք է որ ըստ այնմ ուղղեն եւ սաստկացնեն իրենց աշխատանքը
այս պահի հրատապ հրամայականը՝ զինադադարն է. զորս ձեռք բերելը, քաղաքական եւ դիւանագիտական դերակատարների գործն ու պարտականութիւնն է
մինչ այդ, զօրավարները կը շարունակեն պատերազմը, ինչպէս որ պէտք է
(այսպիսի լուրերի ներքոյ, իսկապէս չեմ հասկանում, ՖՊ-ի վրայ, հայկական բիւրաւոր «լայք»երը…)
* * * *
Պատերազմի աւարտէն ետք, յաջորդող ամիսների ընթացքին – թերեւս տարիներ ետք միայն -, կ’ունենանք բաւարար տեղեկութիւն, իրողական տուեալներ, գիտնալու համար թէ ճիշդ ինչ տեղի ունեցաւ:
Այս պահին սակայն, կարծես թէ կայ միայն ու բացառապէս մէկ տրամաբանութիւն, մէկ տրամադրութիւն, մէկ հոգեվիճակ՝ ռազմականը:
Եւ մէկ ձայն՝ քարոզչականը:
Եթէ այսքան հեշտ էր – նոյնիսկ ոմանց համար փաստօրէն՝ հաճելի, չասելու համար զուարճալի… -, խնդիրը լուծել զէնքերու, ռումբերու, կրակի եւ արեան ուղիով, ինչո՞ւ այդքան ժամանակ կորսնցուցինք…
Մայիս 2018-էն ի վեր, կենսական չափով խելք գործածելու ունակութիւնը չքացած է բանականութիւնը անհետացած է Հայութեան մէջ: Ի մասնաւորի, Հայաստանում:
Բարին Աստուծմէ:
****
Ընդգծենք որ 1994-ին, ռազմական յաղթանակը շատ հաստատ էր: Սակայն այդ հիման վրայ, քաղաքական եւ դիւանագիտական «պատերազմը» չտուեց սպասելի արդիւնքները: Մինչ, այն ժամանակ, շատ աւելի հնարաւոր էր հարցը վերջնականապէս փակել, քան թէ հիմա: Թուրքիան այսքան միջամուխ չէր խնդրին, Ռուսաստանն էլ աննշան գործօն էր, ինքզինք փրկելու խնդիր ունէր:
Ռազմադաշտի վրայ, կարելի է կամք պարտադրել, մինչեւ ծայր: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է դա անել, այլ երկիրների պետութիւնների քաղաքական դիրքորոշումների նկատմամբ: Ռազմադաշտի յաղթանակը պիտի պարտադրէ որ մնացեալ աշխարհը Արցախի ճանչնա՞յ: Եւ դեռ, ասիկա ենթադրել կու տայ որ ռազմական պարտութեան պատճառով, ոչ միայն Ադրբեջանը լրիւ անձնատուր պիտի լինի, այլ Թուրքիան ալ վազ պիտի անձի իր միտումներից:
Աւելին, ասիկա ենթադրել կու տայ որ այդ ամէնը կատարուելու է, առանց որ մեր կողմէ լինի նուազագոյն զիջում: Իսկ հիմա, այսքան հոսած հայ արիւնէ ետք, եթէ կէս քառակուսի քիլոմեթրի նկատմամբ զիջումի խօսք լինի անգամ մեր կողմէ, բառացիօրէն ներքին պատերազմ կը սկսի:
Վերջապէս, պարզապէս յիշենք որ այս պատերազմը սկսելէն առաջ, պետական լրիւ ղեկավարութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ներառեալ ռազմական կոչում ունեցող անձերը, յայտնում եւ զգուշացնում էին թէ Արցախի խնդիրը ռազմական ուղիով չի կարող լուծուիլ: Այդ լուսաբանութիւնը ուղղուած էր նաեւ՝ հայերին:
Եթէ այս պատերազմին միջոցաւ, խնդիրը՝ լիովին եւ ամբողջովին լուծուի, վերջանայ, ապա մեր նահատակների անհուն ցաւը, հանդուրժելի կը լինի: Սակայն եթէ այդպէս չլուծուի (խօսում ենք յետ-պատերազմական, յետ-ռազմական- յաղթանակի՝ քաղաքական լրիւ ու վերջնական լուծումի մասին), ապա մեր ամէն մէկ զոհը առ յաւերժ պիտի ճզմէ մեր սիրտը. եւ նաեւ ոմանց խիղճը… :
Իսկ վերոգրեալ առաջին «եթէ»-ն, հաւանական չէ: Այդպէս էին ասում հենց մեր ղեկավարները, պատերազմէն առաջ, այդպէս են մեզ հասկացնում արդէն մեր ղեկավարները, այս օրերին:
Այս պահի հրատապ հրամայականը՝ զինադադարն է: Զորս ձեռք բերելը, քաղաքական եւ դիւանագիտական դերակատարների գործն ու պարտականութիւնն է: Մինչ այդ, զօրավարները կը շարունակեն պատերազմը, ինչպէս որ պէտք է:
Յ.Գ.3 / 14.10.2020՝
Եթէ այս պատերազմին միջոցաւ, խնդիրը՝ լիովին եւ ամբողջովին լուծուի, վերջանայ, ապա մեր նահատակների անհուն ցաւը, հանդուրժելի կը լինի:
Սակայն եթէ այդպէս չլուծուի (խօսում ենք յետ-պատերազմական, յետ-ռազմական- յաղթանակի՝ քաղաքական լրիւ ու վերջնական լուծումի մասին), ապա մեր ամէն մէկ զոհը առ յաւերժ պիտի ճզմէ մեր սիրտը. եւ նաեւ, ոմանց խիղճը… :
Իսկ վերոգրեալ առաջին «եթէ»-ն, հաւանական չէ: Այդպէս էին ասում հենց մեր իսկ ղեկավարները – ներառեալ անոնք, որոնք ռազմական կոչում եւ վաստակ ունին -, պատերազմէն առաջ: Այդպէս են մեզ հասկացնում դարձեալ մեր ղեկավարները, պատերազմը սկսելէն ի վեր:
Այս պահի հրատապ հրամայականը՝ զինադադարն է:
****
Աշխարհում չկայ որեւէ երկիր, որ կախեալ չլինի գոնէ մի այլ երկրից: Մնացեալը, անշուշտ կախուածութեան ձեւին ու չափին կը վերաբերի, սակայն այդ ալ կապ ունի, նուազագոյնը՝ երկրի գոյութեան տեւողութեան հետ, նրա յատուկ պայմաններուն, եւ նաեւ պարզապէս աշխարհագրութեան:
Այս յօդուածը խմբագրող, ստորագրող, հրատարակող եւ տարածողը՝ կ’ապրի Արեւմուտքում:
Եւ զուտ անձնական տեսանկիւնից, երախտապարտ եմ Արեւմուտքին:
Սակայն համայն Հայութիւնը պէտք է որ հասկանայ թէ արեւմտեան պետութիւնները, լաւագո՛յն պարագային՝ անտարբեր են Հայաստանի նկատմամբ: Իսկ նրանցից ոմանք, ուղղակի դաշնակից եւ մեղսակից են՝ Թուրքիոյ:
Հիմա, կը սիրէք, չէք սիրեր Ռուսաստանը, դուք գիտէք: Միայն թէ հասկացէք որ նրանից զատ, Հայաստանը որեւէ ուրիշ դաշնակից չունի, ուրիշ պաշտպան չի կրնար ունենալ: Ի դէպ, «սիրել» կամ չսիրելը, նիւթէ դուրս է:
****
Ռուսաստանի ռազմական – այլեւս՝ բացէ ի բաց… – միջամտութիւնը, այլեւս բացայայտ ու երեւելի ներկայութիւնը, Հայաստանի արցախեան սահմանագծի վրայ՝ իսկական լուծում է, խաղաղութեան երաշխիք է: Ընդունինք այս իրականութիւնը, գոնէ յաջորդ յիսուն տարիների համար:
Կրեմլը «խաղաղապահներ» տեղադրած է արդէն, Հայաստանի յատկապէս արեւմտեան սահմանին վրայ: Հարիւր տարիներէ ի վեր: Թէ որ այդպէս չլինէր, ո՞վ կասկած ունի որ այս պահին Թուրքիան այդ կողմից էլ յարձակման ու ներխուժման ենթարկած չէր ըլլար մեզ:
Խի՞ նոյնպէս չլինի, նաեւ Արցախի մեր սահմանագիծի վրայ: Քանզի այլապէս, Ադրբեջանի հետ այս պատերազմը եւս պիտի չհասնի իսկական ու վերջնական լուծումի, եւ ամէն մի քանի տարի, դարձեալ պիտի բռնկի, պարբերաբար՝ մեր հարիւրաւոր ջահելների կեանքերը խլելով, մնացեալներուս ալ հոգիները խորտակելով:
Ինչպէս որ Հայաստանի պարագային, Կրէմլի խաղաղապահները Արցախի սահմանն ալ թող պահեն: Հայերն ալ ներսը՝ իրենց կեանքերը կը կառուցեն, առանց ամէն վայրկեան մտածելու որ հեսա, ռումբերը կը սկսին տեղալ, եւ ամէն մարդ պէտք է որ վազէ դէպի ռազմաճակատ:
Այդ կերպով, լման երկիրը – Հայաստան եւ Արցախ – , գոնէ ժամանակ կ’ունենայ շունչ առնելու, վերականգնելու:
****
. Չէին յարձակեր, այս կերպով եւ այս տարողութեամբ չէին յարձակեր, եթէ անցած 28 ամիսների ընթացքին՝ զիրար բզկտելու ընթացքում չլինէինք, միաժամանակ՝ Ռուսաստանից հեռանալու չափազանցուած յաւակնութիւններ ցուցաբերելով:
. Նախկինները (ներառեալ ԼՏՊ-ն) այս էին կամ այն էին, իրողութիւնը այն է որ, 1994-ից 2020՝ այս տեսակի ու այս չափով պատերազմ տեղի չէր ունեցած, եւ Թուրքիան չէր համարձակած այս աստիճան ռազմական ոտնձգութիւններու ձեռնարկել այս տարածաշրջանում: (Ի դէպ, վերեւ որ գրուել է, թէ շատերը չէին հասկանում որ անհնար է՝ ազերի թուրքերի հետ հաշտութիւն եւ գոյակցութիւն, այդ տեսակ հայերից շատ աւելի մեծ թիւով հայեր, ի մասնաւորի Հայաստանի եւ նոյնիսկ Արցախի մէջ, չէն հասկացած որ այդպէս է ոչ միայն ազերի թուրքերի պարագային, այլ նաեւ Թուրքիոյ թուրքերին: Երկուսին ել «թուրք» էիք անուանում, սակայն առանց գիտակցելու թէ միեւնոյն բանի մասին էք խօսում: Սակայն ոչինչ, թուրքերի հետ հաշտութեան հաւատացող, նոյնիսկ «թրքահայեր» ալ կային: Ու դեռ կը լինեն: )
. Եթէ ռուս խաղաղապահներ տեղաւորուին, դրա յանցաւորը Ռուսաստանը չէ, այլ մենք: Որ չկարողացանք մենք մեզմով պահել մեր Արցախը: Եւ խօսքը վստահաբար մեր զինուորների մասին չէ, այլ՝ 1991-էն ի վեր մեր քաղաքական ղեկավարութիւններին: Բայց ոչ միայն: Քանզի 1994-էն ետք, ընդհանուր Հայութիւնը, բոլոր մակարդակների վրայ, սկսեց տեւաբար թուլանալ, անհոգ ու անգիտակից դառնալ, իր ազգային էութիւնը ժխտել եւ ուրանալ:
Չդիմացանք:
****
Նիկոլ Փաշինյանը պէտք չէ՛ որ հրաժարի, ոչ
Նիկոլ Փաշինյանի նման պաշտօնական գերագոյն ղեկավար, մենք երբեւիցէ չենք ունեցել, եւ մէյ մըն ալ չենք ունենալու. տառացիօրէն՝ համա՛յն Հայութիւնը համաձայն պիտի հանդիսանայ այս բանաձեւումին. մի հատ եւս կարդացէք զայն, ամէն մէկը լրիւ իր տեսանկիւնից՝ Փաշինյանի նման ղեկավար չենք ունեցե՜լ, ու չենք ունենալու… մէկը չկայ, որ լինելու է հակակարծիք…
ուրեմն իսկապէս ու լրջօրէն, Փաշինյանը ինք, դեռ անպայման թող մնա՝ Հայաստանի Վարչապետ… Ազգային Ժողովն ալ կը մնայ, ինչպէս որ է արդէն. այսինքն, լայնօրէն՝ նոյն, Պարոն Փաշինյանի ստեղծած իւրայատուկ իշխանութեան ձեռքը…
կենսական ու հրատապ է սակայն, որ կառավարութեան կազմը՝ փոխուի. այլեւս բաղկացած չլինի միայն ու բացառապէս իմքայլականներից. այլ դառնայ՝ «Ազգային Միութեան» Կառավարութիւն. Փաշինյանի հաւանութեամբ եւ իր նշանակումներով.
մնացեալը, յաջորդ ընտրութիւններին կ’որոշուի.
****
ջանացէք գերզգացական կերպով չկարդալ այստեղ ըսուածը. իսկապէս ամենահաւասարակռշուած մօտեցումն է, այս. որ անշուշտ ներազգային բանակցութիւնների կը կարօտի, դրա համար ել հարկաւոր է այդ մասին խօսիլ. պատերազմէն ե՞տք խօսինք… սակայն այս խօսքի հիմնական միտումը, մղումն ու պարզապէս յոյսը՝ պատերազմը կասեցնելն է, զինադադարն է…
վերեւի մայր յօդուածը հրատարակուած է՝ 05.10.2020 թուականէն ի վեր. մի հատ նայեցէք թէ, այդ թուականէն ետք, մեզանից քանի հոգի նահատակուեցան…
****
Փաշինյանի այսօրուայ ուղերձը մինչեւծայրական մօտեցում մը կ’արտայայտէ, ի գին ամէն ու որեւէ բանի, որ կը բացառէ՝ նաեւ մինչեւ ծայր հետեւանքների մասին մտածելու իսկ յատկութիւնը…
բայց… ախր… ասիկա ձեր յեղափոխութիւնը չէ… դիմացինները՝ Սերժ Սարգսյան չեն… կրակ եւ արիւն է թափւում… հեղեղի նման…

[ եւ ոչ թէ այդ բառին բժշկական առումով անձինքը
– «Though this be madness, yet there is method in‘t» (Hamlet/W.S.) – ]